Չորեքշաբթի, 25 Ապրիլ 2012 - Ապրիլեան Նահատակաց հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագ


Պէյրութ

Հովանաւորութեամբ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին եւ մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, միութիւններուն եւ վարժարաններուն, երեքշաբթի 24 ապրիլ 2012-ին՝ կէսօրէ ետք ժամը 5-ին, Աշրաֆիէի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի (Ճամհուր, Աշրաֆիէ) բակին մէջ Ապրիլեան նահատակներու 97-րդ յիշատակին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագ, նախագահութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, առընթերակայութեամբ հայր Րաֆայէլ վրդ. Շէֆիքեանի եւ տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի, իսկ արարողապետ՝ հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան: Այս հոգեհանգստեան արարողութեան իրենց մասնակցութիւը բերին նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանը, Պէյրութի պատրիարքական թեմի կղերը, լիբանանահայ պետական երեսփոխաններ, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ հաւատացեալներ: 

Օրուան պատգամը փոխանցեց Պուրճ Համմուտի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ փոխ-ժողովրդապետ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան:

«Եղաւ երեկոյ մը, եղաւ առաւօտ մը եւ եղաւ 97րդ տարելից մը:

97 տարիներ առաջ, հայ ազգին մօտ եղաւ երեկոյ մը,
երեկոյ մը՝ որուն ընթացքին երիտասարդ թուրքերու “Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն” կուսակցութիւնը եւ թրքական կառավարութեան գազանաբարոյ  ղեկավարները  անհրաժեշտ գտան բնաջնջել երկրի վրայ գտնուող բոլոր հայերը, համա՛յն հայութիւնը, ինչպէս նաեւ արմատախլել Հայաստան հասկացողութիւնը: Պատերազմ էր, օգտագործեցին առիթը: Գործի լծուեցան։ Մարդկային ամէն զգացումէ զուրկ՝ գազաններու նման կոտորեցին, խոցեցին, տանջեցին, փշրեցին, քանդեցին, մորթեցին, սուրբ նշխարները շուներու բերանը դրին, եւ ուզեցին մէկ հայ ձգել, եւ այդ ալ թանգարանը պահելու համար:
1915-ին էր այդ երեկոն:
Հին Կտակարանին մէջ, Աստուած երբ ստեղծեց աշխարհը, ընտրեց Հայաստանը որպէս Երկրաւոր Արքայութիւն մը, որպէսզի հոն մարդ արարածը վայելէր աստուածային ներկայութիւնը: Ահաւասիկ ճշմարտութիւն մը, որուն չկրցան հանդուրժել դժոխային գաղափառախօսութիւնները:  Եւ կարծէք թէ անգամ մը եւս պիտի իրականանար մարգարէին խօսքը. “Նախանձ տան քո կերիցէ զիս”: Եւ կարծէք թէ Աստուած ստեղծագործութեան նոր ծրագիր մը վերապահած էր հայ ազգին համար, որովհետեւ այդ մթամած երեկոյին անպայման պիտի յաջորդէր լուսաբաց առաւօտ մը:
Ոճիրը իրագործուեցաւ հետեւելով տաբրեր հանգրուաններու: Օսմանեան կառավարութիւնը նախ զինուորագրեց դիմադրելու կարող բոլոր հայ տարրերը. կարճ պայմանաժամէ ետք, տեղահանեց անզէն բնակչութիւնը` խնայելով միայն անոնց որոնք կ՛իսլամանային, եւ որոնք սակայն յետագային պիտի բնաջնջուէին. ոստիկանները ընկերացան տեղահան ժողովուրդին մինչեւ որոշ տեղ մը եւ ապա յանձնեցին զանոնք “Մասնաւոր կազմակերպութեան”. եւ ի վերջոյ ջարդեցին զանոնք ճամբաներուն վրայ կամ քշեցին դէպի անապատները:
Այս խաչի ճանապարհը, այս տանջանքն ու անմարդկային նախճիրը, այսօր`  2012 թուականին, մեզի առիթը կ՛ընծայէ խղճի արդար քննութիւն մը կատարելու, ի յայտ բերելով վերլուծական երեք տարբեր խորագիրներ:
ա- Հայ դատը պաշտպանել կը նշանակէ աւետարանել
բ- Հայ դատը պաշտպանել կը նշանակէ ամրապնդել Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնը
գ- Հայ դատը պաշտպանել կը նշանակէ ուղղուիլ դէպի նահատակ ժողովուրդի մը երազած գարունը:

Ա- Հայ դատը պաշտպանել կը նշանակէ աւետարանել
97 տարիներ անցան այս ոճիրէն, եւ այս ոճիրը այսօր կը կրէ պահանջատիրական արդար դրոշմ մը, որ իր կարգին դարձաւ նոր աւետարանացման ձայնը. ձայնը՝ որ կը հնչէ համայն աշխարհէն համայն աշխարհին համար: Մենք մեր դատը պաշտպանելով մարդկութեան սորվեցուցած կ՛ըլլանք արդարութիւնը, հաւատարմութիւնը, միասնականութիւնը, եւ սէրը ազգին, հայրենիքին ու կրօնքին հանդէպ: 
Հայոց ցեղասպանութեան դատը հետապնդելը մեզի համար պէտք է դառնայ աւետարանացում մը: Պահանջատիրութիւնը հիմնուած է աւետարանի հոգիին վրայ. օրինակ պէտք է դառնանք համայն մարդկութեան թէ ինչպէս արդարութիւնը կը յաղթէ աշխարհին: Մենք արդար իրաւունք ունինք պահանջելիք, որուն դժոխքի դռներն անգամ չեն կրնար յաղթահարել:
Անոնք նահատակուեցան որովհետեւ իրենց մեղքը մէկ էր, խօսիլ ու աղօթել տարբեր լեզուով , որ հայերէն լեզուն էր:
Եթէ իսկապէս կ՛ուզենք յարգել յիշատակը մեր նահատակներուն, մեզմէ պահանջուած է ըլլալ հաւատարիմ անոնց կտակին, այդ վսեմ  ուխտին, որ կը հրաւիրէ մեզմէ իւրաքանչիւրը ըլլալու հաւատարիմ Աստուծոյ, հաւատարիմ՝ Ազգին ու Հայրենիքին, հաւատարիմ՝ լեզուին ու մշակոյթին, հաւատարիմ՝ միասնականութեան, զոր ապրեցան անոնք իրենց կեանքին վերջին  վայրկեաններուն իսկ: Մեր ուժը մեր հաւատարմութեան ու միասնականութեան մէջն է:
Չի՛ բաւեր ներկան քօղարկել մեր հայրերուն անցեալի փառքերով: Այսօրուան պատմութիւնը ո՞վ պիտի կերտէ: □Այսօր□ը մենք պիտի արձանագրենք, փառքի ու յաղթանակի էջերու մէջ:
Միթէ հայ ազգը նման չէ աւետարանի այրի կնոջ պատկերին, ուր խնդրոյ առարկան ստէպ կու գար եւ կ՛ըսէր դատաւորին. “Դատս տես հակառակորդիս հետ”:  Ճիշդ է որ այրի ազգ մը չենք, սակայն մենք ալ դատ մը ունինք մեր հակառակորդին հետ, եւ որովհետեւ կը հաւատանք Աստուծոյ մը,  որուն անունին համար մեր հայրերը այնքան շռայլօրէն յանձն առին գերագոյն զոհողութիւնը, եղան վկաները իրենց համոզումին եւ հաւատքին, հաւատացէ՛ք, ո՛վ հայ ժողովուրդ, Աստուած ալ պիտի մնայ մեզի հետ եւ պիտի բերէ մեզի Արդարութիւնը: Ով Տէր, ե՞րբ մեր դատը պիտի տեսնես: Մենք ալ իմաստուն կոյսերուն նման մեր լապտերները շալկած կ՛ուզենք մասնակցիլ քու սարքած խնճոյքիդ:
Երանի թէ թուրքը այլեւս հասկնայ ու համոզուի թէ այդ օսմանական անասնային գաղափառախօսութիւնը պէտք է վերջ գտնէ, եւ թէ հայը շատ աւելի նախանձախնդիր է  իր ազգային ու եկեղեցական շահերուն, քան ոեւէ մէկ փրոթոքոլային ստորագրութեան, որ կը փորձէ արմատախիլ ընել արիւնոտ էջեր ծածկող պատմութիւն մը: 
Այսօր, Միջին Արեւելքը կը կարծէ թէ թուրքը կրնայ միջնորդ մը ըլլալ իր հարցերը լուծելու համար: Ի՞նչպէս ցեղասպան մը կրնայ միջնորդ ըլլալ, խաղաղարար մը ըլլալ: Հարկ է դէմ կենալ օսմանեան մտայնութեան, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ իր գործունէութիւնը տարբեր ծածկանուններ օգտագործելով: Երբ Քրիստոսի աշակերտներուն խուլ ու համր դիւահար մը բերին, որպէսզի անոր մէջէն դեւը արտաքսեն, անոնք չկարողացան, եւ երբ Քրիստոսի դիմեցին, ան արտաքսելէ ետք դեւը, դառնալով աշակերտներուն ըսաւ. “Այսպիսի դեւեր միայն աղօթքով կ՛ելլեն”: Այո՛, թուրքը այդ համր ու խուլ դեւն է, որ ո՛չ գիտէ խօսիլ եւ ոչ ալ գիտէ լսել: Գիտէ պարզապէս ջարդել: Թուրքը` այդ անասնային ոճիրը գործողը, մի միայն աղօթքով կը պարտուի, մի միայն աղօթքով ծունկի կու գայ: Մեր զէնքը՝ մեր աղօթքն է, մեր աղօթքը մեր պահանջատիրութիւնն է, եւ մեր պահանջատիրութիւնը մեր հաւատարմութիւնն է: Ահաւասիկ թէ ինչու կ՛ըսեմ հայ դատը պաշտպանել կը նշանակէ աւետարանել: Մենք մեր դատով կը քարոզենք, մեր դատով կը գոյատեւենք եւ մեր դատով քրիստոսական  սկզբունքները  կը մարմնաւորենք աշխարհի մէջ։

Բ- Հայ դատը պաշտպանել կը նշանակէ ամրապնդել Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնը
Այսօր աւելի քան երբեք շեշտը դրուած է Հայաստան-Սփիւռք համագործագցութեան վրայ: Հայաստանը եւ սփիւռքը երկու թոքերն են որոնցմով հայ մարդը կը շնչէ:
Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութիւնը կը սնանին պատմամշակութային ընդհանուր արմատներէն եւ հզօր են մէկը միւսով: Հայաստանի առջեւ ներկայացած մարտահրաւէրները նաե՛ւ սփիւռքինն են, իսկ սփիւռքի հիմնախանդիրները` Հայաստանինն են: Հայ ժողովուրդի հզօրութիւնը բոլոր հայերուն հաւաքական, միասնական ուժն է, որ պէտք է աւելիով ամրապնդուի: Սփիւռքի մշակութային, կրթական, լեզուական, կրօնական, քաղաքական, գաղափառական բազմազանութիւնը հայութեան ուժն է, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետութեան համար` կարեւոր աղբիւր: Հետեւաբար, Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը հիմնուած է փոխադարձ օգնութեան, փոխըմբռնման, գործունէութեան թափանցիկութեան, համագործակցութեան եւ մարդասիրական սկզբունքներուն վրայ: Հայաստանը եղած է ու կը մնայ համայն հայութեան Հայրենիքը:
Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացումը ուղղուած է հայ մարդուն, սփիւռքի հասարակութիւններուն եւ հայկական պետականութեան հզօրացման. այս գործակցութիւնը պէտք է նպաստէ հայկական արժէքներուն բարձրացման միշտ եւ ամէնուրէք: Հայաստանի շուրջ համախմբուելով է որ հայութեան առջեւ ներկայացուած հիմնական խնդիրները, նպատակներն ու առաջնահերթութիւնները կը հասնին իրենց լրումին: Հայաստան, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւն ու Սփիւռք կը կազմեն այդ երրորդութիւնը որ միասնաբար կարող է հզօրացնել ազգային պետութիւնը, պայքարիլ 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն դէմ, փրկել Սփիւռքը ձուլումէն եւ արդարօրէն լուծել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հարցը: Սփիւռքը է եւ կը մնայ այդ կամուրջը Հայաստանի, միջազգային հանրութեան եւ տարբեր պետութիւններու միջեւ:
Այս համագործակցութիւնը պէտք է ամրօրէն նպաստէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման գործընթացին: Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մեծապէս նպաստած են սփիւռքեան կազմակերպութիւնները եւ կառոյցները: Հայաստանի եւ սփիւռքի կատարած առանձին ջանքերը պէտք է համադրուին եւ համատեղուին, հասնելու համար միեւնոյն նպատակին:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը հայուն ապահով գոյատեւման իրաւունքը կը հաստատէ: Մեր դատը մեր գոյատեւման հիմքն է:Մենք չենք գիտէր մեռնիլ. մենք մեր նահատակներէն կեանք կ՛առնենք զայն փոխանցելու համար համայն մարդկութեան:
Հայը մահուան յաղթեց նահատակութեամբ: Նոյնիսկ գերեզման մը չգտնուեցաւ ուր կարելի ըլլար ամփոփել մեր սրբազան նահատակներուն աճիւնները, որովհետեւ անոնցմէ շողացող լոյսը չէր կրնար բանտարկուիլ մթամած հողափոսերու մէջ: Անոնք փորձեցին մեզ թաղել, բայց չէին գիտէր թէ հայը չի թաղուիր, որովհետեւ հայը կը հաւատայ թէ չկայ մահ առանց յարութեան:
Այն անարդարութիւնը որ կատարուեցաւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ չափ ու սահման չունի, եւ ասոր համար Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնն ու միասնականութիւնն ալ չափ ու սահման պէտք չէ՛ ունենան:

Գ- Հայ դատը պաշտպանել կը նշանակէ ուղղուիլ դէպի նահատակ ժողովուրդի մը երազած գարունը:
Այսօր ամենուրեք կը տեսնենք գարնանային յեղափոխութիւններ, այդ հեռանկարով որ ազատագրման րոպէն մօտեցած է: Թէեւ գարնանային նշոյլները քիչ են, բայց եւ այնպէս պէտք է յուսալ: Իսկ նահատակ ժողովուրդի մը երազած գարունը ե՞րբ պիտի հասնի: 
Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք չէ դառնայ շահագործուող փաստափուղթ մը տարբեր երկիրներու կողմէ ընդդէմ թրքական պետութեան: Մեր ապագան պէտք չէ թաղուի մեծ պետութիւններուն եսակեդրոն հաշիւներուն ետեւը: Բաւ է այլեւս խաբուինք սեղաններու տակ կատարուած ստորագրութիւններէն: Մենք պահանջատէր ժողովուրդ ենք: Բաւ է այլեւս շողոքորթներն մեզի հայրենասիրութիւն քարոզեն:
Երեք տարիներ մեզ կը բաժնեն 100-րդ տարելիցէն Հայոց Ցեղասպանութեան: Թող անոնք ըլլան երեք աւագ տարիներ, որ մեզ պիտի հասցնեն յարութեան: Բաւ է այլեւս երեկոներ տեսնենք մեր պատմութեան մէջ: Մենք լոյսի որդիներ ենք, առաւօտներ լուսաւորող ժողովուրդ մը: Այսօր` հեռուէն կը նշմարենք ճառագայթներ, իսկ վաղը` արեւածագին, խրոխտ քայլերով, պիտի ուղղուինք դէպի Հայրենիք, որպէսզի հոն փառափանենք զԱստուած ու համբուրենք մեր սուրբ հողը: Թող երանելի Իգնատիոս Մալոյեանն ու միաբան բոլոր նահատակները ըլլան բարեխօսներն այս արեւածագին, ըլլան այդ ցորենի հատիկները, որոնք հողին մէջ իյնալով, դարձան հաճելի զոհ մը Աստուծոյ առջեւ:
Հայ ժողովուրդի եղեռնը կը շարունակուի, որովհետեւ հետզհետէ ի յայտ կու գայ ցեղասպանութիւն մը՝  տարբեր գունաւորումներով: Արտագաղթը Հայաստանէն դուրս, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, ջաւախքահայութեան տառապանքը, Սփիւռքի ձուլումը, մշակութային ու լեզուական մարտահրաւէրները, եւ վերջապէս՝ անտարբերութիւնը հանդէպ Լուսաւորչեան Հաւատքին: Հայ դատը հետապնդելը դրական տուեալ մըն է, խոստումնալից ապագայի համար:
Այսօր, այդ գարնանային ճանապարհը հարթելու համար հարկ է՝
1- Յստակացնել ժամանակաշրջանը որուն ընթացքին կատարուեցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը, սկսեալ 1893էն մինչեւ 1923:
2- Յայտարարել թէ հայերը բնաջնջումի ենթարկուեցան իրենց հայրենիքին մէջ, եւ յատկապէս արեւմտահայաստանի մէջ:
3- Յստակօրէն նշել թէ Օսմանեան պետութիւնը գործած է ցեղասպանութիւն մը, որ կը հայի ոչ թէ միայն հայ ազգին, այլ` համայն մարդկութեան. ինչպէս նաեւ ուղիղ ձեւով դատապարտել Թուրք պետութիւնը, որ իր ուրացումով եւ հակա-հայ քաղաքականութեամբ կը գործէ տարբեր տեսակի ոճիր մը:
4- Թուրք պետութիւնը մղել ընդունելու իր պատասխանատուութիւնը հանդէպ հայկական պետութեան, որպէսզի ըստ այնմ սկիզբ առնէ հատուցման ընթացքը։
5- Անխուսափելի կապերը գտնել Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն եւ Հայաստանի աշխարհա-քաղաքական այսօրուան իրավիճակին միջեւ: Այսինքն ընդունիլ թէ ցեղասպանութեան ուրացումը որոշ անապահովութիւն մը կու տայ Հայաստանի Հանրապետութեան: Արդեօք լուծումները ո՞րքանով պիտի նպաստեն Հայաստանի անվտանգութեան մտահոգութիւններու փարատումին:
Խօսքս կը փակեմ սրտագին ողջոյն մը ուղղելով համայն հայութեան, մաղթելով որ մօտ ապագային, Հայոց ցեղասպանութիւնը իր արդար վճիռը ստանայ եւ բոլորս համախմբուինք մէ՛կ հողի վրայ, մէ՛կ դրօշի տակ:
Ողջոյն Հայաստանի Հանրապետութեան,
Ողջոյն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան,
Ողջոյն Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածնին,
Ողջոյն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան,
Ողջոյն տառապաքին ջաւախքահայութեան,
Ողջոյն համայն Սփիւռքահայութեան»:

Պատարագէն ետք ներկաները, ընկերակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին, ուղղուեցան դէպի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի բակը եւ հաւաքուեցան Մեծ Եղեռնի նահատակներու յուշակոթողին շուրջ, ուր ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօնը: Ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում, շեփորախումբի մահուան քայլերգին ընկերակցութեամբ:



 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ