Պէյրութ, Լիբանան
Կիրակի, 3 Յունիս 2007ին, Աւետման Ս. Կուսին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ, որուն ընթացքին երեք փոքրիկներ ստացան իրենց Առաջին Հաղորդութիւնը:
Օրուան Պատարագը մատուցեց օգնական եպիսկոպոս Պատրիարքական Թեմի՝ Արհի. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան մասնակցութեամբ Պատրիարքական Թեմի Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Արհի. Վարդան Եպս. Աշգարեանի եւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերապատիւ Հայր Նարեկ Լուիսեանի:
Գերպյծ. Թէյրուզեան իր քարոզի մէջ շեշտեց Սուրբ Հաղորդութեան իմաստը եւ կարեւորութիւնը մարդոց կեանքէն ներս , ինչպէս նաեւ կարեւորութիւնը հոգեւոր դաստիարակութեան, որ սնունդն է երեխային եւ կենսական է ինչպէս նիւթական սնունդը: