Երկուշաբթի, 24 Փետրուար 2014 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Քանի Մը Ճշմարտութիւններ «Վալընթայնզ Տէյ»-ի Առիթով…


Սիրելի՛ ընթերցող, ամսոյս 14-ին` արար աշխարհ կազմակերպեց կամ յիշատակեց «Վալընթայնզ տէյ»-ը` փոխանակ տօնելու «Սէնթ Վալընթայն աֆ Ռոմ», իսկ ամսոյս 15-ին` մեր եկեղեցին տօնախմբեց Սուրբ Սարգիսը:

Երկուքն ալ լատիներէն յատուկ անուններ են: «Valentinus» կու գայ «valentulus» ածականէն, որ կը նշանակէ «մարմնապէս զօրաւոր+առողջ», իսկ «Sergius»-ի հայացումն է «Սարգիս», որուն պարսկերէն իմաստն է «ծիածան»:

Առաջինը` Սուրբ Վալենթինուս, հռոմէացի եկեղեցական, երրորդ դարէն, եւ  երկրորդը` Սուրբ Սարգիս, յոյն-բիւզանդացի զօրավար, չորրորդ դարէն, հասած են մեզի մեծ ժողովրդականութեամբ:

Երկուքն ալ` մարտիրոս, նահատակ, վկայ: Դասական հայերէնին մէջ այս երեք իմացութիւններուն հոմանիշն է «կտրիճ» բառը, որ կը նշանակէ «համարձակ, անվախ, քաջասիրտ, խիզախ»:

Երկուքն ալ կտրիճներն են կրօնին ու հաւատքին` իրենց ապրելակերպին մէջ ու դաւանումով մինչեւ արիւնի նահատակութիւնը: Հաւատարիմներն են իրենց խղճին եւ  ազատութեան, որոնցմով պաշտեցին իրենց Տէրը` Յիսուս Քրիստոսը:

Երկուքն ալ հոգեմտաւոր բարերարներն են իրենց շրջապատին, այսինքն` բարիք ընողները` Աստուծոյ համար դարձի բերելով հեթանոսներ ու կռապաշտներ, որոնք նահատակուեցան անոնց հետ: Հրաշագործներն են իրենց Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի զօրութեամբ եւ  անունին համար:

Երկուքն ալ ապրեցան իրենց Վարդապետին` Յիսուս Քրիստոսի խօսքին ճշմարտացիութիւնն ու հետեւանքը. «Արդ, ձեր միտքը դրէ՛ք: Մի՛ մտահոգուիք ձեր պաշտպանութիւնը կանխաւ պատրաստելու համար: Ես պիտի տամ ձեզի խօսք եւ  իմաստութիւն, որոնց պիտի չկարենան հակառակիլ կամ ընդդիմախօսել ձեր հակառակորդները» (Ղկ. 21,14-15):

Երկուքին տօնախմբումին եւ  յիշատակումին առիթով այսօր փոխեցի աւետարանը` ընտրելով երրորդ աւետարանիչէն` Սուրբ Ղուկասէն Ղկ. 21,12-19 հատուածը:

Գիտես, զարմանալի է մեր Տէրը: Իր նոր, նորահունչ, նորասաց, նորարար կրօնն ու վարդապետութիւնը սորվեցնելու, հռչակելու եւ  հրապարակելու, ինչպէս ալ իր նորայայտ ու նորասքանչ Սուրբ Եկեղեցին հիմնադրելու երեք տարիներու ընթացքին, մարդկօրէն փոխանակ սիրաշահելու աշակերտներ ու հետեւորդներ, անոնց աստուածօրէն ոչ միայն նախատեսեց, այլ նաեւ  համարեա խոստացաւ. «Ձեր վրայ ձեռք պիտի բարձրացնեն, պիտի հալածեն ու մատնեն ձեզ ժողովարաններուն եւ  բանտ պիտի նետեն: Պիտի տանին ձեզ թագաւորներու եւ  դատաւորներու առջեւ` ի՛մ Անունիս համար: Պիտի մատնեն ձեզ ու ձեզմէ շատեր մահուան դատապարտել պիտի տան: Ի՛մ Անունիս համար շատեր պիտի ատեն ձեզ» (Ղկ. 21,12,16,17):

Գիտենք, թէ Աստուածային Տիրոջ նախատեսածն ու խոստացածը իրականացան, դեռ այսօր կ՛իրականանան ու տակաւին վաղը պիտի իրականանան` միշտ, սակայն, այս քաջալեր եւ  յուսադրիչ խորագիրով. «Ես եմ, մի՛ վախնաք: Ես յաղթեցի աշխարհին եւ  ահաւասիկ, Ես ձեզի հետ եմ ամէն օր` մինչեւ կատարածն աշխարհին»:

Հալածանքի, տանջանքի, բանտարկութեան, դատավարութեան ու սպանութեան մէջ եղող իր հետեւորդներուն Քրիստոսի տուած ապահովութիւնը, թէ` «սակայն եւ  այնպէս ոչ իսկ մազ մը պիտի կորսուի ձեր գլխէն, եւ  դուք ձեր համբերութեամբ պիտի փրկէք ձեր կեանքը» (Ղկ. 21,18), իրագործուած կը տեսնենք «իմացեալ մահուան» նահատակութեամբ Սուրբ Վալենթինուսի ու Սուրբ Սարգիսի, որոնք իրենց անմահացուցիչ ընթացքով մաշեցուցին դարերը` այսօր դառնալու համար մեր օրինակները:

Հոս կը փափաքիմ  անդրադառնալ Սուրբ Վալենթինուսին լոկ` ակնարկելու համար նաեւ  «Վալընթայնզ տէյ»-ին, որ պատմականօրէն կապ չունի Հռոմի մէջ 14 փետրուար 269-ին նահատակուած եւ  «St. Valentine of Rome» յորջորջեալ մարտիրոսին հետ:

Վալենթինուս վարդապետ եւ  բժիշկ էր Հռոմի մէջ: Յայտնի էր իր կատարած բուժումներով ու դարձերով: Հեթանոսութենէն դարձուցած քրիստոնեաներուն առաքելութեան համար բանտարկուեցաւ Կղաւդիոս Բ. կայսրին հրամանով:

Երբ Վալենթինուսը կրօնուրաց եւ  քրիստոսադրուժ ընելու ամէն փորձ, խոստում, սպառնալիք ու տանջանք ապարդիւն մնացին, ճարահատ կայսրը գլխատել տուաւ զայն: Նահատակութենէն առաջ, սակայն, պատահած էր դէպք մը:

Վալենթինուսի հաստատակամութիւնն ու հրճուանքը տեսնելով, ինչպէս ալ` լսած ըլլալով անոր հմտութեան մասին, առինքնուած Ասթերիուս բանտապետը խնդրեց վարդապետէն, որ զանազան նիւթեր դասաւանդէր իր Ժուլիա դուստրին. ան կոյր էր:

Խնդրուած նիւթերուն վրայ վարդապետը աւելցուց կրօնագիտութիւնը, որուն ընթացքին Ժուլիա ճանչցաւ ու դաւանեցաւ Յիսուս Քրիստոսը: Հոգեմտաւոր տեսողութեան համընթաց` կոյր օրիորդը ստացաւ նաեւ  լոյսն իր աչքերուն Վալենթինուսի հրաշագործութեամբ: Իբր հետեւանք` Ասթերիուս, ընտանիքն ու ծառաները դարձան քրիստոնեայ: Բաւական պատճառ էր, որ անոնք ալ մարտիրոսանային:

Ըստ աւանդութեան, Վալենթինուս, իր նահատակութեան նախօրեակին Ժուլիային ղրկած քաջալերանքի եւ  յուսադրումի նամակը ստորագրած կ՛ըլլայ «քու Վալենթինդ», որուն պատճառով միայն ԺԴ. դարուն սկիզբները հնարուեցաւ «սիրոյ ու բարեկամութեան» օրը` իրարու նամակներ գրելով եւ  զարդագեղ բացիկներ ղրկելով…

Մնա՛նք Սուրբ Վալենթինուսի եւ  Սուրբ Սարգիս կտրիճներուն հետ, որոնք կը յիշեցնեն մեզի «երէկ, այսօր, վաղը եւ  միշտ» այժմէական հրահանգը մեր Տիրոջ. «Եթէ մնաք իմ խօսքիս մէջ, իսկապէս իմ աշակերտներս էք ու պիտի ճանչնաք ճշմարտութիւնը, եւ  ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յվհ. 8, 31-32):

Մարիամ` «Թագուհի մարտիրոսաց», մեզի հասկցնէ՜ եւ  գործադրել տա՜յ իր Որդիին իմաստութիւնը: Ամէն:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 16 փետրուար 2014

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ