Երկուշաբթի, 2 Մայիս 2011 - Հայ Ընտանիքի Օր, Զմմառու վանքին մէջ


Զմմառ

Հովանաւորութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, կազմակպերութեամբ հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի Ընտանիքի յանձնախումբին եւ գործակցաբար Զմմառու միաբանութեան վարչութեան, կիրակի, 1 մայիս 2011, Զմմառու մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Ընտանիքի Օրը։ 
Օրուան յայտագիրը առաւօտեան ժամը 9.30-ին, սուրբ Աստուածածնայ արձանի թափօրով, որուն ընթացքին աւելի քան 500 հայորդիներ վանքին դուրս գտնուող սուրբ Գէորգի յուշակոթողէն աղօթքներով եւ շարականներով ուղղուեցան դէպի մայրավանք։ Սուրբ Միքայէլ դպրեվանքին սրահէն ներս սուրբ աղօթքէն ետք հերթաբար խօսք առին հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի Ընտանիքը յանձնախումբէն Աւօ Ագրապեան, Ժօզէ‎ֆ Պալեան, փրոֆէսոր Ժուլիեթա Կիւլամիրեան (Հայաստանէն, որ Լիբանան կը գտնուի Նարեկացի կեդրոնի հրաւէրով), Զմմառու վանքի նախկին մեծաւոր գերյ. Գէորք ծ.վ. Եղիայեան (որ ժամանած է Գանատայէն) եւ Զմմառու վանքին ներկայ մեծաւոր գերյ. Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան։
Ժամը 11-ին, Ընտանիքի յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած յատուկ յուշանուէրներով, Զմմառու վանքի մեծաւոր հայրը պարգեւատրեց 25 եւ 45-ամեայ իրենց պսակի յոբելեար ընտանիքները։ Այս առթիւ, Հայ Ընտանիքի պահպանման եւ գոյատեւման մասին իրենց սրտաբուխ վկայութիւնները փոխանցեցին տէր եւ տիկին Լեւոն Թութունճեան հայերէն լեզուով իսկ տէր եւ տիկին Թոնի Եունան արաբերէն լեզուով։ Ապա ներկաները մեծ պաստառի վրայ դիտեցին տեսաերիզ մը պատրաստուած հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի Ընտանիքի յանձնախումբին կողմէն։
Կէսօրուան ճաշէն ետք, մասնակցողները մեծ պաստառի վրայ հետեւեցան Հռոմի մէջ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետին երանացման արարողութեան։ Ժամը 1.30-ին, անոնք այցելեցին վանքի հնադարեան թանգարանը եւ գինեմարանը, որմէ ետք երաժշտական ելոյթներով իրենց մասնակցութիւնը բերին Ժան Փիեռ եւ Ռիթա Խաչատուրեանները, տիկին Անայիս Կէտիկեան եւ Սարգիս ու Մարինէ Հալլաճեանները։
Oրուան յայտագիրը աւարտեցաւ երեկոյեան ժամը 5-ին, սուրբ Պատարագով, զոր մատոյց Զմմառու վանքի մեծաւոր հայրը, երգեցողութեամբ սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ երգչախումբին։
Յայտագրի աւարտին, Հայ Ընտանիքի յանձնախումբի վարիչ՝ տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Զմմառու վանքի վարչութեան այս ձեռնարկի հոգածութեան համար։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովրդապետ եկեղեցականներուն եւ Ընտանիքի յանձնախումբի պատասխանատուներուն։  

   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ