Պէյրութ, Լիբանան
Երեքշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2010, կէսօրուան ժամը 12-ին, Լիբանանի կաթողիկէ լրագրութեան կեդրոնէն ներս, Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը մամլոյ ասուլիսով մը ներկայացուց «եկեղեցական հաղորդութեան աստուածաբանական իմաստը» Միջին Արեւելքի կաթողիկէ Եկեղեցիներու համար յատուկ սիւնհոդոսին առիթով (Վատիկան, 10-24 հոկտեմբեր 2010): Իր խօսքին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նախ նշեց թէ եկեղեցւոյ մէջ համայնքներու բազմատեսականութիւնը կը գեղեցկացնէ անոր միասնական դիմագիծը: Ան յայտնեց, որ հաղորդութեան պատկերը կը ներկայանայ Քրիստոսի մարմինը եւ արիւնը բաժնելով հաւատացեալներուն միջեւ, ուստի հաղորդութիւնը կը կայանայ ընդհանրական մարմնին մէջ, որ Եկեղեցին է:
Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ Գոհութեան խորհուրդին մասին, ներշնչուելով լատիներէն «communio» բառէն, եւ յայտնաբերելով անոր միութենական խորունկ իմաստը, որ կ՛ենթադրէ Եկեղեցւոյ ամբողջական միասնականութիւնը, առանց մոռնալու անոր հիմնական դերը ամրապնդելու միջ-քրիստոնէական միութեան կապը: Հոգեւոր Տէրը փակեց իր խօսքը խրախուսելով բոլորը «բաժնելու նոյն հացը» եւ իրապէս ներկայանալու որպէս մէկ մարմին, մէկ ամբողջականութիւն ընդառաջելով հետեւաբար Յիսուսի եւ բոլոր հաւատացեալներու բաղձանքին:
Յիշենք, որ բացման խօսքը փոխանցեց ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական խորհուրդի նախագահ՝ Պշարա Րաաի եպիսկոպոսը, որ բարի գալուստի մաղթանքէն ետք անդրադարձաւ իր զեկոյցին մէջ Միջին Արեւելքի կաթողիկէ Եկեղեցիներու համար յատուկ սիւնհոդոսին մասին, մատնանշելով չորս կարեւոր հագրուանները, որոնք կը կողմնորոշեն համագումարին աշխատանքային ծրագիրը:
Ասուլիսին զեկուցեցին նաեւ Սայտայի եւ Տէյր էլ Ամարի յոյն կաթողիկէ մեթրոպոլիթ Էլի Պշարա Հատտատ, ազգային լրատուութեան գործակալութեան տնօրէնուհի տիկ. Լոր Սլէյման Սաապ եւ կեդրոնի տնօրէն հայր Ապտօ Պու Քասմ, որոնք յայտնաբերեցին Եկեղեցւոյ հաղորդութեան գաղափարը եւ անոր հիմնական առաքելութիւնը իրագործելու համար ամբողջական միութիւնը, ամրապնդելով միջ-եկեղեցական եւ Եկեղեցի-աշխարհական հաստատուն կապերը: