Երկուշաբթի, 22 Օգոստոս 2011 - Երիտասարդական քայլարշաւ Քաննուպին շրջանին մէջ


Լիբանան

Շաբաթ 20 եւ կիրակի 21 օգոստոս 2011, Համաշխարհային երիտասարդներու 26-րդ օրուան առիթով, Լիբանանի մէջ հայ կաթողիկէ երիտասարդները կազմակերպեցին քայլարշաւ հիւսիսային Լիբանանի Քաննուպին շրջանին մէջ։ Ձեռնարկին մասնակցեցան 95 հայ երիտասարդներ գլխաւորութեամբ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի, որոնք շաբաթ օրը գիշերեցին Քաննուպինի սրբուհի Մարինայի վանքին մէջ հոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ, ապա կիրակի օրը՝ ուղղուեցան դէպի Մար Անթոնիոս Քուզհայյա հնադարեան վանքը, ուր փակեցին իրենց երկօրեայ քայլարշաւը։



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ