Sermons Sermons
Կիրակի, 28 Մայիս 2006 - Ուխտագնացութեան Օր - Զմմառ (28 Մայիս 2006)

Յոյժ Սիրելի ուխտաւոր եղբայրներ եւ քոյրեր,

Դարերէ ի վեր քրիստոնեայ ժողովուրդները, ներառեալ Հայ ժողովուրդը, Ս. Վարդարանը աղօթած են: Ս. Վարդարանը կը պարունակէ քրիստոնեայ հաւատքին խտացումը Յիսուսի եւ Սուրբ Կոյսին մասին: Մեր սէրը Ս. վարդարանի աղօթքին կ‏’արտայայտէ մեր վստահութիւնը մեր երկնաւոր մօր հանդէպ, ապահով ըլլալով որ Ան մեզի մօտ է, մեզ կը շրջապատէ իր մայրական գուրգուրանքովը ու մեզ բնաւ յուսախաբ չի ձգեր:

Մայիս ամիսը մեզ հրաւիրեց, այս տարի եւս, մեր սիրտը բանալու՝ աւելի մօտէն ճանչնալու համար Մարիամին դերը մեր կեանքին նկատմամբ: Երբ Յիսուս խաչին վրայ ըսաւ իր սիրեցեալ Մօր՝ «ահ՛ա քու որդիդ», կ‏’ուզէր յանձնել իրեն ոչ միայն Յովհաննէս առաքեալը այլ ամբողջ մարդկութիւնը, բոլոր ազգերը, հայ ժողովուրդը եւ ամէն մարդ՝ քեզ եւ զիս: Դարերու ընթացքին քրիստոնեաները միշտ դիմած են Ս. Կոյսին, մանաւանդ դժուար պարագաներուն՝ պատերազմերու, համաճարակներու, սովի, հրդեհի եւ այլ նեղութիւններու ընթացքին, եւ ան անոնց օգնութեան միշտ հասած է: Ոչ միայն, այլ պարզ մարդիկ՝ հայրեր ու մայրեր, երիտասարդներ՝ մանչեր ու աղջիկներ որդիական վստահութեամբ ապաւինած են իրեն, եւ Երկնաւոր մայրը բնաւ զիրենք առանձին չէ ձգած, այլ զիրենք մխիթարած է եւ լուսաւորած: Անոր փափուկ սիրտը չի կրնար անտարբեր մնալ իր զաւակներու պաղատանքներուն դիմաց:

Ո՞ր սուրբ կամ սրբուհի բարեպաշտութիւն չէ ունեցած Ս. Կոյսին հանդէպ: Մեր Սուրբ Հայրապետները երգեցին անոր աստուածամայրութիւն, անարատութիւնը եւ բարեխօսութիւնը: Մեր Շարակնոցը լեցուն է Ս. Աստուածածնի աղերսներով: Կը բաւէ յիշել ամէնուս ծանօթ «Մայր Սուրբ» բարեպաշտական աղօթքը: Կարելի չէ չյիշել նաեւ մեր մեծագոյն հոգեւոր քերթող ու միսթիկականը՝ Գրիգոր Նարեկացիին «Աստուածածնի ներբող»ը եւ այլ պաղատանքներ Մատեան Ողբերգութեան երկին մէջ, ուր կը կարդանք. «Ո՜վ Սուրբ Աստուածամայր, Հրեշտա՛կ մարդկային, մարմնատեսիլ Քերովբէ՛, երկնաւոր Թագուհի՛, օդին պէս անխառն եւ լոյսին պէս մաքուր, նման բարձրացած արուսեակին պատկերին: Բարեխօսէ՛, աղաչէ՛, խնդրէ՛, արցունքով օգնէ՛, ծունկի եկո՛ւր Դո՛ւն հաշտութեանս համար. թող Քու պատիւդ ինծմով բարձրանայ եւ փրկութիւնս ալ Քեզմո՛վ երեւի»: Մեր մամիկները իրենց փոքրիկներուն մատաղ տարիքէն կը սորվեցնեն «Ողջոյն քեզ Մարիամ» անոյշ աղօթքը:

Ս. Գիրքը կը ներկայացնէ Մարիամ՝ առաքեալները շրջապատած վերնատան մէջ եւ անոնց հետ միացած կ‏’աղօթէ, անոնք ալ զօրացած ու մխիթարուած անոր ներկայութեամբը: Յիսուսին մայրը եղաւ իրենց համար մայր ու դաստիարակ: Այս նոյն պաշտօնները Մարիամ կը շարունակէ կատարել հանդէպ բոլոր քրիստոնեաներուն, որոնք իրեն կ‏’ապաւինին: Ասոր համար ալ ժողովրդական աւանդութիւնը իրեն նուիրած է հինուց ի վեր Մայիս ամիսը:

Սրբազան Քահանայապետը՝ Բենեդիկտոս ԺԶ. կը յորդորէ հաւատացեալները օգտուելու Մայիս ամսուայ ջերմեռանդութենէն վերարժեւորելու համար իրենց կեանքին մէջ Աստուածածնի մայրական դերը եւ ըլլալու «միշտ հլու աշակերտներ եւ քաջ վկաներ Յարուցեալ Քրիստոսին»:

Նոյնպէս, իր առաջին Շրջաբերական թուղթին մէջ՝ «Աստուած սէր է» տիտղոսով, Սրբազան Քահանայապետը կը գրէ. «Մարիամ սիրող կին մըն է», ու կ‏’աւելցնէ՝ «Մարիամ պտուղն ու սիրոյ նշանն է որ Աստուած սահմանեց մեզի համար: Ասոր համար, կրնանք ապաւինիլ Սուրբ Կոյսին ներկայացնելով իրեն մեր խնդրանքները ու ակնկալութիւնները՝ ուրախ ու տխուր դէպքերուն ժամանակ»:

Զմմառու դարաւոր սրբավայրը կ‏’այցելենք ամէն տարի ուխտով եւ զանազան առիթներով, որովհետեւ հոստեղէն կը սպասենք մեր երկնաւոր մօր հզօր օգնականութիւնը եւ հոգեւոր նեցուկը մեր պատրիարքական թեմին՝ Եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, նուիրեալներուն, ընտանիքներուն, կոչումներուն, աղքատներուն, տառապեալներուն, հիւանդներուն, մանուկներուն, տարեցներուն եւ բոլոր համայնքի զաւակներուն համար:

Յանձնենք Աստուածամօր՝ թագուհի Խաղաղութեան բարեխօսութեան Լիբանանը, որպէսզի խաղաղութեան մթնոլորտ մը վայելենք ու շնորհէ լիբանանահայութեան ապահովութիւն եւ երիտասարդներուն ապագայի երաշխաւորութիւն: Ընտանիքներու Թագուհիին դիմենք, որպէսզի սրբակենցաղ ծնողներ ունենաք՝ օժտուած հայկական նուիրական յատկութիւններով, ընտանիքներ ուր կը ծաղկին ամէն տեսակ քրիստոնէական առաքինութիւններ, յանձնառու նոր սերունդներ եւ քահանայական ու կրօնաւորական կոչումներ:

Քրիստոնեան որ կը վստահի Ս. Կոյսին եւ կը հետեւի անոր օրինակին ուրիշներէն հեռու չի կրնար մնալ, ընդհակառակն՝ կը ջանայ բոլորին մօտ ըլլալ, իրենց հաղորդելու համար անկեղծ սէր եւ անոնց երկարելու օգնական ձեռք: Այս է պատճառը նոր բարեսիրական միութիւններուն ծաղկումին, որ կը ջանան լոյսի եւ խաղաղութեան ճառագայթում սփռել իրենց շուրջ:

Ով որ իր յոյսը դրած է Աստուծոյ վրայ չի կղծիանար իր հոգեւոր եւ մտաւոր շահերուն մէջ, այլ արթնամիտ եւ հիւրընկալ անձ կը դառնայ ուրիշներուն հանդէպ, մանաւանդ կարիքաւորներուն: Ուստի որքան որ հաւատացեալը Աստուծոյ մօտ է, ան մօտ է նաեւ Ս. Կոյսին եւ աւելի մօտ է իր ընկերներուն: Քրիստոնեան, որ յանձնառու անձ մը չէ, հարազատ քրիստոնեայ մը կարելի չէ համարել:

Կը փակեմ խօսքս Սրբազան Քահանայապետին յորդորով. «քաջութիւ՛նը ունեցիր համարձակ ըլլալու Աստուծոյ հետ, Իրմէ մ՛ի վախնար: Քաջութի՛ւնը ունեցիր հաւատքով յանդուգն ըլլալու: Քաջութի՛ւնը ունեցիր նետուելու բարի գործերուն մէջ: Քաջութի՛ւնը ունեցիր մաքուր սրտով միշտ յառաջ երթալու: Աստուծոյ հետ յանձնառու անձ եղ՛իր եւ պիտի անդրադառնաս որ կեանքդ աւելի պայծառ պիտի ըլլայ՝ ոչ ձանձրալի ու սիրտդ աւելի ընդարձակ՝ լեցուն բազաթիւ ակնկալութիւններով, որովհետեւ Աստուծոյ բարութիւնը սահման չ‏’ունի ու բնաւ չի սպառիր», կ‏’ըսէ Սրբ. Պապը:

Սիրելիներս, Աստուածամօր վստահեցնե՛նք մեր բոլոր կարիքները, մանաւանդ մեր ընտանիքներուն եւ երիտասարդներուն տակաւին մթագնած անկիւնները: Անոր յանձնենք լիբանանահայութիւնը, մեր վարժարաններն եւ զանազան միութիւնները ու անոնց պատասխանատուները, իրեն աղերսենք եւ ըսենք. «Ո՜վ Ս. Կոյս Մարիամ, դո՛ւն որուն կ‏’ապաւինինք Զմմառու Աստուածամօր անունով, որպէս մայր մեր հայ Կաթողիկէ համայնքին, որդիական ներշնչումով քաջալերուած՝ կրկին կը յանձնենք մեր կեանքը մայրական ձեռքերուդ մէջ : Դո՛ւն որ ներկայ ես հոս, այս դարաւոր վանքին մէջ որ քեզի նուիրուած է, ներկայ եղի՛ր մեր տուներուն մէջ, բոլոր այր մարդոց եւ կիներուն մտքին մէջ, ներկայ եղիր ուր որ մտահոգութիւն եւ առանձնութիւն կայ: Թագաւոր՛է աշխարհի բոլոր մայրերու սրտին վրայ եւ հոս ներկայ բոլոր հաւատացեալներուն վրայ: Մեծ յոյսով քեզի կ’ապաւինինք եւ քեզի կը յանձնուինք: Ամէն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ