Երկուշաբթի, 21 Օգոստոս 2006 - Նամակ Առ Արկադի Ղուկասեան Նախագահ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան

 
Մեծայարգ Տիար Արկադի Ղուկասեան
Նախագահ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան

Մեծարգոյ Պր. Նախագահ,

Ստեփանակերտ եւ Շուշի կատարած Մեր այնքան կարճատեւ, բայց պատմականօրէն յիշարժան այցելութեան տպաւորութեան տակ, եւ հակառակ մեր սիրելի Լիբանանի պատերազմահար վիճակին որ կը ճմլէ մեր սիրտը, այս օրերուն չենք կրնար արդար հպարտութեամբ չյիշել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը, 15 տարիներ առաջ: Պատմական այս քայլը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցաւ եւ անոր ճակատագրական կարեւորութիւնը տարուէ տարի աւելի շեշտուեցաւ ոչ միայն արցախահայութեան կամ Հայաստանին, այլ համայն Հայութեան համար: Այս իրողութիւնը կը պարտաւորեցնէ ամէն հայ, ուր ալ որ գտնուի ան, իր ներդրումը կատարելու իրողապէս անկախ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, ԼՂՀ պետականութեան ամրապնդման ու հզօրացման, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան բարօրութեան ու բարգաւաճումին: Մեր այցելութիւնը Ստեփանակերտ մեր մէջ աւելի զօրացուց այս անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 15 ամեակին առիթով, Պր. Նախագահ, շնորհաւորելով Ձեզ, միաժամանակ կը վստահեցնենք որ ԼՂՀ.ը պիտի յիշենք ոչ միայն Մեր ամէնօրեայ աղօթքներուն մէջ, այլ Մեր գործունէութեանց ու շփումներուն ընթացքին ամենուրեք եւ ամէն անգամ որ առիթը ներկայանայ:


Հայրական օրհնութեամբ եւ սիրով՝
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ