Հալէպ
Կիրակի 11 Սեպտեմբեր 2011, երեկոյեան ժամը 6-ին, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Անտոն Սրկ. Թահանի քահանայական ձեռնադրութեան կարգը ձեռամբ` Բերիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ` արհի. տէր Պետրոս արք. Միրիաթեանի, խարտաւիլակութեամբ` Հռոմի Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր` գերյարգելի հայր Գէորգ ծ. վրդ. Նորատունկեանի:
Հանդիսաւար արարողութեան ընթացքին Բերիոյ թեմի առաջնորդ՝ արհի. տէր Պետրոս արք. Միրիաթեան խօսքը ուղղելով ձեռնադրեալ վարդապետին իր հայրական պատգամը փոխանցեց: Ան նորօծ քահանային ուշադրութեանը յանձնեց հինգ հիմնական հանգամանքներ, որոնցմով կարելի կը դառնայ ըլլալ օրինակելի վարդապետը ըսելով` □Սիրելի որդեակս Անտոն, դուն այսօր կանչուած ես քահանայութեան եւ որպէսզի դառնաս օրինակելի քահանայ եւ քու բարի համբաւդ օրինակ ծառայէ ուրիշներուն ապա պէտք է քահանայութեանդ ողջ ընթացքին ուշադրութիւն դարձնես Պետրոս առաքեալի նամակներէն մէկուն մէջ նշուած հինգ սկզպունքներու վրայ` հօտի յսկում, հովութիւն յանուն Տիրոջ, հովութիւն խանդավարութեամբ եւ անձնուիրումով, հօտին բարի օրինակ ծառայելով□ գերապայծառ տէրը իր խօսքը շնորհակալութեամբ եւ բարեմաղթութիւններով եզրափակեց:
Արարողութենէն ետք նորօծ քահանան` գերապատիւ հայր Անտոն վրդ. Թահան եւ ծնողքը եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ ընդունեցին շնորհաւորանքները: