Շաբաթ, 29 Նոյեմբեր 2014 - Բարեւ սիրելի ընթերցող

 

 

Պէյրութ

 

Բարեւ սիրելի ընթերցող:

 

Խմբագրականի սովոր չէ այս պաշտօնական կայքը, որ կը փորձէ հայելի մը դառնալ մեր բոլոր հասարակութիւններուն, ուր ալ գտնուին անոնք:

Վերջերս Պատրիարքարանի գրասենեակներուն ջանքերը բազմապատկուած են հետեւելու արհեստավարժ նորութիւններուն,

որպէսզի կարելի ըլլայ քայլ պահել ժամանակներու հետ:

Սահմաններն ու դժուարութիւնները շատ են սակայն բարի կամքը կայ, լաւն ու բարին գործելու,

որպէսզի այս կայքը միշտ աւելի հաստատ կապը ըլլայ մեր զանազան համայնքներու նաեւ անձերու միջեւ:

 

Կը մօտենայ նաեւ սուրբ Ծննդեան տօնը, եւ բաւական ձեռնարկներ կը կազմակերպուին ամէն տեղ:

Լաւ պիտի ըլլայ, որ մի քանի նկար ղրկէք այս կայքինմի քանի տողերով, խմբագրութեան հասցէին [email protected] :

Շատեր կը գրեն շնորհակալական եւ շնորհաւորական խօսքեր: Շնորհակալ ենք բոլոր անոնց մաղթանքներուն եւ աղօթքներուն:

Բայց ամէն բանէ աւելի մենք կ'ուզենք գիտնալ թէ հոն, այս պաստառին ետին, դուք սիրելի ընթերցողներ ինչպէ՞ս էք:

Ինչպէ՞ս կ'անցնէք ձեր օրերն ու տօները: Ի՞նչ նորութիւններ ունիք:

Այսպէս կարելի պիտի ըլլայ աւելի հաղորդակցիլ իրարու հետ:

Հաղորդակցութիւնն ալ պիտի զօրացնէ հաղորդութիւնը մեր մէջ:

Այսպէս, վերջերս Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ջանաց 8 լեզուներով հրատարակել այն ինչ որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին տօնակատարութիւններու հետ կապ ունի:

Վերջին նորութիւնը ստացանք Փարիզէն, ուր կը յայտարարուի մեծ ուխտագնացութիւն մը դէպի Լուրտ գալ տարուան մայիսին:

Ծիսական օրացոյցը կը հրատարակուի թուային տարբերակով, հիմնական կողքին վրայ տպաւորիչ ներկայութեամբ մեր եւ Աստուծոյ սիրելի նահատակին, Մարտինի վերջին եպիսկոպոսին՝ երանելի Իգնատիոսին:

Եգիպտոսի մէջ մամուլը կ'անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին շնորհիւ մեր Առաջնորդին ջանքերուն:

Հայաստանի Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի մեր թեմը կ'օժտուի նոր արդիական կայքով: Կիւմրիի մէջ «Նահատակաց եկեղեցի»ի մը երազը կ'իրականանայ:

facebook-ի նոր էջ մը կը բացուի մեր կողմէն facebook.com/100Genocide հասցէով:

 

Հայոց Նահատակութեան մասին խորհրդածելու տարի մը կը պատրաստուի: Մեր քրիստոնէական կեանքին մասին նստելու եւ մտածելու, եւ անկէ անդին այսօրուան աշխարհին դիմաց վկայելու տարի մը կը պատրաստենք բոլորս:

Խնդրանք մը ունինք կայքի գրասենեակէն մեկնած: Մեզի ձեր լուրերը ղրկեցէ՛ք: Ի՛նչ լեզուով ալ ըլլան անոնք:

Աղօթեցէ'ք մեր նահատակներուն համար եւ մեզի ղրկեցէ՛ք ձեր տպաւորութիւններ, աղօթքներն ու ապրումները: Մեզի ղրկեցէ՛ք գալիք տարուան ձեր ծրագիրները:

Նկարներով պատմեցէ՛ք:

Անհամբեր կը սպասենք:

 

Հ.Վ.


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ