Շաբաթ, 22 Մայիս 2010 - Մեսրոպեանի Օր 2010


Պէյրութ, Լիբանան

 

Ուրբաթ
, 14 Մայիս 2010ը Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի համար մեծ իրադարձութեան օր մըն էր։ Արդէն հինգերորդ տարին ըլլալով, Մեսրոպեան վարժարանը, կազմակերպութեամբ Մեսրոպեանի Նախ­կին Սաներու Միութեան, կը տօնակատարէ «Մեսրոպեանի Օր»ը, որ կը վերած­ուի իւրայատուկ հանգստեան օրուայ մը։

 

Աշակերտութիւնը, կատարեց Լի­բա­նանի, Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Մես­րոպ­եան վարժարանի քայ­լեր­գ­երը, ապա Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետ Հայր Սարգիս Դաւիթեանին հետ միա­սին, միաբերան աղօթեց Տէրունական Աղօթքը։ Այնուհետեւ աշակերտութեան իրենց խօսքերը ուղղեցին վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ, որ բարձր գնահատեց Մեսրոպեանի Նախկին Սաներու Միութեան այս նախաձեռնութիւնը, յատ­կա­պէս անոր ատենապետ բժիշկ Կոստան Եափուճեանին ու անոր գործակից միութենական ընկերներուն տարած հետեւողական ու բծա­խն­դիր աշխատանքները՝ ի խնդիր այս ծրագրի գերազանց յաջողութեան։

 

Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեանի Նախկին Սաներու Միութեան ատենապետ Տոքթ. Եափուճեան, որ բոլորին մաղթեց ուրախ օր մը, որուն համար քրտ­նա­ջան աշխատած Մեսրոպեանի Նախկին Սաներու Միութեան բոլոր անդամ­նե­րուն յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելէ յետոյ, շնորհակալութեան մեծ բաժին մըն ալ ուղղեց վարժա­րա­նի տնօրէնութեան, Ծնողական օժանդակ Յանձն­ա­խում­բի ժրաջան տիկիններուն, նաեւ աշակերտութեան, որոնց բոլորի միահա­մուռ ուժերով իրա­գործուած «Մեսրոպեանի Օր»ը յագեցած էր հետա­քրքրա­կան մարզական միջդասարանային մրցա­խա­ղերով, գեղարուեստական տար­բեր ձիրքերու բացայայտման ու ցուցադրութեան բաժիններով, քերմէսի ուրախ խա­ղերով։ Այդ օր վարժարանի շրջափակին մէջ հաստատուած էր նաեւ ուտես­տե­ղէնի ու զովա­ցու­ցիչ ըմպելիներու վաճառակէտ մը, հսկողութեամբ Ծնողա­կան Յանձնախումբի անդամուհիներուն։ Անոնց մեծապէս օգնեցին նաեւ վարժարանիս նախակրթարանի բաժինի ուսուցչուհիներէն շատեր։

 

«
Մեսրոպեանի Օր»ը սկիզբ առնելով առաւօտեան ժամը 8։00ին տեւեց մինչեւ կէ­սօ­րէ ետք ժամը 2։00ը։ Վարժարանի տարածքին կÿիշխէր ուրախ ու տօնական տրամադրութիւնը։

Մարզական մրցախաղերուն յաղթող խումբերը պարգեւա­տրուե­ցան յատուկ բաժակներով, որ իրենց յանձնեցին վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ եւ Մ.Ն.Ս.Մ.-ի ներկայ եւ նախկին ատենապետներ՝ Բժիշկներ Կոստան Եափուճեան եւ Գրիգոր Էճիտեան։

 

Յայտագիրը այս անգամ ունէր նաեւ անակնկալ։ Մ.Ն.Ս.Մ. կազմակերպած էր Հայ Երգի մրցոյթ, որուն մասնակցեցան վարժարանի աշակերտներէն շատեր։ Այս մրցոյթին յաղթական ճանչցուեցաւ աշակերտուհի Նայիրա Պաղտա­սարեան, որ պարգեւատրուեցաւ յատուկ յուշանուէրով մը։

 

Օրուան աւարտը շուտ հասաւ կարծես։ Այս օրը նման չէր սովորական դպրո­ցա­կան օրերուն, որոնք կարծես վերջ չեն ունենար։ Ուրախ էին բոլորը՝ թէ ուսու­ցիչ­նե­րը, թէ աշակերտները։

 

 

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ