Հինգշաբթի, 15 Յունիս 2006 - Աւստրալիոյ Նորանշանակ Դեսպանը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ Նորանշանակ դեսպանը՝ Լինտըլ Սաքս, Հինգշաբթի, 15 Յունիս 2006ին, կէսօրէն առաջ այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին որուն ներկայ եղան Թեմական Յանձնախումբի անդամներ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդհառաջելով Մեծարգոյ հիւրին հետաքրքրութեան, լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց ընդհանրապէս Հայութեան եւ մասնաւորաբար սփիւռքահայութեան եւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի մասին, ծանրանալով Հայոց Ցեղասպանութեան եւ պահանչատիրութեան վրայ: Ապա, խօսակցութիւնը շօշափեց Լիբանանի կացութիւնը ընդհանուր առմամբ, երկրին մէջ ստեղծուած ընկերային եւ տնտեսական պայմանները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ համաշխարհային խնդիրները: Շեշտուեցաւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը միջազգային ընտանիքը յուզող տագնապներու կարգադրութեան համար:

Դեսպանուհին գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հայ ժողովուրդի մասին, դրուատելով անոր կառչածութիւնը իր մշակոյթին ու աւանդութիւններուն, համարկուելով հանդերձ իր գտնուած երկրի միջավայրին ու պայմաններուն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ