Չորեքշաբթի, 19 Յունուար 2011 - Գասպարեան հոգեւոր տիրոջ յիշատակին հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագ Մոնրէալի մէջ
 

 Մոնրէալ

 

Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան վաստակաւոր կաթողիկոս-պատրիարքին վախճանումին համար, Մոնրէալի հայ կաթողիկէ Տիրամօր Նարեկայ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Գէորգ վրդ. Զապպարեան ցաւակցագիրներ յղած է ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ Զմմառու միաբանութեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ՝ գերյ. Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանին։

Այս առթիւ, կիրակի, 23 յունուար 2011, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Մոնրէալի հայ կաթողիկէ Տիրամայր Նարեկայ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագ ի յիշատակ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան վաստակաւոր կաթողիկոս-պատրիարքին։ Յիշենք, որ հանգուցեալ Գասպարեան հոգեւոր տէրը նուիրած էր Մոնրէալի Տիրամայր Նարեկայ եկեղեցին, որ կառուցուեցաւ 15 մայիս 1983-ին։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ