Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2015 - Լիբանանի Եկեղեցիներուն զանգերը պիտի հնչեն 23 ապրիլի ժամը 18:15-ին
Պէյրութ
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ, ապրիլ 24-ի նախօրեակին՝ 23 ապրիլ 2015-ին, Լիբանանի ժամով երեկոյեան ժամը 18:15-ին, Հայաստանի ժամով՝ 19:15-ին իբրեւ խորհրդանիշ 1915-ի Մեծ Եղեռնի համազգային ոգեկոչումին, մեր եկեղեցիներուն զանգերը պիտի հնչեցնեն 100 զանգ, որուն պիտի յաջորդէ «Տէրունական աղօթք»ի եւ «Սուրբ Սուրբ»ի կատարումը՝ ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի բիւրաւոր նահատակներուն:
Կը խնդրենք բոլոր եկեղեցականներէն, որ իրենց եկեղեցիներուն զանգը հնչեցնեն եւ աղօթք բարձրացնեն առ Աստուած յանուն հայ եւ համայն քրիստոնեայ նահատակներուն:
Այն օրը, Պէյրութի մէջ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի եկեղեցւոյ զանգն ալ պիտի հնչէ եւ Պատրիարքարանի Ապրիլեան Նահատակաց կոթողին շուրջ պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը որպէս աղօթք պիտի երգէ «Հայր Մեր» եւ «Սուրբ Սուրբ»:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի
|