Երկուշաբթի, 11 Մայիս 2009 - Ամեն.Հոգեւոր Տէրը կը Մասնակցի Սրբազան Քահանայապետին Մատուցած Հրապարակային Պատարագին Յորդանանի Մէջ

Ամման, Յորդանան

 
Ուրբաթ 8 Մայիս 2009-ին, առաւօտեան սկիզբ առաւ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի այցելութիւնը «Ս. Երկիր»: Նախքան Յորդանան վայրէջք կատարելը քահանայապետական օդանաւը թռիչք կատարեց Իտալիոյ, Յունասատանի, Կիպրոսի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ վրայ: Աւանդ‎ութեան համաձայն, Սրբազան Քահայանապետը հեռագիրներ ուղղեց վերոյիշեալ բոլոր երկրներու նախագահներուն: Սրբազան Պապին ընկերացան Ս. Աթոռի պետական քարտուղար՝ կարդ.Պերթոնէ, Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի նախագահ՝ կարդ. Սանտրի, եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ կարդ. Քասբեր եւ միջ- կրօնական քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ կարդ. Թոռան եւ 20 լրագրողներ:  
Բարի գալուստի համար օդակայան եկած էին Յորդանանի Ապտալլա թագաւորը եւ Ռանիա թագուհին, պետական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, Արեւելքի պատրիարքները, որոնց հետ էր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիաքը:
Արդարեւ, Նորին Սրբութիւնը բարի գալուստի արարողութենէն անմիջապէս ետք, ուղղուեցաւ անկարներու կեդրոնը: Այս կեդրոնին մէջ կը խնամուին թէ քրիստոնեայ եւ թէ իսլամ հիւանդներ: Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրաբազան Քահանայապետը «Հաւատքի եւ Յոյս»ի խօսք մը ուղղեց հիւանդներուն եւ բոլորին հետ տեսակցեցաւ եւ կարճ դադարէ մը ետք ուղղուեցաւ արքայական պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ թագաւորական ամոլին հետ:  
Կիրակի՝ 10 Մայիս 2009-ին, առաւօտեան Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը իր առաջին հրապարակային պատարագը մատուցեց Ամմանի մարզադաշտին մէջ, աւելի քան 30000 հաւատացեալներու մասնակցութեամբ:
Սրբազան Քահանայապետին հետ համապատարագեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Արեւելքի պատրիարքներու եւ Միջին Արեւելքէն եկած  բազմաթիւ եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու կողքին:
Արարողութեան ներկայ էր նաեւ գերապայծառ հայր ՌաՖայէլ Մինասեան՝ վիճակաւոր Ս. Երկրի կաթողիկէ հայոց:
Տիեզերական աղօթքի ընթացքին մասնակցեցաւ նաեւ հայ պարմանուհի մը, որ հայերէնով իր պաղատանքը բարձրացուց առ Աստուած:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը վերադառնայ իր նստավայրը Երկուշաբթի 11 Մայիս 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ