Պէյրութ
2 յունիս 2014-ին, Հալէպի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը հարուածած հրթիռ մը նիւթական ծանր վնասներ պատճառած է շէնքին եւ «Հաւատք» վարժարանին: Լրատուական աղբիւրները կը հաղորդեն թէ իրավիճակը հայկական «Նոր Գիւղ» թաղամասին մէջ վատթարացած է վերջին օրերուն եւ հրթիրներ տեղացած են հայկական շրջաններուն վրայ: Արձանագրուած են վիրաւորներ եւ նիւթական մեծ վնասներ: