Հինգշաբթի, 31 Յունուար 2008 - Վարդանանց Տօնակատարութիւն «Յովհաննէս Պօղոսեան» Թատերասրահին Մէջ

 

Պէյրութ, Լիբանան

Click to enlarge 
Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան միութիւններուն, Չորեքշաբթի՝ 30 Յունուար 2008ի երեկոյեան ժամը 8:30ին, Հայ Կաթողիկէ միութեան «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց հանդիսաւոր տօնահանդէս:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ, ապա բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ցոլեր Քէշիշեան: Ան յայտնեց, որ ներկայիս ամբողջ աշխարհը, ինչպէս նաեւ հայ ազգը, կ’ապրին բարոյական սոսկալի վայրէջքի մը մէջ: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք մնացա՞ծ է հաւատք, արդեօք յաջորդ սերունդները ի՞նչ վիճակի մէջ պիտի ըլլան, հակառակ անոր որ Վարդան Մամիկոնեան մեռաւ վասն կրօնի եւ հայրենիքի: Ան նաեւ հարց տուաւ, թէ ի՛նչպէս ապրինք «վասն կրօնի», երբ մենք կ’ապրինք նեխած մթնոլորտի մը մէջ եւ մեր եկեղեցիները դատարկուած են մանաւանդ մեր երիտասարդութենէն, պատանիներէն եւ փոքրերէն: Ան մաղթեց, որ այս ձեռնարկը ծառայէ լեցուելու Վարդանի հոգիով:
Այնուհետեւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան «Բլբուլ» պատանեկան երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, մեկնաբանեց «Իմ հայրենեաց հոգի Վարդան», «Մենք քաջ Վարդանի տոհմէն ենք» եւ «Վարդանանց ասպետներ» երգերը, ապա Թամար Ասատուրեան ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Մէկ ենք մենք» քերթուածը:
Վարդանանց պատգամը փոխանցեց օրուան բանախօս, Հայ Կաթողիկէ «Գէորգ Հարպոյեան» վարժարանի տնօրէն Ռիթա Ժամկոչեան - Պոյաճեան: Ան նկատել տուաւ, որ 1557 տարի ետք տակաւին կ’ոգեկոչենք յիշատակը Վարդանանց, որոնք նահատակուեցան «վասն կրօնի եւ վասն հայրենեաց»: Ան հարց տուաւ, թէ ինչո՛ւ կը յիշատակենք ճակատամարտ մը, զոր կորսնցուցած ենք պատերազմական առումով՝ շեշտելով, որ հայ ժողովուրդը պիտի չմոռնայ Վարդանանց ճակատամարտը, «որովհետեւ անիկա կը ներկայացնէ ամէնէն վառ եւ ամէնէն ցայտուն արտայայտութիւնը լինելութեան համար անդադրում իր պայքարին»:
Ռ. Պոյաճեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց 451 թուականի ժամանակաշրջանը, ինչպէս նաեւ Վարդանանց պատերազմին պատճառները, աւելցնելով, որ Աւարայրի ճակատամարտով հայ ժողովուրդը փրկեց իր ինքնութիւնը յաւիտենական կորուստէն:
Բանախօսը նաեւ նկատել տուաւ, որ այսօր եւս մեր ազգային գոյութիւնը եւ ինքնութիւնը վտանգուած են ձուլումի, ուծացումի եւ այլասերումի հոսանքներէն: Ան մեր առօրեան նմանցուց Աւարայրի ճակատամարտին. ամէն քայլափոխի կու տանք կորուստներ եւ զոհեր, բայց միշտ կը գոյատեւենք նոր վարդաններուն հոգիով եւ կամքով: Ռ. Պոյաճեան ցաւով յայտնեց, որ մեր օրերու ճակատամարտներուն կորուստներն են ծագումով հայ մեր քոյրերն ու եղբայրները, որոնք անտարբեր են ազգային արժէքներուն նկատմամբ եւ ակնարկելով անոնց աւելցուց. «Իրենց համար Հայ Դատը եւ հայապահպանումը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն եւ անոնք ազգային հարցեր հետապնդելը կը նկատեն ժամանակի կորուստ»:
Իբրեւ կորուստ բանախօսը նաեւ նշեց լեզուական եւ մշակութային մակարդակի վրայ հայերէնը անտեսողները, ինչպէս նաեւ օտար ամուսնութիւն կնքողները: Ան հաստատեց, որ հոգեւոր արժէքներու մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն ազգը, հայրենիքը, լեզուն, մշակոյթը եւ ընտանիքը: Ռ. Պոյաճեան կոչ ուղղեց կառչելու մեր եկեղեցիին այն վճռականութեամբ, որով կառչեցան Վարդանանք, ինչպէս նաեւ չհեռանալու մեր հաւատքէն:
«Վարդանանք պիտի ապրին այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդի զաւակները կ’որոշեն ապրիլ անոնց գաղափարականին հաւատարիմ», եզրափակեց Ռիթա Պոյաճեան:
Այնուհետեւ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին խմբային արտասանութիւն մը, համադրութիւն՝ Վահան Թէքէեանի, Եղիշէի եւ Ժագ Ս. Յակոբեանի ստեղծագործութեան հիման վրայ, որուն յաջորդեց «Յաղթութեան պարը»՝ կատարողութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի պարախումբին: Գեղարուեստական յայտագիրին վերջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան «Արծիւեան» երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ դարձեալ Մանուէլ Քէշիշեանի. երգչախումբը մեկնաբանեց «Ոհ դու բարեկամ», «Ահա ծագեց կարմիր արեւ», «Ով հայոց աշխարհ» եւ «Հիմի՞ էլ լռենք» երգերը:
Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց հայր Վարդան եպս. Աշգարեան: Ան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը հարիւրաւոր պատերազմներ մղած, յաղթած եւ պարտուած է՝ հարց տալով, թէ ինչո՛ւ Աւարայրի ճակատամարտը կը յիշատակուի մինչեւ օրս եւ բացատրեց, որ այդ պատերազմին նպատակը կրօնը եւ հայրենիքն էր: Ան շեշտեց, որ մեզ պահողները հաւատքը, կրօնը եւ լեզուն են: «Որքան մենք կառչած կը մնանք լուսաւորիչի հաւատքին, կառչած կը մնանք Մեսրոպի լեզուին... դարեր ամբողջ անմահ կը մնանք», եզրափակեց հայր Վարդան եպս. Աշքարեան:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ