Հինգշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2010 - Արնուվիլ Լէ Կոնէսի՝ հայ կաթողիկէ հաւատացեալները այցելեցին իրենց ննջեցեալներուն շիրիմները

 

Փարիզ

 

Երեքշաբթի 2 նոյեմբերի՝ առաւօտեան ժամը 10-ին, հայր Գէորգ վրդ Ասատուրեան` Փարիզի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողորդապետը եւ Արնուվիլ Լէ Կոնէսի հոգեւոր առաջնորդը, ըստ սովորութեան՝ լատինաց Օր Մեռելոցին, հայածէս սուրբ պատարագ մատոյց եւ քարոզեց ներկայութեամբ տեղւոյն մեծ թիւով հաւատացեալներուն։

Իր քարոզին մէջ, հայր Գէորգ նախ անդրադարձաւ ամենայն սրբոց տօնին, որ եղած է ոչ միայն եկեղեցւոյ, այլեւ՝ ֆրանսայի պետական ամենամեծ տօներէն մին։ Մենք պարտական ենք յիշել մեր սուրբերը, մեր աղօթքներուն մէջ, ըսաւ Հայր Գէորգ, որովհետեւ սուրբը նկատուած է Աստուծոյ ստեղծագործութեան լաւագոյն էակը։ Եկեղեցին սրբութեան կոչ կ’ընէ իր բոլոր հաւատացեալներուն, եւ մենք՝ պէտք է ձգտինք սրբութեան, նաեւ մենք ունինք պարտականութիւնը՝ ուրիշները սրբացնելու։ Հայր Գէորգ ապա անդրադարձաւ «Օր մեռելոցի» նշանակութեան,  խնդրելով՝ հաւատացեալներէն որ աղօթեն իրենց մեռելներուն համար, որոնք կարիքն ունին իրենց աղօթքներուն։

Հայ եկեղեցին միակ եկեղեցին է որ կը յիշէ իր ննջեցեալները տարին հինգ անգամ, տաղաւար տօներու յաջորդող օրը, ըսաւ Հայր Գէորգ,աւելցնելով՝ ասիկա իւրայատկութիւն մըն է Հայ եկեղեցւոյ։Հայերն են  որ շարադրած են «Տէր Ողորմեա» մեղեդին եւ մենք հպարտանքով կ’երգենք ու կ’աղօթենք մեր ննջեցեալներուն համար։

 

Պատարագի աւարտին հոգեւոր առաջնորդի ընկերակցութեամբ՝ ներկաները մեկնեցան դէպի գիւղի գերեզմանատունը, ուր հայերու  ընտանեկան դամաբանարաններու վրայ աղօթք մատուցին, մոմ վառեցին, եւ ննջեցեալներուն հոգւոյն հանգստեան շարականներ բարձրացուցին առ Աստուած։

Ապա գերեզմանոցի կեդրոնական հրապարակին վրայ, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, հայ եւ օտար բոլոր ննջեցեալներուն հոգւոյն համար, ի մասնաւորի ֆրանսայի ազատագրութեան համար նահատակուողներուն, ինչպէս նաեւ 31 հոկտեմբերին՝ Պաղտատի ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալ զոհերու հոգիներուն համար։

Հոգեհանգստեան աւարտին, բոլոր ներկաները մասնակցեցան հոգեճաշի մը պատրաստուած՝ ժողովրդապետութեան սրահներէն ներս։

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ