Վատիկան
Կիրակի 24 հոկտեմբեր 2010, առաւօտեան ժամը 9,30-ին տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի համար յատուկ սինոդհոսի եզրափակիչ սուրբ Պատարագը, նախագահութեամբ Պենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին, սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ: Այս սուրբ Պատարագին մասնակցեցան բոլոր սիւնոդհոսական հայրերը:
Օրուան պատգամին մէջ քահանայապետը անդրադարձաւ այս երկու շաբթուան ընթացքին տարուած աշխատանքին, դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով իւրաքանչիւր աշխատակիցի, յատուկ կերպով ընդհանուր քարտուղարութեան: Որոշումներուն մասին անդրադառնալով ըսաւ. «Բոլորս պէտք է միասնաբար աշխատինք մեր հաւատացեալներուն կազմաւորումին համար, (...) եւ աւելի վկայենք Քրիստոսի խօսքերուն եւ նախ մենք ընդունինք ուրիշը որուն հետ կը բաժնենք մեր ամենօրեայ հացը, ինչպէս որ է: Ան ըսաւ դարձեալ թէ արեւելեան Եկեղեցիները առանձին չեն, այլ կը պատկանին ընդհանրական
կաթողիկէ Եկեղեցւոյ: Մենք մէկ ընտանիք ենք եզրափակեց ան:
Պատարագի ընթացքին ք. Լեւոնեան հայ վարժարանի ժառանգաւորները երգեցին երկու շարականներ, իսկ խորանի սպասաւորութիւնը կատարեցին Միշել սարկաւագ Ճէնճի եւ Անտոն սարկաւագ Թահհան: