Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը եղբայրական նամակ մը ստացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ս. Կաթողիկոսէն, որ վերջերս Հռոմի ք. Լեւոնեան վարժարան այցելութիւն տուած էր: Ստորեւ նամակը կու տանք նոյնութեամբ.
Սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս,
Վատիկան կատարած Մեր պաշտօնական այցելութենէն վերդարձին, սրտի քաղցր պարտք կը զգանք Ձերդ Ամենապատուութեան յղել եղբայրական Մեր այս գիրը:
Արդարեւ, հոգեկան գոհունակութիւն եղաւ Մեզի համար Հռոմի մէջ վայելել եղբայրական սէրը, որ արտայայտութիւն գտաւ Ձեր եկեղեցւոյ Գերապայծառութեան կողմէ մեզի հանդէպ ցուցաբերած խոր յարգանքով ու ջերմ ընդունելութեամբ: Արդարեւ, Մեզի եւ Մեզի ընկերացող պատոիրակութեան անդամներուն մտքերուն մէջ յիշատակելի պահեր պիտի մնան եկեղեցւոյ մէջ կատարուած սրբազան արարողութիւնը, Լեւոնեան Վարժարան տրուած այցելութիւնն ու Մեզի ի պատիւ սարքուած ճաշը, որու ընթացքին ստեղծուած ջերմ մթնոլորտն ու փոխանակուած խօսքերը խոր տպաւորութիւն թողուցին Մեր վրայ:
Կ’ աղօթենք առ Ամենաբարին Աստուած, որ Ձերդ Ամենապատուութեան շնորհէ քաջառողջութիւն եւ երկար գահակալութիւն:
Եղբայրական սիրոյ ողջունիւ,
Աղօթակից՝
Արամ Ա. Կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ