Երկուշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2012 - Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը կ’այցելէ ասորի կաթողիկէ պատրիարքութիւնը


Շարֆէ, Լիբանան

Կիրակի 16 սեպտեմբերի յետ միջօրէին, սրբազան քահանայապետը հրաժեշտ առաւ Պապական Նուիրապետութենէն եւ քահանայապետական յատուկ ինքնաշարժով ուղղուեցաւ Շարֆէի ասորի կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր նախագահեց համամիութենական միջեկեղեցական հանդիպում մը մասնակցութեամբ քոյր ուղղափառ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, որոնց Նորին Սրբութիւնը յանձնեց առաքելական յորդորագիրի օրինակ մը։

Շարֆէի Պատրաիարքարանի մուտքին սրբազան պապը դիմաւորեցին ասորի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատրիարք Իգնատիոս Գ Եունան ու Շարֆէի դպրեվանքի մեծաւորը։ Համամիութեանական միջեկեղեցական հանդիպումի ընթացքին սրբազան հայրը առիթ ունեցաւ մի առ մի բարեւելու ներկայ պատուիրակութիւնը ու ծանօթանալու անոնց։ Հանդիպման աւարտին սրբազան քահանայապետը հրաժեշտ առնելով ուղղուեցաւ դէպի Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի օդակայան, ուր տեղի ունեցաւ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը։

http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=621770


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ