Պէյրութ
Կիրակի, 25 մարտ 2012-ին, Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու ժողով մը, նախագահութեամբ Ալ Րաի մարոնի պատրիարքին։ Ժողովին՝ արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան ներկայացուց ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը։
Ժողովին փակման հաղորդագրութեան մէջ երկրին համայնքապետերը կոչ կ'ուղղեն վերջ դնելու Սուրիոյ մէջ շարունակուող բռնութիւններուն, որոնք մեծ թիւով զոհեր կը խլեն։ Ժողովին ընթացքին արծարծուած են նաեւ լիբանանեան ներքին հարցեր, որոնց քննարկումը առիթ եղած է վերահաստատելու բոլոր լիբանանցիներուն կամքը մէկ հայրենիք կերտելու, դիմելով երկխօսութեան, որպէս միակ միջոցը տարրակարծութիւնները լուծելու։ Ժողովին մասնակիցները նաեւ հաստատած են իրենց կամքը շարունակելու ջանքերը ի խնդիր իսլամ-քրիստոնեայ գագաթաժողովի մը գումարումին արաբական մակարդակի վրայ։
Միեւնոյն օրը, երեկոյեան, Ժամհուրի դպրոցի Տիրամօր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ իսլամ-քրիստոնեայ յատուկ արարողութիւն, որուն՝ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ իր մասնակցութիւնը բերաւ արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, այլ հոգեւոր ներկայացուցիչներու կողքին։ Այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ, Ալ Րաի մարոնի պատրիարքը ըսաւ թէ Աստուած մեզ կը կանչէ միասին ապրելու, պահելով մեր միութիւնը եւ յաղթահարելով ինքնաչէզոքացման բոլոր ձեւերը, որովհետեւ մեր միասնական պատասխանատուութիւնն է կերտել մեր ընկերութիւնը միութեան, սիրոյ եւ արդարութեան սկզբունքներէն մեկնելով։ Ան նաեւ յայտնեց, որ պետութեան նախաձեռնութիւնը՝ Աւետման տօնը ազգային տօն հռչակելու, կը հաստատէ Լիբանանի բազմազան առաքելութիւնը։
Նշենք, որ արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան շաբաթ օր մասնակցեցաւ Աւետման հանդիսաւոր սուրբ Պատարագին, զոր մատոյց Ալ Րաի մարոնի պատրիարքը իր գահակալութեան առաջին տարեդարձին առթիւ։ Այս առթիւ, Ալ Րաի պատրիարքը իր քարոզին մէջ ընդգծեց թէ միասնականութիւնը բազմազանութեան մէջ՝ կը հանդիսանայ մեր լիբանանեան ինքնութիւնը, առաքելութիւնն ու պատասխանատուութիւնը։ Ան նաեւ դատապարտեց ամէն տեսակի բռնութիւն եւ խռովարարութիւն ամենուրեք եւ անգամ մը եւս կոչ ըրաւ լիբանանցիներուն շրջանցելու բոլոր բաժանումները, այն պահուն երբ կը սպասուի Լիբանանէն իւրայատուկ տարազով ներկայանալու Արեւելքի ամբողջ տարածաշրջանին մէջ։