Պոլիս
Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, իր շքախումբով՝ որուն մաս կը կազմէին արհիապատիւ տէր Գէորգ արք. Խազզումեան, արհի. տէր Պետրոս արք. Միրիաթեան, արհի. տէր Օգոստինոս եպս. Գուսան եւ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան` որպէս գաւազանակիր, Պոլիս ժամանեց ուրբաթ 12 սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, եւ դիմաւորուեցաւ նորընտիր առաջնորդ հայր Լեւոն Զէքիեանին կողմէ` շրջապատուած տեղւոյն թեմի քահանաներէ, Պոլսոյ թեմի հայ կաթողիկէ ներկայացուցիչներէ՝ թաղական խորհուրդի անդամներէ եւ վարժարանի պատասխանատուներէ։ Օդակայանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ բարի գալուստի մտերմիկ հանդիպում մը որուն ընթացքին ներկաները մատչելով ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ` Անոր օրհնութիւնները հայցեցին, որմէ ետք շքախումբը մեկնեցաւ հիւրանոց։
Շաբաթ 13 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այցելեց Պոլսոյ թեմի վաստակաւոր առաջնորդ Յովհաննէս արք. Չոլաքեանին, «Սուրբ Յակոբ» հանգստարանին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին ամեն. Հոգեւոր Տէրը փոքր յիշատակ մը նուիրեց գերապայծառին։ Իսկ վերջինս, իր հեղինակած գիրքերէն օրինակներ նուիրեց ներկաներուն։ Մտերմիկ զրոյցին ընթացքին, գերապայծառը ցաւ յայտնեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ դժուարին կացութեան համար, յատուկէն անդրադառնալով առեւանգուած հ. Միքայէլ Քայյալի մասին։ Ապա միեւնոյն վայրին մէջ Հոգեւոր Տէրը այցելեց հայր Գասպար Պէյլերեանին։ Այնուհետեւ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, իր իջեւանած հիւրանոցին մէջ ընդունեց բարձրաստիճան եկեղեցականներ, որոնք ժամանած էին արքեպիսկոպոսական օծման արարողութեան մասնակցելու համար։ Յետմիջօրէի ժամը 4:30ին, հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հայր Լեւոն Զէքիեանի արքեպիսկոպոսական ձեռնադրութեան կարգըԹիւ 90/91 - Սեպտեմբեր Հոկտեմբեր 2014 5 ներկայութեամբ՝ Պոլսոյ եւ Պիելառուսիոյ պապական նուիրակներուն, հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ սրբազան հայրերու, եպիսկոպոսներու, յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ սրբազան հօր, մայրապետներու, դեսպաններու, թաղական խորհուրդի անդամներու, Իտալիայէն եւ Լիբանանէն ժամանած հիւրերու եւ հաւատացեալ հոծ բազմութեան։ Նախագահութեամբ ամենապատիւ եւ գերջ. տէր Ներսէս Պետրոս ժԹ.Կաթողիկոս Պատրիարքին, թափօրը` որ կազմուած էր առընթերակայ՝ արհիապատիւ տիարք՝ Պետրոս արք. Միրիաթեանէն եւ Օգոստինոս եպս. Գուսանէն, նորընտիր առաջնորդ հայր Լեւոն Զէքիեան վարդապետէն, խարտաւիլակութեամբ՝ հայր Յակոբոս ծ.վ. Չոփուրեանի, եկեղեցւոյ դպրաց դասէն, սարկաւագներէն եւ տեղւոյն կղերիկոսներէն, արարողապետութեամբ՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի, «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ ընթացք առաւ եկեղեցւոյ մուտքէն:
Հանդիսաւոր օծման՝ նորընտիր տիտղոսաւորը ծնրադիր յառաջացաւ երեք գետերու վրայէն հասնելու համար արծիւին՝ որուն վրայ կանգնելով ներկայացաւ` հայրապետէն ձեռնադրութիւն ստանալու համար: Աւետարանի ընթերցումէն ետք, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Ողջունելով նորընտիր առաջնորդը որ կը յաջորդէր 48 տարիներ անխոնջ ծառայութիւն մատուցած արհիապատիւ Յովհաննէս արք. Չոլաքեանին, հայրապետը ըսաւ .- «Յանուն հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան սրտագին մաղթանքներս կը յայտնեմ նորօծ Արքեպիսկոպոսին եւ կ՚աղօթեմ որ աստուածային օրհնութիւնները լիառատ զեղուն անոր վրայ, պարգեւելով իրեն աւետարանական իմաստութիւն, արիութիւն, համբերատար ու յարատեւող հոգի, որպէսզի Կ. Պոլսոյ այս պատուական ու պատմական թեմը, անոր հովուական առաջնորդութեամբ ճանչնայ դե՛ռ աւելի պայծառ ու բարգաւաճ օրեր»։ Ան անդրադառնալով աշխարհականներու ներդրումին եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ըսաւ.- «Աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած՝ որ իր շնորհքներն ու հովանին անպակաս ընէ ամէնուդ վրայէն, եւ ձեզ առաջնորդէ բարօրութեան, պայծառութեան եւ յարատեւ նուիրումի ճանապարհին մէջ՝ միշտ միացած մնալով ձեր նոր առաջնորդին»: Իր խօսքը ներկաներուն հասանելի դարձնելու համար, ան ֆրանսերէնով եւս փոխանցեց իր պատգամը։ Յաւարտ օծման արարողութեան, նորօծ արքեպիսկոպոսը խորանին վրայ ընդունեց առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Արամ արք. ԱթեշեանԹիւ 90/91 - Սեպտեմբեր/Հոկտեմբեր 2014 6 սրբազանին շնորհաւորութիւնները։ Վերջինս` իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց որ սոյն ձեռնադրութիւնը ուրախութիւն եւ պարծանք է նաե՛ւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ համար, որովհետեւ «ամէնքս ալ կը կրենք միեւնոյն մշակոյթը, պատմութիւնն ու արմատները»։ Ան՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Վեհափառին եւ Պոլսոյ Մեսրոպ Մութաֆեան Պատրիարքին անունով զոյգ Բանակիաներ անցուց անոր պարանոցէն։
Ապա նորօծ արքեպիսկոպոսը երեք լեզուներով՝ հայերէն, իտալերէն ու թրքերէն փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Ան յոյժ կարեւոր նկատեց այս արարողութիւնը պոլսահայ իրականութեան համար, ուր՝ մեր նախնիները ապրած ու ստեղծագործած են, ուր՝ հայ կաթողիկէ պատրիարքական աթոռը երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած է։ Ապա, ան բոլոր ներկաներուն խորին շնորհակալութիւններ յայտնելով եզրափակեց իր պատգամը։ Պատարագի աւարտին, մասնակիցները նորօծ արքեպիսկոպոսին իրենց շնորհաւորանքները փոխանցեցին եկեղեցւոյ դասին մէջ, ապա նաեւ պաշտօնական ընթրիքին, ուր յուշանուէրներու փոխանակում տեղի ունեցաւ եւ կարդացուեցան շնորհաւորական նամակները: Կիրակի 14 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, գերապայծառ Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեան հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի սուրբ Աստուածածին աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատոյց իր անդրանիկ սուրբ եւ անմահ պատարագը, որ զուգադիպեցաւ սուրբ Խաչի տօնին, նախագահութեամբ՝ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին։ Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Առաջնորդը փոխանցեց յաւուր պատշաճի իր պատգամը։ Ան վեր առաւ մեծ համագործակցութեան հոգին որ տիրած էր պատրաստողական աշխատանքներուն ընթացքին եւ որ պիտի դառնայ կարգախօս իր առաքելութեան։ Ան շեշտեց Պոլիս քաղաքի կարեւորութիւնը հայութեան պատմութեան մէջ, եւ խոստացաւ որ իր օրերուն պիտի վերադառնան հայութեան երբեմնի օրերը, «թէկուզ փոքրաթիւ գաղութ մը դարձած ենք սակայն որակն է կարեւորը» ըսաւ ան։ Հայութիւնը հոծ բազմութիւն մը կազմած է այս քաղաքին մէջ, ուր կառուցած է շատ եկեղեցիներ եւ որ երկար տարիներ դարձած է հայ կաթողիկէ պատրիարքին նստավայրը։ Եզրափակելով իր խօսքը, ան հայցեց ամենաբարի Աստուծոյ օրհնութիւններն ու սուրբ Աստուածածնի բարեխօսութիւնը որպէսզի պահպանէ հայ ազգին զաւակները։ Պատարագի աւարտին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը դարձեալ խօսք առնելովԹիւ 90/91 - Սեպտեմբեր/Հոկտեմբեր 2014 7 շնորհակալութիւն յայտնեց ամենաբարին Աստուծոյ որ Պոլսոյ հայ կաթողիկէ թեմին շնորհեց նոր առաջնորդ մը որ պիտի դառնայ գլուխը այս հօտին։ Ան շեշտեց նաեւ համագործակցութեան կենսական կարեւորութիւնը առաջնորդին ու անոր հաւատացեալներուն միջեւ` նոր Աւետարանումի լոյսին ներքոյ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ նաեւ օրուայ խորհուրդ՝ սուրբ Խաչի տօնին հրաւիրելով իւրաքանչիւր հաւատացեալ քաջաբար կրելու իր ամենօրեայ խաչը։ Ապա ան օրհնեց բոլոր ներկաները, որոնք մասնակցեցան կոկիկ հիւրասիրութեան առաջնորդարանի դահլիճէն ներս եւ որուն ընթացքին Հոգեւոր Տէրը մօտէն ծանօթացաւ ներկաներուն, անոնց հետ բաժնեց իրենց ցաւերն ու քաջալեր հանդիսացաւ անոնց յաջողութիւններուն, կոչ ուղղելով բոլորին հաւատարիմ մնալու իրենց ազգին ու եկեղեցւոյ։ Այնուհետեւ ան ուղղուեցաւ առաջնորդարանին մէջ հիմնուած նորակազմ թանգարանը: Երեկոյեան, Հոգեւոր Տէրը, արարողութեան մասնակիցները, պոլսահայ աւագանին համախմբուեցան ընթրիքին, որուն ընթացքին Հոգեւոր Տէրը ներշընչուած մթնոլորտէն ճառ մը արտասանեց ըսելով. «Մենք պատրաստ ենք որպէս հայ դառնալու օրինապահ եւ հաւատարիմ քաղաքացիներ` պահելով մեր ազգային ինքնութիւնը ուր որ ալ բնակինք, եւ աշխատելու տուեալ երկրի զարգացման ի խնդիր, բայց որպէս հայ` մենք ունինք նաեւ պարտականութիւնը պահելու մեր ժառանգը, զոր ստացած ենք մեր նախնիներէն»: Ան շեշտեց լեզուն պահպանելու կարեւորութիւնը, ըսելով.- «Լեզուն է որ կ՚ամրապնդէ մեր հաւատքը ու զայն կը զարգացնէ եւ կը ցոլացնէ մեր ժողովուրդի սրտին մէջ»: Ան ուսուցիչին դիմանկարը ներկայացուց հայր Լեւոն Զէքիեանով որ ուսումնասէր է եւ զարգացած ու բանիմաց մարդ: Հոգեւոր Տէրը յորդորեց ընտանիքներէն ներս մաքուր, անաղարտ պահել հայերէն լեզուն ու միասնաբար քայլ մը յառաջ երթալով իրենց վեհ մասնակցութիւնը ունենալ լեզուի փրկութեան գործընթացին: Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց պոլսահայութեան մէջ գտնուելուն համար եւ հրաւիրեց ներկաները մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի ըլլալով շարունակելու իրենց առաքելութիւնը: Պատրիարք հօր խօսքերը թրքերէնի թարգմանեց Լեւոն արք. Զէքիեանը: Տողերուս հեղինակը՝ հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան, ականատես եղայ հայրապետական այցին եւ փառայեղ ձեռնադրութեան արարողութեան, որ առիթ հանդիսացաւ ինծի մտաբերելու այս կուսակրօն քահանային՝ գերապատիւ Լեւոն Զէքիեանի կեանքի ուղին: Աստուծոյ եւ հայրենիքին նուիրեալ այս կղերականը, իր նուիրումով ու անձնազոհողութեամբ վառ ապացոյց է «անկարելին կարելի դարձնելու գաղափարին»:
Հ. Լեւոնը հոն է, ուր ճիգերու գերագոյն լարում ու անձնուրաց աշխատանքի պարտադրանք կայ: Դժուարութիւններ ու տրտնջանք անտեսելու իր բնաւորութեան շնորհիւ, ան նուաճեց հայութեան սիրտը: Ուստի մեզի կը մնայ միայն բարի երթ մաղթել արհի. Լեւոն արք. Զէքիեանին եւ աղօթել առ Աստուած, որ Ինք անձամբ տնօրինէ անոր օրհնեալ քայլերը: Երկուշաբթի 15 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն՝ սուրբ Խաչի մեռելոցին առթիւ, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր հայ կաթողիկէ գերեզմանատան մէջ, ուր կը ննջէ հայ մեծանուն բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը: Առաւօտեան ժամը 11-ին սուրբ եւ անմահ պատարագ մատոյց հալէպի առաջնորդ՝ արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան, նախագահութեամբ՝ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, ներկայութեամբ՝ նորօծ առաջնորդին ու կղերական դասին: Պատարագիչ եպիսկոպոսը իր քարոզը կառուցեց Աւետարանէն առնուած հետեւեալ խօսքերուն վրայ. «Մենք յարուցեալ Քրիստոսի զաւակներն ենք»: Ինչպէս նաեւ փոխանցեց Հալէպի հաւատացեալներուն ջերմագոյն ողջոյնները պոլսահայ գաղութին, խնդրելով անոնցմէ որ աղօթք բարձրացնեն առ Աստուած վասն խաղաղութեան սուրիահայութեան ընդհանրապէս եւ հալէպահայութեան մասնաւորաբար: Ապա, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգը` «յաղագս յամենայն ննջեցելոց հոգւոցն», որմէ ետք ներկաները թափօրով շրջեցան գերեզմանատան բաժանմունքները՝ կղերականներու, մտաւորականներու, նահատակաց եւ մահկանացուներու, օրհնելով անոնց շիրիմները: Հայրապետին խիստ յագեցած օրակարգը կ՚ընդգրկէր այլազան պաշտօնական այցելութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյնը՝ պատմական Հայոց Պատրիարքութիւնն էր: Արդարեւ, երեքշաբթի 16 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Հոգեւոր Տիրոջ շքախումբը մեծ շուքով դիմաւորուեցաւ Պատրիարքարանի կղերական դասին կողմէ ի դէմս սրբազան Սահակ Մաշալեանի: Անոնք թափօրով մուտք գործեցին պատրիարքարանի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ խորանը, ուր ամեն. Հոգեւոր Տէրն ու Մաշալեան սրբազանը միասնաբար աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած: Այնուհետեւ, բոլորը միասնաբար բարձրացան պատրիարքարանի պաշտօնական դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ սրտառուչ զրոյց եւ նուէրներու փոխանակում: Սահակ սրբազան բարի գալուստ մաղթեց ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ իր տան մէջ, որը համամիութենական շարժման վառ արտայայտութիւնն էր: Ան նկատել տուաւ թէ հայութիւնը իրԹիւ 90/91 - Սեպտեմբեր/Հոկտեմբեր 2014 9 զանազան յարանուանութիւններով ու կառոյցներով մէկ անբաժանելի ամբողջութիւն մըն է: Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Լեւոն արք. Զէքիեանի ներկայութիւնը պոլսահայ գաղութէն ներս ըսելով՝ «քանզի գաղութս կարիքն ունի Զէքիեանի նման մտաւորական եւ հոգեւոր եպիսկոպոսի ներկայութեանը` հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու նահանջի այս պահուն»: Ան ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջմէ թախանձագին խնդրեց, որ անյապաղ աղօթէ Ամեն. Մեսրոպ Մութաֆեան պատրիարքին առողջութեան եւ բարօրութեան համար: Իր կարգին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խօսք առնելով խորին շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր եւ կղերաց դասին այս ջերմ ընդունելութեան համար: Ինչպէս նաեւ ան անդրադարձաւ Պոլսոյ պատրիարքութեան ունեցած կարեւոր ներդրումին հայոց պատմութեան քարուղիներուն մէջ: Պատմական ակնարկ մը նետելով անցեալին, Հայրապետը յիշեց եկեղեցական ցաւալի բաժանումները` որոնք տեղի ունեցած են Պոլսոյ արուարձաններէն Քաղկեդոնի մէջ, մինչ այսօր լայնախոհ միտքեր կը փորձեն շրջանցել այդ մէկը եւ զարկ տալ համամիութենական շարժման: Իսկ նորօծ եպիսկոպոսն իր հերթին շնորհակալական խօսքեր փոխանցեց բոլոր անոնց որոնք նեցուկ կանգնեցան իրեն հասնելու սոյն աստիճանին, եւ աւելցուց, որ համընդհանուր ճիգերով պէտք է դիմակայել ներկայի մարտահրաւէրներուն որոնք ցցուած են ազգիս դիմաց: Հայրապետական այցը վերջ գտաւ պատմական խմբանկարով մը: Յետմիջօրէին, ժամը 2-ին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, իր շքախումբով հիւրընկալուեցաւ Իսթանպուլի Կուսակալ՝ Հիւսէյն Աւնի Մութլուի մօտ: Բարի գալուստի մաղթանքէն ետք, կուսակալը յաջողութիւն մաղթեց նորօծ եպիսկոպոսին իր առաքելավայրին մէջ:
Ապա, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անորԹիւ 90/91 - Սեպտեմբեր/Հոկտեմբեր 2014 10 փոխանցեց Պոլիս այցին նպատակը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր որ նորօծ եպիսկոպոսին ընձեռեց զանազան դիւրութիւններ: Հոգեւոր էրը շեշտեց թէ հայ կաթողիկէ հօտը պիտի շարունակէ ըլլալ օրինապահ քաղաքացի Իսկ կուսակալը մաղթեց որ միջին արեւելքի հայ համայնքը նուազագոյն վնասով դուրս գայ տիրող իրավիճակէն եւ նոր ապագայի տեսլականով եզրափակեց իր խօսքը: Աւարտին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մաղթեց որ նոր առաջնորդին եւ իշխանութեան միջեւ յարաբերութիւնները հեզասահ ընթանան: Իսկ կ.ե. ժամը 4-ին, Հոգեւոր Տիրոջ շքախումբը այցելեց Ասորի կաթողիկէ համայնքի պատրիարքական փոխանորդ՝ Գերյ. Եուսոֆ Սաղին: Չորեքշաբթի 17 Յուլիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 11:30-ին, Հոգեւոր Տէրը իր շքախումբով ժամանեց Յունաց Պատրիարքարան: Եկեղեցւոյ մէջ մոմավարութիւնը կատարելէ ետք, Հոգեւոր Տէրը, եպիսկոպոսներուն, գաւազանակիրին ու թաղական խորհուրդի ներկայացուցիչին հետ միասին տեսակցեցաւ Յունաց տիեզերական Պատրիարք Բարթողիմէոսին հետ: Քննարկուեցան միջին արեւելքը յուզող հարցեր, մասնաւորաբար քրիստոնեաներուն իրավիճակին շուրջ մտահոգութիւններ կիսուեցան միմիանց հետ եւ փորձեցին ուղիներ որոնել կացութենէն դուրս գալու համար: Զրոյցի ընթացքին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում: Յետմիջօրէի ժամը 2-ին, պատրիարքական շքախումբը այցելեց Պոլսոյ քաղաքապետարանը, ուր դիմաւորուեցաւ քաղաքապետ՝ Քատիր Թոբպաշի ու անոր անձնակազմին կողմէ: Հոգեւոր Տէրը նախ ներկայացուց իր այցին դրդապատճառը ապա բարձր գնահատեց Պոլիս քաղաքին մէջ հաստատուած ընդհանուր կարգ ու կանոնը, իսկ քաղաքապետն իր հերթին ամենայն մանրամասնութեամբ ներկայացուց ՊոլիսԹիւ 90/91 - Սեպտեմբեր/Հոկտեմբեր 2014 11 քաղաքին ընդհանուր կազմուածքը: Տեղի ունեցաւ նաեւ կոկիկ հիւրասիրութիւն ու ապա նուէրներու փոխանակում: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հայրապետական այցի վերջին հան- գրուանը, կ.ե. ժամը 3:30-ին կ՚ընդգըրկէր այցելութիւն Իսթանպուլի Իսլամ համայնքի Մուֆթի՝ Տք. Ռահմի Եարանի, որուն հետ կրօններու երկխօսութեան շուրջ զրոյց ընթացաւ: Անոնք նողկանքով արտայայտուեցան այն ահաբեկչական խմբակներուն հասցէին որոնք կրօնի քօղին տակ թաքնուած սահմռկեցուցիչ մարդասպանութիւններ կը կատարեն: Նուէրներու փոխանակումէն ետք, անոնք կրօններու համակեցութեան կոչ ուղղեցին, եւ պատերազմի աւարտ եւ բարօրութիւն մաղթելով հրաժեշտ տուին միմիանց: Երեկոյեան, օդանաւակայանի դահլիճին մէջ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր վերջին հայրապետական օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցելով նորօծ եպիսկոպոսին, թաղական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն եւ համայն պոլսահայութեան, Պոլսոյ օդակայանէն, իր գաւազանակիրին՝ հայր Մաշտոց Զահթէրեանի հետ, մեկնեցաւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը` մասնակցելու ու իր պատգամը փոխանցելու Հարենիք-Սփիւռք 5-րդ Համաժողովին:
Ամենապատիւ եւ Գերջ. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ուրբաթ 19 սեպտեմբեր 2014-ին առաւօտեան ժամը 11:00-ին Երեւանի ազգային օփերայի եւ պալեթի հանդիսասրահին մէջ ընթացք առած համաժողովի բացումին հանդէս եկաւ իր հայրապետական պատգամով: Երեկոյեան, ամենապատաիւ Հոգեւոր Տէրը իր գաւազանակիրին ընկերակցութեամբ վերադարձաւ իր նստավայրը՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան:
Հայր ՄԱՇՏՈՑ վրդ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ