Չորեքշաբթի, 13 Փետրուար 2008 - Ամեն. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կը Մեկնի Հռոմ

 

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ


Երկուշաբթի 18 Փետրուար 2008ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս  Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կը մեկնի Հռոմ, ընկերակցութեամբ բազմաթիւ քահանաներու եւ աշխարհականներու, որոնք պիտի մասնակցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Հրապարակի անունով բացման եւ օրհնութեան արարողութեան՝ Ն.Ս. Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի կողմէ, ի Վատիկան:

Հոգեւոր Տիրոջ գլխաւոր գործունէութիւնները Հռոմի մէջ պիտի ըլլան.
- «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հրապարակ»ին բացումը, որ պիտի կատարուի Փետրուար 22-ին առաւօտուն, մասնակցութեամբ Հ.Կ. Սիւնհոդոսի Հայրերու, Հայ եկեղեցական եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, քահանաներու, մայրապետներու, բազմաթիւ ուխտաւորներու եւ Հռոմի հայ համայնքի:
- Հոգեւոր Տէրը հանդիպումներ պիտի ունենայ Վատիկանեան Ժողովներու զանազան պատասխանատու Կարդինալներուն հետ:
- Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի նախագահէ Մնայուն Սիւնհոդոսի Ժողովին, ինչպէս նաեւ այլ Մատակարարական Յանձնախումբերու:
 
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր նստավայրը պիտի վերադառնայ Մարտ 3- ին:

Պէյրութ, 12 Փետրուար 2008

Դիւան
 Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ