Կենսագրութիւն
Յակոբ Պետրոս Բ. Յովսէփեան
(1749-1753)
Յակոբ Յովսէփեան հալէպցի երիտասարդը տասը տարի Քատիշայի Ս. Անտոն վանքին մէջ կրօնաւորական կեանք վարելէ ետք, իր ծննդավայրը կը վերադառնայ եւ Հալէպի Առաջնորդ Արծիւեանի ձերքով վարդապետ կը ձեռնադրուի 1720-ին:
1722-ին հալածանքները երբ Արծիւեան Եպիսկոպոսը աքսորի կը դատապարտեն, Յակոբ վարդապետն ալ մի քանի ընկերներով իրենց ինչքերը կը վաճառեն ու գոյացած գումարին մէկ մասով Քրէյմի (Լիբանան) ագարակը կը գնեն՝ հոն հայկական վանք մը շինելու համար, իսկ միւս մասով՝ Աբրահամ Եպիսկոպոսը Առուատ կղզիէն կ՛ազատեն ու Քրէյմ կը բերեն:

1735-ին, Հալէպ դառնալով որպէս տեղապահ, Յակոբ վարդապետ կը յաջողի փաշային ձեռքով եկեղեցի մը ունենալ եւ Արծիւեանն ալ Հալէպ վերադարձնել (1739): Արծիւեան, Հալէպ հասած, Յակոբ վրդ.ը եւ ուրիշ երկու վարդապետներ եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ եւ անոնց ձեռքով՝ Պատրիարք կ՛օծուի, 26 Նոյեմբեր 1740-ին:
Յակոբ Եպս., ժամանակ մը Հալէպի իր թեմը հովուելէ ետք, կը հարկադրուի ապաստանիլ Քրէյմ, Արծիւեանի մօտ: 35 տարիներ Արծիւեանի որպէս օգնական ծառայելէ ետք, անոր վախճանումէն ետք, անոր յաջորդ կ՛ընտրուի, 14 Հոկտ. 1740-ին:
Իր չորս տարիներու Պատրիարքութեան կարճատեւ շրջանը կը յատկացնէ Զմմառու Վանքը կառուցելու եւ հոն Պատրիարքութեան Աթոռը Քրէյմէն փոխադրելու 1749-ին, ինչպէս հրահանգած էր հիմնադիր Պատրիարք Հայրը, որուն կենդանութեան օրով իսկ վանքին շինութեան ձեռնարկած էր:
Յակոբ Բ., Աբրահամ Արծիւեանի հետ հիմնադիրը եղաւ թէ՝ Անտոնեան Միաբանութեան եւ թէ Քրէյմ վանքին:



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ