Պաղտատ, Իրաք
Կիրակի՝ 3 Փետրուար 2008-ին, Պաղտատի նորաշէն Տիրամօր Նարեկի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Արհի. Էմմանուէլ Արքպ. Տապպաղեանի Գահակալութեան արարողութիւնը:
Սուրբ Պատարագին ներկայ կը գտնուէին պատուոյ հիւրեր. առաքելական նուիրակը Իրաքի Արհի. Ֆրանչեսքօ Շիւլլիքաթ և իր օգնականը, Գերերջանիկ Գաղրիացի Պատրիարք Կարդինալը՝ Էմմանուէլ Տէլլին, Գերպծ. Ժան Սուլէյման Լատին համայնքի եպիսկոպոսը, Գաղրիացի Պատրիարքին երկու օգնական եպիսկոպոսները՝ Գերպծ. Շլեման Ուարտանի ու Ժաք Իսահակը, Առաջնորդ Իրաքի Առաքելական Հայոց՝ Գերաշնորհ Աւագ Արքպ. Ասատուրեան:
Աւետարանը երգլէն ետք, Արհի. Պօղոս Արքպ. Գուսան հրաւիրեց Առաքելական նուիրակը կարդալու Սրբազան Քահանայապետին Շնորհաւորական նամակը, խնդրելով ժողովուրդէն յոտնկայս ունկնդրելու զայն: Ապա ինք կարդաց անոր թարգմանութիւնը արաբերէն լեզուով: Գերպծ. Գուսան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Սրբազան Պապի ներկայացուցիչին, խօսք ուղղեց վսեմաշուք Կարդինալին, Եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն և միւս համայնքապետերուն ըսելով. «Մինչ կը յանձնեմ ջահը սիրոյ, հաւատքի և ծառայութեան Արհի. Էմմանուէլ Տապպաղեանին, թոյլ տուէք որ յանձնեմ ձեզի ամէնուդ, խորհին շնորհակալութիւնս ինծի հանդէպ ցոյց տուած ձեր ազնիւ վերաբերմունքը և եղբայրական աջակցութիւնը 18 տարիներու ընթացքին որ անցուցի ձեր մէջ ծառայելով այս թեմին. տարակոյս չունիմ որ Արհի. Էմմանուէլ Տապպաղեանն ալ պիտի վայելէ ձեր մօտ նոյն ազնիւ աջակցութիւնը և վերաբերմունքը»: Ապա վերջին խօսքը ուղղելով ժողովուրդին ըսաւ. «Սիրելի զաւակներ, Տէրը կամեցաւ որ ես ձեզի ծառայեմ այդ երկար տարիները… հոս կ՛ուզեմ կրկնել Տիրոջ խօսքը − երբ կատարէք ինչ որ հրամայուած է ձեզի՝ ըսէ՛ք, Ապիկար ծառաներ ենք, ինչ որ պարտական էինք ընել՝ ըրինք − ես ուրեմն, կը մախթեմ որ Տապպաղեան Գերապայծառը լրացնէ պակասը, և շնորհակալութիւն»:
|
Ապա Գերպծ. Գուսան ինքնին կարդաց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Հոգեւոր Տիրոջ կոնդակը Գահակալութեան, թէ՛ հայերէն եւ թէ՛ արաբերէն լեզուներով:
Նոր գահակալուող Արքպ. Տապպաղեան իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն, յայտնելով իր երախտագիտութիւնը Աստուծոյ, Հոգեւոր Տիրոջ, Սրբազան Քահանայապետին, ներկայ Հայրապետներուն, եւ ի մասնաւորի Գերպծ. Պօղոս Արքպ. Գուսանին, դրուատելով անոր 18 տարուայ աշխատանքը որ կատարած էր մեծ նուիրումով, անշահախնդիր եւ հոգեւոր կեանքի հարազատ ապրումներով, որոնց պտուղներէն մէկն է այս հոյակապ Եկեղեցին որ յաւէտ պիտի մնայ իբր վկայ իր գործունէութեան:
Շարունակեց ըսելով. « սրտիս մէջ կսկից մը կը զգամ Գերպծ. Անտոն Թ.Ծ.Վ. Ադամեանի բացակայութեան, որովհետեւ անո՛ր ալ կ՛ուզէի յայտնել անձամբ իմ երախտագիտութիւնս իր կատարած գործունէութեան երկար տարիներուն ընթացքին որ հոս ապրեցաւ, եւ մասնաւոր այս վերջին պատերազմի տարիներուն ուր ոչինչ խնայեց ամոգելու ցաւերը իր համանքի զաւակներուն, ջամբելով առատօրէն օգնութիւն եւ մխիթարութիւն այդ տաժանելի ու զարհուրելի պահերուն, որոնցմէ ինքն ալ զերծ չմնաց»:
Ան պարզեց յետոյ պատճառները ուշացումին իր պաշտօնը ստանձնելու, քանի Թիֆլիսի՝ իր նախորդ պաշտօնին յանձն առնողը եօթը ամիս ուշացած էր, եւ որովհետեւ իր ձեռնադրութենէն իվեր (4/8/2007-ին) Պաղտատ •ալու արտօնագիրը հինգ ամիս ուշ առած էր (17/1/2008-ին): Ան փակեց իր խօսքը ըսելով. « Հիմա հոս եմ, շնորհակալութիւն Աստուծոյ: Իսկ շրջանի Խաղաղութեան համար, ես շատ լաւատես եմ, որովհետեւ Յիսուս իշխանն է խաղաղութեան եւ զայն մեզ պիտի տայ ուշ կամ կանուխ: Քրիստոնէութիւնը յուսայատիչ չի գիտեր, ան կ՛ապրի հաւատքով, յոյսով եւ սիրով: Ուստի, ով որ մինչեւ վերջ համբերէ, ան պիտի փրկուի»:
Ս. Պատարագէն ետք, հրաւիրեալները այս ուրախ առթիւ ճաշի մասնակցեցան Եկեղեցւոյ ընդարձակ հիւրասրահին մէջ: