Րիօ Տը Ճենեյրօ
Հինգշաբթի, 25 յուլիս 2013-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կարճատեւ հանդիպում մը ունեցաւ համաշխարհային մարզախաղերու ներկայացուցիչներուն հետ, եւ այս առթիւ օրհնեց Ողիմպիական Խաղերու դրօշները:
Ապա, երեկոյեան ժամը 6-էն սկսեալ, ան այցելեց Րիոյի «Copacabana» ծովեզերքը, ուր տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն մը, ներկայութեամբ հազարաւոր երիտասարդներու եւ ուխտաւորներու, որոնք ժամանած էին աշխարհի հինգ ցամաքամասերէն:
Այս առթիւ, Ֆրանչիսկոս Ա. իր առաջին պատգամը ուղղեց Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերու մասնակցող երիտասարդներուն եւ ուխտաւորներուն, զանոնք ողջունելով եւ յայտնելով իր ուրախութիւնը միանալու մեծ թիւով հաւատացեալներուն: Ան կրկնեց երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին կողմէ 1987-ին երիտասարդներուն ուղղած խօսքը, ըսելով. «Մեծ յոյս դրած եմ ձեր վրայ: Կը յուսամ ամէնէն առաջ որ պիտի վերանորոգէք ձեր հաւատքը Յիսուս Քրիստոսին եւ անոր յարութեան Խաչին»:
Սրբազան Հայրը յորդորեց երիտասարդները ապրելու Քրիստոսը իրենց կեանքին մէջ: Ան յայտնեց թէ երիտասարդներուն մեծաթիւ ներկայութիւնը, հակառակ անձրեւին եւ ցուրտ պայմաններուն, ցուցանշան է անոնց ուժեղ հաւատքին: Ան աւելցուց, որ հաւատքը մեր կեանքին մէջ կը կատարէ յեղափոխութիւն մը, որ մեզ կը փոխադրէ դէպի Աստուած:
Սրբազան Հայրը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ բարձր գնահատեց Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերու պատրաստութեան մեծ աշխատանքը: