Ուրբաթ, 6 Յունիս 2008 - Քնար Երգչախումբի Տարեկան Ելոյթը

Դամասկոս, Սուրիա

 
Կիրակի, 1 Յունիս 2008-ին, Հայ Կաթողիկէ Ամինեան սրահին մէջ իր տարեկան համերգը ներկայացուց Դամասկոսի ՀԿՄ- «Քնար» երգչախումբը: Ձեռնարկը կը հովանաւորէր ու
 
կը նախագահէր Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ՝ Արհի. Յովսէփ եպս.Առնաութեանը: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Արմաշ եպս. Նալպանտեանը, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Պատուելի Տաթեւ Պասմաճեանը, հոգեւորական հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան առաջին քարտուղար Տէր եւ տիկին  Կարէն Գրիգորեանը ու դեսպանատան  կցորդ Տէր եւ տիկին .Կարէն Մաթէոսեանը, Պելճիքայի դեսպանատան առեւտրական կցորդ, համայնքիս զաւակներէն Պրն. Անթուան Ամիրզան, Դամասկոսի ազգային բարձրագոյն երաժշանոցի փոխ-տնօրէն Պրն. Հուսամ Պրիմոն ու երաժշտանոցի պետական սենեկային երգչախումբի խմբավար Պրն. Վիքթոր Պապենքոն ու երգչախմբային գործունէութեամբ հետաքրքրուող տեղացի մասնագէտներ ու երաժիշտներ, հայկական քոյր միութիւններու ու համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ հիւրեր ու դամասկահայ ազգայիններ:
Արտասանուեցան ողջոյնի խօսքեր   արաբերէն ու հայերէն լեզուներով երգչախումբի անդամներ Գրիգոր Ասատուրեանի ու Ալին Քէշիշեանի կողմէ, որոնք շեշտեցին թէ ՀԿՄ-ի պատասխանատուները հոսանքն ի վեր դիավարելու կամքով կ՝աշխատին կանքուն պահել «Քնար»ը, հաւատացած ըլլալով որ նման գործունէութեամբ կարելի է պայքարիլ համատարած ցուլման դէմ ու մօտենալ մեր մշակոյթի ջինջ ակունքներուն

 
«Քնար» երգչախումբը ղեկավարութեամբ Շանթ Քէշիշեանի կատարեցին էտկար Յովհաննիսեանի ստեղծագործութիւններէն 2 երգ նուիրուած մայր հայրենիքի, Ալան
 
Յովհաննէսի երաժշտութեամբ Ս.Ներսէս Շնորհալիի «Պահապան Ամենայնի» աղօթքը յաջող մենակատարութեամբ Պետրոս Քէշիշեանի, Խ. Աւետիսեանի «Երեւան»ը, Գուսան Շահէնի «Նայիրեան դալար բարտի»ն Հենրիկ Անասեանի մշակմամբ, Առնօ Պապաճանեանի «Տղերքը որոնք չկան» հոյակապ երգը զոր խմբավարը ձօնեց բոլոր նահատակներուն մանավանդ Ղարաբաղի ազատութեան համար զոհուած հերոսներուն՝ շարժման սկզբնաւորութեան 20 ամեակի առթիւ: Ալեքսանտր Յարութիւնեանի  «Տլէ եաման» երգի փայլուն մշակումը որու մէջ կ՝արտայայտուի Ցեղասպանութեան արհաւիրքը,հայ ժողովուրդի արդար բողոքն ու զայրոյթը ու վերջապէս  գոյատեւման կամքի յաղթանակը՝ երգչախումբը կատարեց պատշաճ ձեւով: Դաշնակահար  Առնօ Քէշիշեանի յաջող նուագակցութիւնը ամբողջ համերգի տեւողութեան  մեծապէս նպաստեց երգերու որակաւոր մատուցման: Ելոյթը շարունակուեցաւ ժողովրդական երգերու մշակումներով: Թ. Ալթունեանի ներդաշնակած Նուպար-Նուպարը երգիչները կատարեցին հաճոյքով: Այստեղ խմբավարը ներկաներուն նշեց թէ այս տարի 70 ամեակն է Հայաստանի Թ.Ալթունեանի անունը կրող երգի-պարի պետական խումբին՝ որու կատարումներն ու զանազան այցելութիւնները սփիւռք՝ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած են: «Down by the river side» հոգեւոր երգը կատարուեցաւ կշռոյթով:  հաճելի եղաւ ունկնդրութիւնըլ «Նաշիտ ալ շապապ» արաբական ազգային երգի Վ.Պապենքօյի մշակումը: Երգչախումբի երկար տարիներու հիմնական  երգիչներէն Ժան Փիէր Իսքենտէրեանի կատարումը Գուսան Հաւասիի «Գարուն եկաւ» երգին,   հրճուանք տարածեց սրահին մէջ: Ներկաներու տրամադրութիւնը ալ աւելի բարձրացաւ ունկնդրելով Ռուսական յայտնի «Kalinka» երգի Վ. Պապենքօյի մշակումը որու մեներգի բաժինները լաւապէս մեկնաբանեցին ԺոզէՖ Իսքէնտէրեանն ու Սարգիս Քէշիշեանը, ապա հնչեց Լատին ամերիկեան «Sway» երգը :Հայկական ժողովրդական երգերէ կազմուած շարան մը Ս.Շաքարեանի մշակմամբ հրամցուեցաւ ունկնդիրներուն մեծ ճաշակով: Այս ու մի քանի այլ ժողովրդական երգերու կատարումներուն իւրայատուկ երանգ տուաւ հայկական «Տհոլի» նուագակցութիւնը որ յաջողապէս կատարեց խումբի երիտասարդ անդամներէն Ժան Թուման: Ուրախալի էր նկատել բեմին վրայ  խումբին նոր միացած երիտասարդ անդամ-անդամուհիները որոնք պիտի ապահովեն խումբի շարունակականութիւնը, իսկ խմբավար Շանթ Քէշիշեանի տարած աշխատանքը նման յայտագիր ներկայացնելու կապակցութեամբ աւելի քան գնահատելի էր: «Քնար» ի երկար տարիներու պատասխանատու ու կազմակերպիչ Սարգիս Քէշիշեան իր գեղեցիկ ու միշտ առոյգ ձայնով հմայեց ներկաները «Հոռովել» երգի կատարումով, խլելով որոտնդոստ ծափեր: Թ. Ալթունեանի «Հոյ իմ նազանի եարս» երգը  որ երգչախումբի կատարմամբ բազում ան•ամներ հնչած է   այս անգամ ալ լսելի դարցաւ  երաժշտական արդի  ընկերակցութեամբ: Ի վերջոյ համերգը եզրափակուեցաւ  «Սարդարապատ» երգով, ձօնուած Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան ու Սարդարապատի ճակատամարտի 90-ամեակին : Երգի յաղթական ու խրոխտ հնչիւններուն աւարտին՝ ներկաները երկարատեւ ծափահարեցին «Քնար» երգչախումբին որ յաջողեցաւ երգի միջոցաւ Ամինեան սրահի մէջ տօնական իրավիճակ ստեղծել: Գերապայծառ տէրը իր խօսքին մէջ  մեծապէս գնահատեց տարուած աշխատանքը ու ըսաւ թէ պէտք է օրինակ առնել «Քնար» երգչախումբէն ու յարատեւել եկեղեցւոյ ու ազգի  ծառայութեան մէջ:  Մայր հայրենիքի  օրհներգով վերջ գտաւ «Քնար»ի համերգը: Այն ջերմ ընդունելութիւնը որ  ցուցաբերեց հանդիսատեսը ելոյթի ընթացքին, վստահաբար պիտի մղէ   Քնարականները   շարունակելու երգել սիրով ու խանդավառութեամբ:
  

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ