Պէյրութ, Լիբանան
Աւետման տօնին առթիով, Կիրակի , 25 Մարտ 2007-ի առաւօտեան ժամը 10:30ին Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց մատուցեց Ս. Պատարագ Աւետման Ս. Կուսի Եկեղեցւոյ մէջ, Աշրաֆիէ, Պէյրութ:
Այս առթիւ Ամենապատիւ Հագեւոր Տէրը փոխանցեց Իր Հայրապետական Պատգամը.-
Յոյժ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Ուրախութեան պատճառ է Աւետման տօնը կատարել ձեզի հետ միասին Ս. Աստուածածնի Աւետման Եկեղեցւոյ մէջ: Այսօր՝ Աւետման պատգամը մեր խորհրդածութեան նիւթ պիտի ըլլայ, մտածելով որ Աստուած ընտրեց դեռատի աղջիկ մը ըլլալու համար աշխարհի Փրկչին մայրը, Յիսուսին մայրը, ըլլալու համար միջոցը որպէսզի իրագործուի Աստուծոյ փրկագործ ծրագիրը: Տօնելով Աւետումը, չենք կրնար չմեծարել Աստուածամայրը: Ան՝ հաւատքով ընդունեցաւ հրեշտակին աւետիսը, երբ ըսաւ. «Ես Տիրոջ աղախինն եմ, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն» (Ղկ. 1,38): Այս պարզ բայց խորիմաստ խօսքերով, Մարիամ իր ամբողջ կեանքը յանձնեց Աստուծոյ ձեռքը, կարծէք թէ հրեշտակին ըսած ըլլար. «Ես ճերմակ թուղթի նման եմ, թող Աստուած վրան գրէ ինչ որ ուզէ»: Իր պատասխանը տալով հրեշտակին, Մարիամ ծանր որոշում մը առաւ: Ընդունեցաւ ենթարկուիլ հաւատքի վտանքին, այսինքն՝ Մարիամ ինքզինք քարկոծուելու չարաչար վտանքին ենթարկեց, այն պարագային որ Իր ամուսինը՝ Յովսէփ զինք մատնած ըլլար: Բայց Աստուած զինք չձգեց, ինչպէս գիտէք:
Դուք ալ, ձեզմէ ամէն մէկը, աստուածային կոչ մը ընդունեցաւ իր կեանքին ընթացքին՝ ճշմարիտ քրիստոնեայ ապրելու եւ հաւատարիմ մնալու իր հաւատքին ու Աւետարանի սկզբունքներուն: Ձեզմէ ոմանք թերեւս հաւատքի վտանքին ալ ենթարկուեցան, Մարիամի պէս, անշուշտ ոչ քարկոծումի այլ՝ ծաղրանքի, անհասկացողութեան եւ ամէն տեսակ ճնշումի՝ մանաւանդ հարազատներուն կողմէ: Վստահ եմ որ ձեզմէ շատեր ունեցան քաջութիւնը տոկալու եւ ըսելու Տիրոջ. Ահաւասիկ եմ Տէ՛ր, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն, եւ հաւատարիմ մնացին իրենց քրիստոնեայ սկզբունքներուն: Չմոռնաք որ 92 տարի առաջ, մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերն ալ հաւատքի ահաւոր վտան•ին ենթարկուեցան եւ քաջաբար պահեցին իրենց հաւատքը, որ մեզի ձգեցին իբր թանկագին ժառանգ եւ ուխտ:
Սուրբ Կոյս Մարիամ չարտայայտեց Իր հաւատքը ընդունելով այլեւայլ ճշմարտութիւններ, այլ Իր հաւատքը արտայայտեց երբ վստահեցաւ Աստուծոյ լիովին, կարծէք թէ հրեշտակի պատ•ամին իր հաւանութիւնը տուաւ, աչքը քոց, որովհետեւ ապահով էր թէ՝ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» (Ղկ. 1,37): Ահ՛ա, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս տեսակ հաւատք պարտիք ունենալ հետեւելով ձեր պապերուն քաջ օրինակին: Ուշադրութիւն մի՛ դարձնէք ձեր տկարութիւններուն, այլ ձեր աչքերը սեւեռեցէք Աստուծոյ վրայ, որուն քով ոչինչ անկարելի է:
Ս. Օգոստինոս ըսաւ. «Մարիամ յղացաւ Յիսուս նախ իր սրտին մէջ, ապա՝ մարմինով»: Մենք կրնանք եւ պարտինք իրեն նմանիլ մարմնացնելով Յիսուսը մեր կեանքին մէջ, այսինքն՝ հաւատքով: Հաւատալ՝ ըսել է առօրեայ կեանքը ապրիլ Աւետարանին համեմատ, զայն մարմնացնել մեր խօսքերով եւ ապրելակերպով: Յիսուս հաստատեց թէ՝ ով որ ընդունի իր խօսքը եւ Աստուծոյ կամքը կատարէ, ան է իր եղբայրը եւ քոյրը եւ մայրը (տես. Մկ. 3,35), անշուշտ ոչ ֆիզիքապէս, այլ Աստուծոյ կամքը կատարելով՝ հոգեպէս կը դառնանք Յիսուսին եղբայրը, քոյրը եւ մայրը:
Այս հասկացողութեամբ, ո՞վ կրնայ մարմնացնել Յիսուս: Կրնայ այն անձը որ որոշէ փոխել իր ապրելակերպը Աստուծոյ կամքին համաձայն: Յիսուս կը մարմնացնէ այն անձը որ գործով, եւ ոչ թէ խօսքով, կարեւոր բարեփոխութիւններ կը կատարէ իր ընթացքին մէջ. օրինակի համար՝ եթէ մէկու մը հանդէպ ոխակալութիւն ունէր եւ երթայ ու հաշտուի հակառակորդին հետ, եթէ սուտ կը խօսէր եւ սկսի ճշմարտութիւնը ըսել, եթէ անհամբեր էր տան մէջ եւ ջանայ աւելի հասկացող ըլլալ, եթէ կռնակը կը դարձնէր աղքատին եւ սկսի ողորմութիւն ընել, եւ այլն:
Սիրելիներս, այս աշխարհի վրայ ամէն ինչ կ’անցնի, միմիայն Սէրը չ’անցնիր, ան կը մնայ յաւիտենական կեանքին մէջ ալ: Ս. Պօղոս երբ սիրոյ գովեստը կ’ընէ Կորնթացիներուն ուղղած ծանօթ թուղթին մէջ, կը փակէ հետեւեալ խօսքերով. «Հիմա կը մնան հաւատք, յոյս եւ սէր, այս երեքը բայց ամենէն գերազանցը ասոնց մէջ, սէրն է» (Ա. Կորն. 13,13):
Ասոր համար, սիրելիներ, օգտուեց՛էք Քառասնորդաց բարեբաստին մնացած շրջանէն ստուգելու համար ձեր գործերը, արդե՞օք սէրէ մղուած կը կատարէք եւ անոնք ուղղուած են արդեօք դէպի եղբայրասիրութիւն, թ՛է անձնական եւ մարդկային հաշիւով կը կատարէք: Մեր երկնային մայրը՝ Մարիամ կրնայ մեզի բարի օրինակ դառնալ իր շինիչ ընթացքովը: Արդարեւ, ընդունելէ ետք հրեշտակին աւետիսը, անոր առաջին գործը եղաւ փութով ճամբայ ելլել եւ երթալ իր ազգականին՝ Եղիսաբեթին քով, անոր ծառայելու, որովհետեւ Եղիսաբեթ յղի էր իր ծերութեան մէջ, (տես Ղկ. 1,39): Մարիամին այս նախաձեռնութիւնը ճշմարիտ եղբայրասիրութենէն մղուած էր եւ զոր կատարեց խոնարհութեամբ եւ քաջութեամբ, ու չմտածեց թէ անվայել էր իրեն համար, քանի ինք Տիրոջ մայրն է: Սիրելիներս, սկզբունք առէ՛ք՝ Ով որ սիրէ ինքզինք կը մոռնայ եւ ժամանակ ալ կը գտնէ ուրիշին օգտակար ըլլալու համար, եւ հակառակն ալ շիտակ է՝ եթէ ժամանակ չունիս տրամադրելու ուրիշներուն, սէրդ ճշմարիտ է:
Այս է Եկեղեցւոյ պատկերը եւ օրինակը: Ամէն անձ եւ ամէն եկեղեցական հասարակութիւն կոչուած են, Աստուածամօր նման, ընդունելու աստուածային շնորհքը սիրոյ գործեր կատարելու համար: Կը խնդրեմ ձեզմէ որ հայցէք Սուրբ Հոգիին պարգեւները ձեր վրայ, ձեր ընտանիքի անդամներուն վրայ եւ ձեր հասարակութեան վրայ, որպէսզի Աւետման Ս. Կոյսի ժողովրդապետութիւնը ցոլացնէ միշտ Քրիստոսին սէրը ամէն մարդու, ու զայն կատարէ միմիայն Աստուծոյ փառքին համար. բարեխօսութեամբ Աւետման Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինին:
Ո՜վ Ս. Կոյս Մարիամ, դուն որ ապրեցար Յիսուսին հետ,
դրոշմէ՛ մեր սրտին մէջ քու զգացումներդ,
սորվեցու՛ր մեզի քու լռութիւնդ, որ •իտէ մտիկ ընել Յիսուսի փսփսուքներուն:
Ո՜վ Աստուածամայր, օգն՛է մեզի բերելու ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն լիբանանին եւ լիբանանցիներուն: Քաջալեր՛է մեզ պատրաստ ըլլալու համար ծառայելու մեր եղբայրակիցներուն, որքան որ Յիսուս զայն մեզմէ խնդրէ եւ ինչպէս որ Ինք փափաքի. Ամէն: