Չորեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2010 - Կրօնական ազատութիւնը՝ ճանապարհը դէպի խաղաղութիւն


Հռոմ

 

2011-ի Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան խորագիրն է. «Կրօնական ազատութիւնը՝ ճանապարհը դէպի խաղաղութիւն»։ Այս առթիւ, հինգշաբթի 16 դեկտեմբերին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի պիտի ունենայ խաղաղութեան համաշխարհային 44-րդ օրուան պատգամին ներկայացումը, որ կը կատարէ կարտինալ Թիւրքսոն` նախագահը խաղաղութիւն եւ արդարութիւն քահանայապետական խորհուրդին, նոյն գրասենեակի քարտուղարը գերապայծառ ֆրոնդիերօ եւ­ տոքթոր տի Ռուցցան:

Այս խորագիրը կը մեկնի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ներկայ դժուարութիւններէն ու տառապանքներէն աշխարհի տարբեր տարածքներուն մէջ, ինչպէս Միջին Արեւելք, Ասիոյ տարբեր շրջաններ եւ նոյնիսկ Եւրոպայ, ուր քրիստոնեաներուն իրաւունքները բաւական կաշկանդուած եւ վտանգուած են, ըստ վատիկանեան աղբիւրներու եւ տեղեկագրութիւններու:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ