Թորոնթօ
Նոյեմբեր 23 եւ 24-ի շաբաթավերջը Թորոնթոյի Հայ հասարակութեան եւ յատկապէս Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն համար լուսաշող առիթ մըն էր ցնծութեամբ տօնակատարելու պատմական տարեդարձներու շարք մը, նուիրուած՝ գերյարգելի հայր Եղիա ծ. վ. Գիրէճեանի քահանայական ձեռնադրութեան 50 ամեակին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողկէ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 40 ամեակին, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ արհիապատիւ հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 25 ամեակին եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կառուցման 20 ամեակին:
Այս ձեռնարկներուն նախագահեց արհիապատիւ հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեան առաջնորդը, որ յատկապէս այս ուրախ առիթներով ժամանած էր Թորոնթօ հովուական այցելութեամբ:
Շաբաթ, 23 նոյեմբեր 2013, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, "Le Jardin" շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցան Թորոնթոյի հայ կաթողիկէ գաղութին համար այս յիշարժան եւ բացառիկ յոբելինական առիթները: Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ եւ հանդիսավար՝ Կիրօ Շահինեան նախ բարի գալուստի խօսք մը ուղղեց ներկաներուն եւ ներկայացուց հայր Եղիայի որպէս կղերական եւ ժողովրդապետ 50 տարիներու ազգօգուտ եւ առաքելութեամբ բեղուն կեանքը, նշելով անոր բարձր նկարագրին գիծերը եւ անզուգական համեստութիւնը: Պրն. Շահինեան եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անունով՝ գերյարգելի հայր Գիրէճեանին նուիրեց անոր կենսագրականը խորհրդանշող պղինձեայ քանդակ մը:
Հայր Եղիա խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց նախ Աստուծոյ, ապա բոլոր ներկաներուն՝ որոնք եկած էին զինք պատուելու: Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ յիսուն տարիներու իր աշխատանքին ու անսակարկ ծառայութեան՝ Հայ ազգին, Հայ լեզուին եւ Հաւատքին:
Իր խօսքի աւարտին՝ հայր Եղիա յարգանքով եւ երախտագիտութեամբ բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որուն Քահանայական ձեռնադրութեան քսանհինգ ամեակին անդրադառնալով անոր մաղթեց քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն, եւ յանուն Թորոնթոյի Հայ կաթողիկէ համայնքին անոր նուիրեց եպիսկոպոսական բանակէ մը:
Գերապայծառ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ նշեց թէ ինչպէս քառասուն տարիներ առաջ Հայր Եղիան Միջին Արեւելքէն եկած էր Գանատայի ափերը, կազմելու համար այս եռուն գաղութը, արձանագրելով յաջողութիւններ եկեղեցական, մշակութային, ընկերային եւ կրթական մարզերուն մէջ: Գերապայծառը՝ փոխ առնելով Դանիէլ Վարուժանի խօսքերը, Հայր Եղիայի կեանքը բնորոշեց Աստուծոյ այգիին մէջ ծառայող լաւ եւ օրինակելի մշակի տիպարով: Այս առթիւ Գերապայծառը ոսկեայ լանջախաչ մը նուիրեց յոբելեար Ժողովրդապետ Գերյարգելիին:
Ապա, Գերյարգելի Հայր Եղիա եւ Գերապայծառ Սրբազան Հայրը օրհնեցին ճաշի սեղանը: Ճաշկերոյթը շարունակուեցաւ ուրախ մթնոլորտի մը մէջ՝ որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ հանրածանօթ երգիչ Էլի Պէրպէրեանը որ Մոնթրէալէն հրաւիրուած էր այս առթիւ:
Իսկ կիրակի, 24 Նոյեմբեր 2013, առաւօտեան ժամը 11-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցեց գերապայծառ հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեան, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ: Յընթացս սուրբ Պատարագին, գերյարգելի հայր Եղիա ծայրագոյն վարդապետ Գիրէճեան կարդաց՝ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Օրհնութեան Գիրը ուղղուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն եւ հայր Եղիա Գիրէճեանին, ինչպէս նաեւ՝ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին շնորհաւորագիրը:
Սուրբ Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Հայրը կատարեց եկեղեցւոյ 20 ամեակին առթիւ աւագ խորանի նորահաստատ կրանիթեայ երկու թեւերուն օծումը եւ եկեղեցւոյ մայր մուտքի ճակատին զետեղուած կիսակամար կրանիթեայ յուշաքարին օրհնութիւնը: Այնուհետեւ, ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ ներքնասրահը, ուր Տիկնանց Միութիւնը պատրաստած էր շքեղ հիւրասիրութեան սեղան մը:
Ծովիկ Խէյր Այանեան