Վատիկան
Ի լուր Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի մահուան, Վատիկանի «Օսսերվաթորէ Ռոմանօ» օրաթերթը, հրատարակեց անոր մասին երկար յօդուած մը, որուն մէջ նշեց երանաշնորհ Հայրապետին կենսագրականն ու գործունէութիւնը յայտնելով ապա թէ` Արհիապատիւ Գրիգոր Եպիսկոպոս Կապրոյեան` վաստակաւոր առաջնորդը Փարիզի «Սուրբ Խաչ» Առաջնորդութեան (ըստ Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագրքի թիւ 127 կանոնին), կը դառնայ Պատրիարքական Կառավարիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, որուն պարտականութիւնն է նոր Սիւնհոդոս մը գումարել` ընտրելու համար Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նոր Կաթողիկոս Պատրիարքը:
Վերոյիշեալ օրաթերթը հրատարակած է նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի անունով մահազդ մը, որուն մէջ կը նշուի` Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակի եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումին տարւոյն ընթացքին, առ Հայր վերադարձաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս - Պատրիարքը։ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովը կը միանայ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Հայր ու Գլուխ»ի կորուստի ցաւին, յիշելով անոր անխոնջ նուիրումն ու հաւատարիմ ծառայութիւնը։
Անոր Հոգին կը յանձնենք Յարուցեալ Տիրոջ, Աստուածամօր ու համայն հայ սուրբերու բարեխօսութեամբ։
Տուեալ ի Վատիկան 25 յունիս 2015.