Պուրճ Համմուտ
Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան 94 ամեակին առիթով, երեքշաբթի, 29 մայիս 2012-ին, կէսօրուան ժամը 12-ին, նախաձեռնութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խմբակին, տեղի ունեցաւ վարժարանի 4-րդէն 6-րդ դասարաններու աշակերտներուն մասնակցութեամբ ձեռնահետքերով եռագոյնի պատրաստութիւնը:
Իւրաքանչիւր աշակերտ կտաւին վրայ իր դրոշմը զետեղելով խոստացաւ բարձր պահել Մայիս 28-ի պանծալի յաղթանակը եւ շարունակել ամբողջական հայրենիքի կերտման ուղին: Աշխատանքի աւարտին, ձեռնահետքերով եռագոյնը տեղադրուեցաւ վարժարանին մէջ: Իւրայատուկ ոճով Սարդարապատեան յաղթանակը տօնելու աշխատանքը աշակերտութեան մօտ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն:
Իսկ չորեքշաբթի, 30 մայիսի երեկոյեան ժամը 7-ին, Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսերէն թատերական ներկայացում: Նախաձեռնութեան գաղափարն ու պատրաստութիւնը կը պատկանէին վարժարանի ֆրանսերէնի ուսուցչուհի օրդ. Ռընէ Քատտումի, որ 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտներուն հետ բծախնդիր աշխատանքով պատրաստած էր ֆրանսական բարոյախօսական առածներու աշակերտական թատերական կատարումը: Հանդիսութեան ներկայ էին կրթական պատասխանատուներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ բարեկամներ:
Աւելի քան մէկ ժամուան ընթացքին, աշակերտները թատրոնով, երգերով, պարերով եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ իրականացուցին ճշդուած նպատակը` վարժողական աշխատանք կատարել ֆրանսերէնի բանաւոր արտայայտութեան, բեմ բարձրանալով ձեռք ձգել բեմական փորձառութիւն եւ տարուած աշխատանքը ներկայացնել ծնողներուն եւ բարեկամներուն:
Աւարտին, ֆրանսերէնի ուսուցչուհի օրդ. Ռընէ Քատտում շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ աշակերտներուն, որոնք իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրին յաջողութեամբ պսակելու այս ներկայացումը:
Իր կարգին, հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն.Կրէկուար Գալուստ գնահատեց օրդ. Քատտումի աշխատանքը: Վարժարանի տնօրէնը ըսաւ, որ աշակերտներու թատերական ներկայացումը լաւագոյն ապացոյցն է հաստատելու, որուսուցչուհին նուիրումով, բծախնդրութեամբ եւ կազմակերպուած կերպով կատարած է իր աշխատանքը, ինչ որ կը մարմնաւորէ ուսուցիչի առաքեալ ըլլալու հասկացողութիւնը: Պրն. Կրէկուար Գալուստ յայտնեց, որ այսպիսի լուրջ աշխատանք կատարող սերունդը խոստմնալից է եւ ունի փայլուն ապագայ:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ