Երկուշաբթի, 31 Յուլիս 2006 - Նամակ Առ Արկադի Ղուկասեան Նախագահ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Դիւան թիւ 181/06

Մեծայարգ Տիար Արկադի Ղուկասեան
Նախագահ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան

Մեծարգոյ Տիար Նախագահ,

Իսրայէլեան սարսափելի ռմբակոծումներուն հետեւանքով ստեղծուած ողբերգական կացութիւնը, որուն դէմ յանդիման գտնուեցանք հազիւ Լիբանան, մեր նստավայրը վերադարձած, Մեզի մոռցնել չտուաւ այն յարգանքը, հիւրընկալութիւնը եւ հոգատար վերաբերումը որուն արժանացանք Լեռնային Ղարաբաղ Մեր այնքան կարճատեւ այցելութեան ընթացքին եւ որուն համար անգամ մը եւս կու գանք մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնել անձամբ ձեզի, Տիար Նախագահ, եւ ձեր բոլոր գործակիցներուն:

Ափսոս որ Մեր անակնկալ անհանգստութիւնը Մեզ հարկադրանքին առջեւ դրաւ ակամայ ընդմիջելու Մեր ԼՂՀ այցելութեան յայտագիրը, սակայն այդ երկու օրերու ընթացքին մեր ունեցած շփումները եւ հանդիպումները բաւարար եղան պէտք եղած տպաւորութիւնը քաղելու եւ ունենալու իրավիճակին հարազատ պատկերը բոլոր գետիններու վրայ: Կրնանք ձեզի վստահեցնել որ ԼՂՀանրապետութիւնը այնպէս ինչպէս տեսանք այսուհետեւ մշտապէս ներկայ պիտի ըլլայ մեր մտածումներուն մէջ:

Կ’աղօթենք առ Աստուած, որպէսզի օգնէ ամբողջական յաջողութեամբ պսակումին այն ճիգերուն որոնք կը թափուին ի խնդիր ԼՂՀանրապետութեան միջազգային ճանաչումին, անոր վերջնական խաղաղեցումին, ազատագրուած շրջաններու վերաբնակեցումին եւ Արցախի ու արցախահայութեան բարգաւաճումին: Մեր աղօթքներուն հետ, պիտի ջանանք այդ ճիգերուն մեր մասնակցութիւնը անպակաս դարձնել:


Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ