Երեւան, 7 նոյեմբեր 2011
Հայաստանի հանրապետութեան սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Հակոբեան շնորհաւորական նամակ յղած է Զմմառու Պատրիարքական միաբանութեան նոր պատրիարքական փոխանորդ գերյ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանին, վանքի մեծաւոր եւ միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ նշանակուելու կապակցութեամբ։
Նախարար Հակոբեան նամակին մէջ կը յայտնէ որ գերյ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան իր հոգեւոր ու ազգային ծառայութեամբ եւ ազնիւ նուիրումով կը շարունակէ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հայեցի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ հայապահպանման ու համազգային նոր ծրագրերու իրականացման, ի սպաս հայ ժողովուրդի միասնութեան եւ հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան զարգացման։
Կը հաղորդենք նաեւ, որ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անուանեց գերյ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանը՝ ժողովրդապետ Վերափոխման սրբոյ Կուսին ժողովրդապետութեան, ինչպէս նաեւ անուանեց արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանը որպէս հոգեւոր հայր Զմմառու վանքի նոր ընծայարանին։