Երկուշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2014 - Ծննդեան եւ Նոր Տարուան տօնական առիթով քահանայից հանդիպում Հոգեւոր Տիրոջ շուրջ

 

Պէյրութ

Շաբաթ 20 դեկտեմբեր 2014, կէսօրին, Սուրբ Ծննդեան եւ Նոր Տարուան տօներուն առթիւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ շուրջ  համախմբուեցան պատրիարքական թեմին բոլոր քահանաները, եւ ասիկա առիթ մը եղաւ նշելու արհիապատիւ Պաթագեան եպիսկոպոսին եւ գերյարգելի Անդրանիկ Կռանեանին քահանայական ձեռնադրութեան 60 ամեակը  կարկանդակի հատումով:

 

Նախքան ագապը տեղի ունեցաւ ճաշու ժամերգութիւն, որուն ընթացքին գերապայծառ Պաթագեան փոխանցեց իր խորհրդածութիւնները:

Յաւարտ ժամերգութեան տեղի ունեցաւ քահանայից ժողով ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ նախագահութեամբ:

 

Ժողովի ընթացքին արծարծուեցան թեմը յուզող զանազան հարցեր եւ ներկայացուեցաւ 2015 տարուան պատի օրացոյցը, որ պատրաստուած է Պուրճ Համմուտի աղքատախնամին կողմէն: Ժողովրդապետ հայր Պերճ վրդ Սապէ եւ հայր Ղազար վրդ Պետրոսեան Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուցին օրացոյցին առաջին օրինակը, որմէ ետք բոլորը անցան սեղանատուն, մասնակցելու համար Սուրբ Ծննդեան եւ Նոր Տարուան առիթներով ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հրաւէրով սարքուած ագապին:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ