Պուրճ Համմուտ
Երկուշաբթի, 18 հոկտեմբերի կէսօրուան ժամը 12։30-ին, հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդական դասարաններու աշակերտութիւնը հաւաքուած էր վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ, ունկնդրելու համար հետաքրքրական եւ շահեկան դասախօսութիւն մը, նուիրուած Թարգմանչաց տօնին։
Բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ վարժարանի պաշտօնաթերթ «Մեսրոպեան Լրաբեր»ի հիմնադիր պատասխանատու խմբագիր, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի սուրբ «Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի դպրոցական հայագիտական զարգացման գրասենեակի վարիչ տնօրէն եւ նոյն գրասենեակի կողմէն հրատարակուող «Հայ Մանկավարժ» հանդէսի տնօրէն Վարդան Թաշճեան։ Ան հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց աշխարհի լեզուներու մասին, անոնց գոյութիւնը ապահովող կամ գոյութեանը սպառնացող տարբեր բնական եւ ոչ բնական ազդակներու մասին։ Յատկապէս կեդրոնանալով հայերէնի վրայ, Թաշճեան բացատրական եւ փաստագրական տեղեկութիւններ փոխանցեց անոր՝ հակառակ դարերու ընթացքին սպառնացած վտանգներուն, կործանումէն ազատուելու, փրկուելու եւ սերունդէ-սերունդ փոխանցուելով, մեզ իբրեւ հարստութիւն ժառանգուելու մասին։ Ան նաեւ խնդիր դրաւ աշակերտութեան առաջ, սիրելու, սորվելու, պահելու եւ պահպանելու մայրենին, ինչպէս նաեւ արդի թեքնոլոճիի բոլոր ձեւերը գործածելով, փոխանցելու ապագայ սերունդներուն, եւ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին սորվիլ այս գեղեցիկ լեզուն։ Վ. Թաշճեան անձամբ իր եւ ի մասնաւորի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց օգտակար դառնալու բոլոր անոնց, եւ լսելու համար բոլոր այն ծրագիրները, որոնք ուղղուած կ’ըլլան անարատ մայրենիի պահպանումին։
Դասախօսութեան աւարտին վարժարանի տնօրէն Գալուստ տնօրէնութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Վարդան Թաշճեանի գեղեցիկ եւ բարձրամակարդակ դասախօսութեան համար։
Իսկ չորեքշաբթի, 20 հոկտեմբերի կէսօրուան ժամը 12։30-ին վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնին նուիրուած հանդէս մը, որուն կը մասնակցէին վարժարանի 3-9-րդ դասարաններու աշակերտութիւնը։ Յայտագիրը ընդգրկեց բացման խօսք Թարգմանչաց Տօնին իմաստին եւ կարեւորութեան մասին, ասմունքներ եւ բանախօսութիւն։ Խօսք առնելով, օրուան բանախօսը՝ Համբիկ Պիլալեան չթաքցնելով իր անկեղծ հուզմունքը, ըսաւ. «Հայ վարժարանը անփոխարինելի է իր արժէքով, իր կրթութեամբ։ Թարգմանչաց տօնը տօն է ուրախութեան, հպարտութեան։ Ապրելու, զիրար ճանչնալու տօն է, մանաւանդ վերամուտի առաջին ամիսն է, եւ սուրբ Մեսրոպի անունը կրող ու անոր յուշարձանը իր սրտին մէջ ունեցող այս վարժարանի համար այն, սուրբ Մեսրոպի ոգեղէն ներկայութեամբ, 1600 տարի առաջ իր ստեղծած գիւտին փառքն է»։ Պիլալեան շարունակելով ու խօսելով մայրենիին մասին, ըսաւ. «Հայերէնը, իր գիր ու գրականութեամբ, մշակոյթով զրահ ու վահան է մեզի համար։ Մեսրոպ Մաշտոց 1600 տարի առաջ մեզ ցոյց տուաւ քաղաքակրթուելու, հայերէն խօսելու, հայերէն ապրելու եւ այդպիսով մեր իրաւունքը պաշտպանելու ուղին։ Թարգմանչաց տօնը խօսք ու հաւատք չէ միայն, այլ ապրումներ են Մեսրոպ Մաշտոցի երազով ու տեսիլքով»։
Բանախօսի խօսքին յաջորդեց վարժարանի տնօրէն՝ Կրէկուար Գալուստի խօսքը եւ լաւագոյն նկարչական գործերու պարգեւատրուում։