Վատիկան
14 մարտ 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Պապին ընտրութենէն մէկ տարի ետք, Վատիկանի հրատարակչատունը հրատարակեց երկու նոր հատորներ։ Առաջինը, որ կը կրէ ՝ «Յիսուս մեզ կը սպասէ» խորագիրը, կը պարունակէ Քահանայապետին գլխաւոր պատգամները, 8 մարտ 2013-էն սկսեալ, Անառատ Յղութեան տօնին առիթով արտասանած քարոզը, մինչեւ կիրակի 4 մարտ 2014, կիրակնօրեայ աւանդական Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան խորհրդածութիւնը։ Իսկ երկրորդը ունի որպէս խորագիր «Քահանայապետին թուիթերեան պատգամները» եւ կը ներփակէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հրապարակած 128 թուիթները, 12 սեպտեմբեր 2013-ին հրապարակուած թուիթէն` «Հետեւիլ Յիսուսին կը նշանակէ բաժնեկցիլ Անոր ողորմած սէրը հանդէպ ամէն արարածի», մինչեւ՝ 4 մարտ 2014-ի թուիթը` «Կեանքի ընթացքին ամէնքս սխալներ կը գործենք, սորվինք ճանչնալ մեր սխալները եւ ներողութիւն խնդրել»։ Նշենք, թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին զանազան լեզուներով հրատարակուած թուիթներու հետեւորդներու թիւը գերացանցած է 12 միլիոնը։
http://hy.radiovaticana.va/news