Յոյժ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Յիսուս, ահռելի չարչարանքներէ ետք, խաչին վրայ կը մեռնի եւ իր սրբափայլ հոգին կ’աւանդէ Հօրը ձեռքերուն մէջ: Կը բանայ երկնքի դռները, որ գոց մնացած էին Ադամի մեղքէն ի վեր:
Աւագ Ուրբաթ եւ Աւագ Շաբաթ օրերը խիստ ծոմապահութեան, հսկումի եւ աղօթքի պահեր են ի յիշատակ Յիսուսի չարչարանաց, մահուան եւ թաղման: Ասոնք տարուան հոգեպարար արարողութիւններու եւ խորհրդածութեան մեծագոյն առիթներն են մեր փրկագործութեան համար:
Այսօրուայ խորհուրդը մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսի ահաւոր տանջանքները: Անոնք որ առիթը ունեցած են տեսնելու «Յիսուսի չարչարանաց» ժապաւէնը կրնան երեւակայել, թէպէտ մասամբ, թէ որ՜քան Յիսուս տառապեցաւ մեր մեղքերուն պատճառով: Յետոյ պիտի կատարենք Ս. Խաչի երկրպագութիւնը, որովհետեւ խաչը մեր փրկութեան գործիք դարձաւ եւ ուստի փառաւորուեցաւ:
Բայց խաչին վրայ կախուած ի՞նչ կը տեսնենք: Տառապող մարդ մը, Աստուծոյ Ծառան, որուն վիճակը Եսայի մարգարէն յուզիչ կերպով պատկերացուց, ինչպէս քիչ առաջ լսեցինք: Այս պատկերացումին սկիզբը Տէրը կը հաստատէ Աստուծոյ Ծառային վերջնական յաղթանակը. կ’ըսէ՝ «Ահա իմ ծառաս յաջողութիւն պիտի գտնէ, պիտի մեծնայ ու պիտի բարձրանայ եւ պիտի փառաւորուի շատ» (Ծբ. 13): Յետոյ կը ներկայացնէ ժողովուրդները, որոնք սարսափած մնացին երբ տեսան այս ծառային զարհուրելի կերպարանքը: Կ’ըսեն՝ «Անոր երեսը մարդու կերպարանք չ’ունէր ու անոր տեսքը ոչ մէկ հրապոյր ունէր: Ընդհակառակն՝ դարձած էր արհամարանքնի առարկայ մը եւ նողկանքը մարդկութեան»: Ահա, սիրելիներս, Եսայի պատկերացումը Աստուծոյ Ծառային մասին, որ չարչարուած եւ մարմինը վէրքերով լեցուած Յիսուսն է:
Բայց յանկարծ ժողովուրդին սրտին մէջ հաւատքի նշաններ կը սկսին երեւնալ: Կ’ըսեն՝ «Իրաւցնէ անիկա մեր ցաւերը վերցուց ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ: Անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ ու մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ եւ անոր վէրքերովը բժշկուեցանք»:
Անկէ մեկնելով Ս. Պօղոս մեզի կը սորվեցնէ թէ ամէնքս մեղաւոր ենք, առանց բացառութեան, եւ Յիսուս մեր բոլորին մեղքերը վերցուց խաչին վրայ: Ս. Պետրոս, իր առաջին թուղթին մէջ նոյնը կը հաստատէ, ըսելով՝ «(Յիսուս) իր մարմինով մեր յանցանքները բարձրացուց խաչին վրայ, որպէսզի մենք ազատինք մեր յանցանքներէն եւ ապրինք արդարութեան համար, եւ դուք բուժուեցաք անոր վէրքերով» (Ա. Պետ. 1,24):
Բայց պատկերը հոս չի վերջանար, եթէ ոչ Յիսուսին գործը անկատար պիտի մնար: Մարգարէն կը շարունակէ ըսելով՝ «իր հոգիի տառապանքէն ետք, Աստուծոյ Ծառան պիտի տեսնէ լոյսը եւ պիտի կշտանայ: Հաւատարիմ ծառաս իր տառապանքներովը պիտի արդարացնէ բազմութիւնները, իր վրայ առնելով անոնց յանցանքները»: Այս խօսքին մէջ նորութիւն մը կը գտնենք: Ին՞չ է այդ նորութիւնը. այն է որ Ծառան չի խնդրեր Աստուծմէ վրէժխնդրութիւն իր թշնամիներուն դէմ, ինչպէս ըրած էին ժամանակին Յոբ արդարը կամ Երեմիայ մարգարէն կամ ուրիշներ: Նոյնպէս ալ Աստուած վրէժ չառնէր յանցաւորներէն ու արդարութիւն չի շնորհէր իր Ծառային: Զարմանալին հոս է. Աստուած, պատժելու տեղ յանցապարտները, բոլոր մեղաւորները, որոնցմէ մենք, զանոնք կ’արդարացնէ: Մարդկային կերպով անհասկնալի է այս տրամաբանութիւնը: Միայն Աստուած կրնար այսպիսի նոր տեսակ արդարութիւն մը մէջտեղ բերել, որպէսզի մենք ալ, մեղաւորներս, չպատժուինք մեր մեղքերուն պատճառով, այլ արդարութիւն գտնենք Յիսուսի արիւնով:
Բայց անհասկնալի կը մնայ նաեւ հետեւեալ խօսքը՝ «Տէրը հաճեցաւ, որ չարչարանքներով իր Ծառան ճզմուի»: Սոսկում կը պատճառէ մեզի մտածել թէ՝ Աստուած հաճեցաւ չարչարել իր Միածին Որդին, եւ ընդհանրապէս ոեւէ անձ: Բայց շիտա՞կ է որ Յիսուսի չարչարանքը իսկապէս հաճելի եղաւ Աստուծոյ: Ո՛չ: Ապա ի՞նչ հաճելի եղաւ Աստուծոյ. չարչարանքին նպատակը, այսինքն մարդոց փրկութիւնը, մեր փրկութիւնը հաճելի եղաւ Աստուծոյ:
Յիսուսի տանջանքները՝ այսպէս մարգարէացած Եսայի կողմէ եւ պատմաբանօրէն նկարագրուած Աւետարանիչներու ձեռքով, մեզի կարեւոր պատգամ մը կը թողուն, մանաւանդ ներկայ աշխարհի պայմաններուն մէջ: Պատգամը կ’ըսէ այսօրուայ բռնութեան վճռական Ոչ մը: Աստուծոյ Ծառան բռնութիւն չգործեց, թէպէտ մարդոց բոլոր բռնութիւնները վերցուց իր վրայ՝ ծեծուեցաւ, խոցուեցաւ, արհամարհուեցաւ, կոխկռտուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ, այսու հանդերձ բոլոր այն ժամանակ, բերանը չբացաւ: Վարուեցաւ հեզ գառնուկի նման որ սպանդանոց կը տարուի: Վրէժ առնել չուզեց, այլ ինքզինք զոհեց մեր մեղքերուն քաւութեան համար: Ոչ միայն, այլ միջամտեց զինք սպաննողներուն ի նպաստ որպէսզի չդատապարտուին. «Հա՛յր, ըսաւ, ներէ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր ինչ կ’ընեն» (Ղկ.Ի. 34): Երեւակայեցէք ուր հասած է Յիսուսին սէրը մեզի հանդէպ:
Յիսուս յաղթահարեց բռնութիւնը: Յաղթեց անոր, ոչ թէ հակադրելով աւելի զօրաւոր բռնութեամբ մը, այլ զայն իր վրայ կրելով, եւ այսպէս փաստելով թէ՝ բռնութիւնը անարդար է եւ անօգուտ: Յիսուս հիմնեց նոր ոճ մը բռնութիւնը յաղթահարելու համար, զոր Ս. Օգոստինոս կը համառօտէ սա 3 բառերով՝ «յաղթական, որովհետեւ զոհ»: Նայեցէք, սիրելիներս, որ բռնութիւնը կը գտնուի ամէն տեղ, ոչ միայն միջազգային գետնի վրայ, այլ նաեւ մեր ընկերութեան մէջ՝ մեր տան մէջ, մեր գործին մէջ, մեր թաղին մէջ, եւ ան՝ մեզ կը գայթակղեցնէ:
Մենք, քրիստոնեաներս, հարց ունինք: Կը սոսկանք այն գաղափարին, որ կարելի է Աստուծոյ անունով մարդ սպաննել: Բայց ուրիշներ մեզի կ’առարկեն, թէ Ս. իրքը լեցուն է պատերազմի պատմութիւններով եւ բռնութիւններով, ինչպէս՝ կործանել քաղաքներ, սպաննել թշնամիներ, ինչպէս նաեւ գործադրել Մովսէսի Օրէնքին մէջ մահապատիժի բազմաթիւ պարագաներ :
Եթէ Յիսուսին ըրած ըլլային սոյն առարկութիւնը, պիտի պատասխանէր իրենց ինչ որ ըսաւ ամուսնալուծման հարցին մասին՝ «Ձեր սրտի խստութեան համար Մովսէս արտօնեց ձեզի ձեր կիները արձակել, սակայն սկիզբէն այդպէս չէր» (Մտթ. ԺԹ. 8): Նոյնը կարելի է ըսել բռնութեան մասին՝ «սկիզբէն այդպէս չէր»: Ծննդոց գիրքին առաջին գլուխը մեզի կը ներկայացնէ աշխարհ մը ուր բռնութիւնը աներեւակայելի է: Նոյնիսկ վրէժ առնելու Աբէլի
մահուան պատճառով՝ Կայէն սպաննելը ընդունելի չէ, ըսաւ Աստուած (տես Ծննդ. Դ. 15): Աստուծոյ օրէնսդրութիւնը պատուիրանին մէջ յստակ է՝ «Մի՛ սպաններ»:
Աստուած թոյլ տուաւ Հին Կտակարանին մէջ որ տեղի ունենան բռնութիւնը,
բազմակնութիւնը եւ ամուսնալուծումը միմիայն մարդոց խստասրտութեան պատճառով:
Բայց Աստուած ժամանակին ընթացքին կրթեց իր ժողովուրդը եւ ուղղեց դէպի սկզբնական օրէնքին, մինչեւ նոր ստեղծագործութիւնը որ հաստատեց Յիսուսի Յարութեամբ: Այն ժամանակ, մէջտեղ եկաւ լերան քարոզը ուր կը յայտարարէ՝ «լսած էք որ ըսուեր է. Աչք՝ աչքի դէմ, ակռայ՝ ակռայի դէմ: Բայց Ես կ’ըսեմ ձեզի, չարին հակառակ մի՛ կենաք: Այլ՝ եթէ մէկը ապտակ մը զարնէ աջ այտիդ՝ դարձ՛ուր անոր միւսն ալ... Լսած էք որ ըսուեր է. Սիրէ՛ քու ընկերդ եւ ատէ՛ քու թշնամիդ: Բայց ես կ’ըսեմ ձեզի. Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, բարիք ըր՛էք ձեզ ատողներուն, աղօթեց՛էք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն» (Մտթ.Ե. 38-39, 43-44):
Այս խօսքերով, Աստուած վերջնական եւ կտրուկ Ոչ մը ըսաւ բռնութեան եւ վրէժխնդրութեան, անոր հակազդելով ներումով եւ հեզութեամբ «Սորվեց՛էք ինծմէ, կ’ըսէ Յիսուս, որ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ» (Մտթ. ԺԱ. 29): Բուն լերան քարոզը, կարելի է ըսել, ան չէ որ օր մը Յիսուս խօսեացաւ ալիլիոյ բլուրին վրայ, այլ ան որ աղգաթայի բլուրին վրայ խաչին վրայ ներկայացուց. ոչ խօսքով, այլ լռութեամբ ու զոհուելով: Եւ հիմա մեզի նոյնը կը թելադրէ այսօրուայ հոգեպարար խորհուրդով:
Խորհրդածելով համայնավար վարչակարգի անկումին մասին, Աստուծոյ Ծառան՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը նկատեց որ ան՝ անարիւն կերպով տեղի ունեցաւ շնորհիւ բազմաթիւ այրերու եւ կիներու, որոնք գիտցան իրենց վկայութիւնը տալ առանց դիմելու բռնութեան: Անկէ մեկնելով, Սրբ. Պապը մաղթանք մը կ’արտայայտէ, որ այժմէական կը մնայ նոյնիսկ այսօր. կ’ըսէ՝ «թող մարդիկ սորվին պայքարիլ արդարութեան համար, բայց առանց բռնութեան»:
Սիրելիներս, Աղօթքի վերածենք սոյն մաղթանքը, ըսելով՝ «Տէր Յիս՛ուս, քեզմէ չենք խնդրեր որ կործանես կամ պատժես յանցաւորները, այլ որ փոխես անոնց սիրտը եւ դարձի բերես: Տէ՛ր, օգնէ մեզի ըսելու, Յիսուսի նման, մեր յանցապարտներուն նկատմամբ՝ «Հա՛յր, ներէ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր ինչ կ’ընեն» (Ղկ. Ի. 34):
Ո՜վ Աստուածամայր, դուն որ հետեւեցար Յիսուսի խաչիի ճանապարհին վրայ, դուն որ խաչուած զաւկիդ հետ միասին չարչարուեցար, ներշնչէ մեզի եւ մեր ժամանակի բոլոր մարդոց եւ կիներուն նման մտածումներ եւ ներումի խորհուրդներ. Ամէն: