Երկուշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2012 - Աշակերտական գծագրութիւններու ցուցահանդէս հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ - Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանէն ներս

Զալքա

Վարժարանիս հիմնադրութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, Շաբաթ, 15 դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան, Զալքայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ վարժարանէն ներս 4 տարիէ գործող գծագրութեան ակադեմիայի աշակերտներու գեղանկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը:

Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու խորհուրդի նախագահ արհիապատիւ տէր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, տէր Մանուէլ եպս. Պաթաքեանի, գերապատիւ վարդապետներու, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ Պրն. Ատնան Ֆաքհանիի, ծնողներու, աշակերտներու, բարեկամներու եւ հիւրերու ներկայութեան, ցուցահանդէսին բացման ժապաւէնը հատելէ ետք, բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան:

Ան նշեց, թէ «աշակերտական գծագրութիւններու այս ցուցահանդէսը կու գայ ապացուցելու արուեստի եւ ի մասնաւորի գեղանկարչութեան նկատմամբ հայ ազգին, հայ դպրոցին ու հայ աշակերտութեան սէրը եւ մեծ համարումը: Վարժարանս դրուատիքը հանդիսացաւ մանուկներուն եւ պատանիներուն մօտ նկարչութեան արուեստի նկատմամբ սէր ու ճաշակ հաղորդելու միտուած ջանքերուն: Եւ այս կէտէն մեկնելով, տնօրէնութիւնս հիմնած է գծագրութեան ակադեմիան, որ 4 տարիներէ ի վեր կը գործէ ֆինանսաւորմամբ Սաատ Հարիրիի գրասենեակին եւ ուսուցմամբ Տիկ. Վարդ Մեսրոպեանին»:

Ցուցահանդէսը նուիրուած էր հայկական եկեղեցիներուն, հետեւաբար, Տիկ. Պոյաճեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայկական ներկայութեան մէջ հայ եկեղեցւոյ դերին եւ նշանակութեան, որոնք «մեզ կը կապեն մեր քրիստոնէական եւ ազգային արմատներուն, դարձած են մեր հաւատքի բարձր բերդը եւ իրենց մէջ կը կրեն մեր աւանդական սովորութիւններն ու արժէքները»:

Ապա, վարժարանիս անունով, 12-րդ դասարանի աշակերտ՝ Սիմոն Մանուկեանի գծած եկեղեցի եւ մզկիթի նկարը տրամադրուեցաւ Պրն. Ֆաքհանիին, որ խորին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, ըսաւ, թէ երկու դաւանանքներու միջեւ այս համերաշխ պատկերն էր, զոր միշտ երազած էր տեսնել նահատակ վարչապետ Ռա‎ֆիք Հարիրին: Ան գնահատեց այս միջոցառումը եւ գծագրութեան ակադեմիային մաղթեց յարատեւութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ:

Այնուհետեւ, գերապայծառ հօր, Պրն. Ֆաքհանիի, Տիկ. Պոյաճեանի եւ գծագրութեան ուսուցչուհիին ձեռամբ կատարուեցաւ մասնակից աշակերտներու պարգեւատրում եւ լաւագոյն գծագրութիւններու մրցանակաբաշխութիւն:

Պաշտօնական բաժինէն ետք, ներկաները դիտեցին մատղաշ արուեստագէտներու գծագրութիւնները, թէ՛ բարոյապէս եւ թէ զանոնք ծախու առնելով գնահատեցին անոնց աշխատանքը եւ տաղանդը:

Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ մինչեւ Կիրակի, 16 դեկտեմբերի երեկոյեան:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ - ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

  
     


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ