Երեքշաբթի, 14 Մայիս 2013 - «Նարեկի Տիրամօր» Կեդրոն. Ակնաբուժական Հետազօտութեան Բաժանմունքի Բացման Հանդիսութիւն

Պէյրութ

Հովանաւորութեամբ Կաթողիկէ հայոց Պէյրութի թեմի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ հայր Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի, շաբաթ, 11 մայիս 2013-ին, կէսօրուան ժամը 12-ին, «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային բժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ակնաբուժական հետազօտութեան բաժանմունքի բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ գերյ. հայր Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի եւ պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի:
Հանդիսութեան խօսք առաւ կեդրոնի տնօրէն տոքթ. Կոստան Եափուճեան, որ նշեց, թէ նորաստեղծ ակնաբուժական բաժանմունքը յաւելեալ թափ ու կորով պիտի տայ կեդրոնի գործունէութեան` ընդարձակելով աշխատանքի դաշտը: Ան ըսաւ, որ «Նարեկի Տիրամօր» կեդրոնը այլ կեդրոններու հետ գործակցելով կը փորձէ հասնիլ հայութեան կարիքներուն:

Եափուճեան աւելցուց, որ այսօր սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն լուծումները եւս մաս կը կազմեն ընկերային եւ բժշկական կեդրոններու ծառայութիւններուն: Տոքթ. Կոստան Եափուճեան նշեց, որ բաժանմունքը ստեղծուած է շնորհիւ «Ուվր տ՛Օրիան»-ի եւ «Քոնֆերանս Էփիսքոփալ Իթալիեն»-ի ջանքերուն եւ օժանդակութեան:

Ան յայտնեց, որ կարիքները շատ են եւ միջոցները սահմանափակ, եւ այս ամբողջ իրադրութեան մէջ կեդրոնը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ իրականացնելու իր առաքելութիւնը:

Աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց գերյ. հայր Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան, որ նշեց, թէ այսօրուան պայմաններուն մէջ հայութիւնը առաւելագոյն չափով կարիքը ունի մեր օժանդակութեան, եւ «Նարեկի Տիրամօր» կեդրոնը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը: Գերյարգելի Մուրատեան շեշտեց, որ հայութիւնը հաւաքական մօտեցումով պէտք է յաղթահարէ դժուարութիւնները: Բացման հանդիսութեան պաշտօնական բաժինին յաջորդեց նորաստեղծ կեդրոնի ծանօթացումն ու հիւրասիրութիւն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ