Երկուշաբթի, 9 Յուլիս 2012 - Հոգեւոր Տիրոջ խօսքը Քահանայապետական շքանշաններու տուչութեան ընթացքին

 

Արհիապատիւ Հայր, Հոգեշնորհ Սրբազան Հայր,
Գերապայծառ, Գերյարգելի, Գերապատիւ վարդապետներ եւ
Արժանապատիւ Քահանաներ
Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք լիազօր դեսպան
Յարգոյապատիւ Սարկաւագներ
Առաքինափայլ Քոյրեր
Լիբանանեան եւ ազգային անձնաւորութիւններ եւ պատասխանատուներ բարեսիրական, կրթական եւ մամուլի ներկայացուցիչներ
Պատուարժան շքանշանակիրներու հարազատներ եւ պատուական հիւրեր
Խօսքս յատուկէն ձեզի է Մեծայարգ Տիար Ռաֆայէլ Ումուտեան եւ Ազնուափայլ Տիկին Անի Գալուստ,

Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է այսօր՝ ազնուոգի մարդոց եւ նման համայնքասէր եւ ազգանուէր հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ զաւակներ, ինչպէս եւ հաւատարիմ քրիստոնեայի օժտուած ձիրքերով անձեր, ձեզ տեսնել լիբանանահայ համբաւի տիրացած պատուաւոր հայերու շարքին։ Ձեր բազմաթիւ տարիներու անձնուիրումը ձեզի ի նպաստ կը վկայէ թէ՛ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ հայկական ասպարէզներէն ներս։ Իսկ իմ ուրախութիւնս կը բազմապատկուի այն իրողութեամբ, որ ձեր անունները Լիբանանի մակարդակով եւ երկար տարիներով առընչուած են համահայկական եւ բարեսիրական բազմաթիւ եւ զանազան կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու հետ։

Վաստակը որ կը կատարէք, մեծայարգ Տիար Ումուտեան եւ Ազնուափայլ Տիկին Գալուստ, արդիւնքն է ձեր համոզումին, զոր կազմեցիք որպէս հայ եւ որպէս քրիստոնեայ շնորհիւ ձեր դաստիարակութեան, որ ընդունեցաք նախ՝ ձեր աստուածավախ եւ ազգասէր ընտանիքին մէջ, ապա՝ իբրեւ աշակերտ կաթողիկէ վարժարաններուն, ինչպէս նաեւ որպէս գործունեայ անդամ հայ համայնքէն ներս ընդհանրապէս եւ հայ կաթողիկէ հասարակութեան մէջ մասնաւորաբար։

Ձեր ցուցաբերած անձնուէր գործունէութիւնը ձեզի շնորհեց վարկ ու համարում լիբանանահայութեան մէջ եւ ձեզ արժանի դարձուց ստանձնելու բազմաթիւ պատասխանատու դիրքեր եւ պաշտօններ։

Ազնուափայլ Տիկին Անի, դուք կրցաք քրիստոնէական իմաստութեամբ հաշտեցնել ձեր ընտանեկան պարտականութիւնները այլազան ձեր նախաձեռնած գործունէութիւններուն հետ։ Այսպէս, երկար տարիներէ ի վեր մաս կը կազմէք «Սրբոյ Կուսին Աւետման» ժողովրդապետութեան Եկեղեցասէր Տիկնանց միութեան, «Քարիթաս»ի կազմակերպութեան, ընկերային ծառայողներու, եւ որպէս այդ՝ կարիքաւորներուն կը հասնիք բժիշկ գտնելով եւ հիւանդանոց ընդունիլ տալով, օրուան որեւէ ժամուն, բոլոր հայերուն համար անխտրաբար, այն աստիճանի, որ անծանօթներ անգամ ձեզի կը դիմեն, եւ որ բնաւ չէք մերժեր։ Յաճախ կը ստիպուիք օրը քանի մը անգամ հիւանդանոց երթալ, ձեզի վստահուած վատառողջներուն հարցերը կարգաւորելու համար։

Նոյնպէս, որպէս ընկերային ծառայող, բանտ կ’այցելէք հաւատարմօրէն ամէն շաբաթ եւ հոն դժբախտ հայորդիներ կը մխիթարէք օգտակար դառնալով անոնց։

Տարիներէ ի վեր, անդամ էք Սուրբ Գրիգոր, Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ «Հայ Կաթողիկէ Աղքատախնամ»ի, «Մելքոնեան» համալսարականներու ֆոնտի խորհուրդի, «Ումանիթաս» ոչ-կառավարական կազմակերպութեան։ Մեր համայնքին ներկայացուցիչն էք «Աֆետ» հաստատութեան մօտ եւ անդամ լիբանանահայ ընկերային ծառայողներուն։ Կը գործակցիք նաեւ «Ճինիշեան» եւ «Գարակէօզեան» բարեսիրական հաստատութիւններուն հետ։ Այս բազմազան գործունէութիւններուն ի խնդիր կը վայելէք ձեր ազնիւ եւ լայնախոհ կողակիցին քաջալերանքն ու զօրակցութիւնը։
 
Ձեր երկար տարիներու մարդասիրական նուիրումին համար արժանացաք 28 փետրուար 2001ին «Վասն Եկեղեցւոյ եւ Քահանայապետին» քահանայապետական պատուանշանին։

Յարգոյ Պարոն Ռաֆայէլ, դուք երկար տարիներու ձեր արգասիքի հունձքը կը վայելէք։ Արդարեւ, Պատրիարքութեան հաշուապահութեան պաշտօնէն ետք‚ Պատրիարքական թեմի մատակարարի պաշտօնը ստանձնած էք‚ ինչպէս նաեւ անդամ էք Պատրիարքական թեմի տնտեսական յանձնախումբի, դպրոցներու մարմնի յանձնախումբի, գերեզմանոցներու թեմական խորհուրդի, Աղաճանեան Սանուց Տան Հոգատար Մարմնի, «Քարիթաս Լիբանան» կազմակերպութեան‚ 1915-ի Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Յանձնախումբի  եւ «Մելքոնեան» համալսարականներու ֆոնտի խորհուրդի։

Իսկ ազգային մակարդակին վրայ, անդամ էք Գարակէօզեան Հաստատութեան Յանձնախումբի, 1915-ի Ցեղասպանութեան 100 ամեակի լիբանանի շրջանային յանձնախումբի, Հայաստանի ծագումով հայ Ֆինանսիերներու եւ Պանքերներու Ֆորումի հիմնադիր եւ Յանձնախումբի վարչական անդամ։ Յիշենք նաեւ որ 14 տարի Ճինիշեան հաստատութեան մարմնի մաս կազմեցիք։

Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, գիտակցելով ձեր երկուքին եկեղեցասէր ու ազգանուէր արժանիքներուն եւ ձեր անձնուիրումի ոգիին հանդէպ Հայ Ազգին եւ ձեր համայնքին, ձեզ կը պարգեւատրէ Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի Կարգով, որ Սուրբ Աթոռի հնագոյն Կարգերէն մին է։ Այս կարգը հաստատուած է 1 Սեպտեմբեր 1831ին՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մեծ բարերարին, երջանկայիշատակ Գրիգոր ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։

Թող ձեր խնկելի եւ բարի օրինակը յարուցանէ արժանաւոր նորանոր անձնուէր անդամներ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ հայ Ազգին ծառայութեան համար։

Այս բերկրալի առիթով սրտանց իմ շնորհաւորութիւններս կը յայտնեմ ձեզի, հայցելով ձեր անձերուն, ինչպէս նաեւ ձեր ընտանիքներու բոլոր անդամներուն վրայ աստուածային լիառատ օրհնութիւնները։
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ