Ուրբաթ, 23 Յունուար 2009 - Ամեն. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Ցաւակցագիրը Անթոնիոս Նակիպ Պատրիարքին

Պէյրութ, 22 Յունուար 2009
Դիւան Թիւ 16/2009

Ամենապատիւ Անպա Անթոնիոս Նակիպ
ԱղեքսանդրիոյՊատրիարք Ղպտի Կաթողիկէներու,
Արհիապատիւ Սիւնհոդոսական Հայրեր,

Երեկ խոր ցաւով իմացանք մահուան գոյժը վաստակաւոր Պատրիարք Աղեքսանդրիոյ Ղպտի Կաթողիկէներու՝  ՍտեՖանոս Բ. Ղաթթասի:

Արեւելքի եկեղեցիները եւ յատկապէս Ղպտի Կաթողիկէ եկեղեցին, այսօր կորսնցուց իր նուիրեալներէն մին, որ իր իմաստութեամբ ղեկավարեց Ղպտի Կաթողիկէ եկեղեցին 20 տարիներ շարունակ:

Մեր եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական հայրերուն, կղերի, մայրապետներուն եւ հաւատացեալներու անունով, սրտաբուխ ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ձեզի, ինչպէս նաեւ Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր հարազատներուն եւ Լազարիսթ պատուարժան Միաբանութեան:

Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած, որ իր հոգին արդարներու լոյսին մէջ հանգչեցնէ եւ ընդունի զինք երկնային Արքայութեան մէջ:

Արդարներու յիշատակը օրհնութեամբ եղիցի:


Եղբայրական սիրով՝
Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ