Չորեքշաբթի, 22 Յունուար 2014 - Քրիստոնեաները Արեւելքի թթխմորն ու գինին

Պէյրութ

2013ին լիբանանեան "Նաաման" հրատարակչութենէն լոյս տեսաւ, անոր տնօրէն Նաժի Նաամանի հեղինակութեամբ`"Քրիստոնեաները Արեւելքի Թթխմորն ու Գինին" աշխատութիւնը արաբերէնով, 208 էջ:

Յառաջաբանէ, հինգ բաժիններէ, ութ ենթա բաժիններէ եւ վերջաբանէ բաղկացող այս գիրքը կը յենի` իր վերնագիրին առընչուող նախապէս հեղինակին լոյս ընծայած ուսումնասիրութիւններուն վրայ, որոնց միացուած են նոր տուեալներ:

Առաջին բաժինը կը ներկայացնէ Արեւելքի (նկատի ունենալով Միջին Արեւելքը) քրիստոնէութիւնը ընդհան րապէս, որուն առաջին ենթաբաժնին մէջ կը տրուին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ճիւղաւորումները, թուաքանակը եւ տարածուածութիւնը, դաւանական ու ծիսական տարբերութիւնները, նաեւ անհրաժեշտութիւնը անոնց միջեւ մօտեցման` նախապատրաստելու համար միութիւնը:
Երկրորդ ենթաբաժինով կը ներկայացուին Արեւելքի քրիստոնեաները եւ այլ ցեղային ու դաւանական խմբաւորումները`արաբները, արաբացածներն ու արաբականացածները, ցեղային ու դաւանական խմբաւորումները, Արեւելքի քրիստոնեաները իսլամական գրաւումներէն (ֆութուհաթ) առաջ, Արեւելքի քրիստոնեաները իսլամական տիրապետութենէն ետք եւ ցեղային ու դաւանական խմբաւորումներու պահպանումը:

Երկրորդ բաժինով կը ներկայացուին Արեւելքի քրիստո նէական խմբաւորումները: Առաջին ենթաբաժինով կը ներկայացուին ասորիներն ու քաղդէացիները եւ սուտ խոստումները, անոնց ծագումն ու արմատները, ամփոփ պատմական անցեալը, Արեւելքի Եկեղեցին եւ արաբական ու իսլամական ֆութուհաթները, Արեւելքի Եկեղեցին եւ մոնկոլթաթարները, Արեւելքի Եկեղեցին`երկու եկեղեցիներ, ասորիները եւ ինքնութեան կորուստը, դաւանանքը եւ մօտակայ միութիւնը, Արեւելքի Եկեղեցւոյ իրողութիւնը իր երկու ճիւղերով, Լիբանանի ասորիներն ու քաղդէացիները:
Երկրորդ ենթաբաժինը վերնագրուած է "Հայերը` Վկայող ու Նահատակ Ժողովուրդ", հողը, արմատներն ու անուանումը, հին պատմութիւնը, հայերը պարսիկներու, թուրքերու եւ ռուսերու միջեւ, թրքական ջարդերու ժամանակաշրջանը, անկախութիւն, կորուստ, կրկին անկախութիւն, հայոց տարածուածութիւնը աշխարհի վրայ, Հայոց Եկեղեցին եւ կուսակցութիւնները, Հայ կական Հարցը, տղամարդ ու կին հայ երեւելիներ:
Երրորդ ենթաբաժինով կը ներկայացուին ղպտիները` ճգնաւորութեան եւ հոգեւոր ուժականութեան հաւաքականութիւնը, անոնց հողը, անուանումն ու արմատները, ղպտի ցեղը, հին պատմութիւնը, արաբ իսլամները Եգիպտոսի մէջ, ղպտիները օսմանեան տիրապետութեան ժամանակ, եգիպտական իշխանութեան օրօք, ղպտիական զարթնումը, ղպտիները 1952ի Յեղափոխութենէն ի վեր, ղպտիական միաբանական կեանքը, ղպտիներուն թուաքանակը այսօր:
Չորրորդ ենթաբաժին` բողոքականները կամ գիտութիւնը եւ նիւթականը, օտար քարոզիչները, աւետարանականները Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ու անոնց ազդեցութիւնը, անոնց թիւը եւ ցայտուն անունները:
Հինգերորդ ենթաբաժինը կ'ընդգրկէ հռոմէադաւան կաթողիկէները, խոր արմատներ եւ անկիւնաքար, հողը, անուանումը եւ նախատարրերը, արաբական ֆութուհաթներու ընթացքին, օսմանցիներու ժամանակ, հռոմէադաւաններու միջեւ բաժանումը, զարթնումը եւ կրօնական միաբանութիւնները, սուրբեր, երանելիներ ու երեւումներ, թուաքանակը եւ տարածուածութիւնը, քաղաքական դերակատարութիւնը, մշակութային դերը:
Վեցերորդ ենթաբաժին` ասորիները Արամէն մինչեւ Շուէտ, անոնց ծագումը, պատմական հանգրուաններ, Հռոմի հետ միութեան փորձեր եւ բաժանում, Ասորի Ողղափառներու տարածուածութիւնը եւ վանքերը, Կաթողիկէ ասորիներու տարածուածութիւնը եւ վանքերը, ասորիներու թիւը աշխարհի վրայ, ասորիներու դերը Արաբական Զարթօնքին մէջ:
Եօթերորդ ենթաբաժին, Լատինները` նոյնիսկ եթէ ուշացած են, լատինական առաքելութեանց պատմութենէն մասնիկներ, Արաբական Աշխարհի լատինները այսօր`տարածուածութիւնը եւ թուաքանակը, լատինա-բողոքական առաքելութեանց աշխուժութիւնը, արաբական երուսաղէմական երանելիութիւնը:
Ութերորդ ենթաբաժին` Մարոնիները ծովեզերքէն լեռ, անկէ ալ դէպի քաղաք... ու ծո՞վ, ճգնաւոր Սուրբ Մարունը եւ աշակերտները, մարոնիները Լիբանանի մէջ, մարոնիները եւ Ժարաժիմներ-մարատաները (ընբոստներ), մարոնիները եւ միակամութիւնը, Եոհաննա Մարունը եւ Մարոնիներու Պատրիարքութեան հաստատումը, մարոնիները եւ Խաչակրաց արշաւանքները, մարոնիները Մաաններուն եւ Շեհապականներուն ժամանակաշրջանին, մարոնիները եւ 19րդ դարու խլրտումները, մարոնիները եւ Լիբանանը երկու Համաշխարհային պատերազմներու միջեւ, մարոնիները մեծ փոփոխութիւններու ժամանակաշրջանին, քաղաքական մարոնիութիւնը եւ անոր բովանդակութիւնը, մարոնիական քաղաքական կազմակերպութիւնները, մարոնիական կրօնական միաբանութիւնները, մարոնիներու սուրբերը, մարոնիներու թուաքանակը, մարոնիներու մշակութային դերակատարութիւնը:

Երրորդ բաժին` ի՞նչ կ'ակնկալեն աշխարհիկը եւ հաւատացեալը` նաեւ իրարմէ, մասնակցութիւն քահանայութեան, հաւատացեալին ինքնութիւնը, հաւատացեալին յարաբերութիւնը աշխարհիկներուն հետ, հաւատացեալը եւ կրօնական հաստատութիւնները, հաւատացեալը եւ հաստատութեանց տնօրինումը, հաւատացեալին կեանքը հասարակութեան մէջ, հաւատացեալը հոգեւոր դատարաններուն մէջ, հաւատացեալը եւ քաղաքականութեան մասնակցութիւնը: 

Չորրորդ բաժին, Արեւելքի քրիստոնեաները, ի՞նչ իրականութիւն, ի՞նչ ակնկալիքներ: Արեւելքի քրիստոնեաներուն մտավախութիւններն ու մտահոգութիւնները, Արեւելքի քրիստոնեաներուն պատասխանատութիւնները, քաղաքացիութիւնը անհրաժեշ տութիւն է եւ զգոյշ սխալելէ, վստահեցնող նշոյլներ, քրիստոնեաներու մտավախութիւնները վերացնելու շուրջ:

Հինգերորդ բաժին` եթէ կը ձգտինք արաբական միութեան մը: Այս աշխատութեան բովանդակութիւնն իսկ ինքնին խօսուն է, ուր հեղինակը կը շեշտէ հոն արծարծուող այժմէական հարց մը` Արեւելքի քրիստոնեաներուն անցեալի ենթահողին վրայ այժմու իրականութիւնն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ներառելով մեր` հայոց պարագան ալ, Հայաստանով ու Սփիւռքով: Պարզ է, որ ներկայի Միջին Արեւելեան զգայացունց զարգացումներուն մէջ, հայոց պետականութեան գոյութեան իրողութեամբ իսկ, մենք` հայերս ի վերջոյ նկատի կ'առնուինք իբր քրիստոնեաներ, թէկուզ տարբեր ցեղային պատկանելիութեամբ:

Արաբ ընթերցողին համար լուսաբանական կարեւոր աշխատութիւն մըն է այս գործը, որուն համար շնորհաւորելի է բազմաբեղուն հեղինակը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ