Հինգշաբթի, 2 Մայիս 2013 - Հալէպի մէջ արեւանգուած եպիսկոպոսներուն ու քահանաներուն ազատագրման համար աղօթք Աղեքսանդրիոյ մէջ

Աղեքսանդրիա

Կիրակի 28 Ապրիլին երեկոյեան ժամը 6.30-ին Գահիրէի հայ կաթողիկէ Աւետման Տիրամօր նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագ եւ աղօթքի երեկոյ Հալէպի մէջ արեւանգուած եպիսկոպոսներուն ու քահանաներուն ազատագրման համար: Հալէպի հայ կաթողիկէ վարդապետ՝ Հայր Միքայէլ վրդ. Քայյալ 9 Փետրուարէն ի վեր առեւանգուած է Սուրիոյ մէջ: Աղօթքին ներկայ էին Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան՝ Տոքթ. Արմէն Մելքոնեան եւ հիւպատոս՝ Տիար Վարդգէս Օհաննէսեան, ինչպէս եւս Սուրիոյ ու Մալթայի դեսպաններու ներկայացուցիչներ, պետական ու կրօնական անձնաւորութիւններ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։
Սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք արհիապատիւ Գրիգոր Եպիսկոպոս Գուսան իր քարոզին մէջ կեդրունացաւ «Բարի Հովիւին» վրայ, կոչ ուղղելով որպէսզի արեւանգուած եկեղեցականները՝ հոգեւոր հովիւները, ազատ արձակուին ու դառնան իրենց առաքելութեան եւ իրենց հօտին։ Ան երախտագիտութեամբ յիշեց երկու եպիսկոպոսները որոնք 2004-ի մայիս 9-ին, մասնակցած էին իր իսկ եպիսկոպոսական օծման արարողութեան, նաեւ անդրադարձաւ իրենց բարի ընդունելութեան Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքին այցելութեան առթիւ։ Աղօթենք -ըսաւ սրբազանը- որ խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը վերահաստքտուի կը սպասենք հաւատքով ու մեծ յոյսով։

Պատարագի աւարտին ներկաներուն բաժնուեցաւ վառած մոմեր որպէսզի զետեղեն Խաղաղութեան Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ։

Բնագիրը քաղուած է Ռատիովատիկանի կայքէջի http://hy.radiovaticana.va/news/2013/04/30/%D5%A1%D5%B2%D5%A5%D6%84%D5%BD%D5%A1%D5%B6%D5%A4%D6%80%D5%AB%D5%B8%D5%B5_%D5%AF%D5%A1%D5%A9%D5%B8%D5%B2%D5%AB%D5%AF%D5%A7_%D5%B0%D5%A1%D5%B5%D5%B8%D6%81_%D5%A5%D5%AF%D5%A5%D5%B2%D5%A5%D6%81%D6%82%D5%B8%D5%B5_%D5%B4%D5%A7%D5%BB_%D5%A1%D5%B2%D6%85%D5%A9%D6%84,_%D5%B0%D5%A1%D5%AC%D5%A7%D5%BA%D5%AB_%D5%B4%D5%A7/arm-687728
էջէն


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ