Երկուշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2010 - Հայկական արժէքներուն մասին միօրեայ սեմինար Մեսրոպեան վարժարանի մէջ

  

Պուրճ Համմուտ

 

Կազմակերպութեամբ
հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, կիրակի, 14 նոյեմբեր 2010-ին,  վարժարանի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միասնաբա՛ր տէր կանգնինք մեր պապենական ժառանգութիւններուն եւ ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն» նիւթը կրող միօրեայ սեմինարը, մասնակցութեամբ տասը հայկական վարժարաններու 7–9-րդ դասարաններէն ներկայացուցիչներ։

Սեմինարին յայտագիրը ընգրկեց հայկական արժէքներուն ու ժառանգութիւններուն մասին ներկայացումներ, միջոցառումներ  եւ տեսաերիզի ցուցադրութիւններ. ինչպէս նաեւ դասախօսեցին՝ Արմէն Իւրնէշլեանը «Մեր լեզուն՝ մեր գոյութեան գրաւականը» նիւթին մասին, հայր Վարդան վրդ Գազանճեանը «Հոգեւոր արժէքներուն պահպանման կարեւորութիւնը» նիւթին մասին եւ Զաքար Քէշիշեանը «Հայ աշակերտը ինչպէ՞ս կրնայ պահպանել իր արժէքները» նիւթին մասին։ Սեմինարին տեղի ունեցան նաեւ խմբային աշխատանքներ տարբեր թեմաներու շուրջ։        

Հայութեան դարաւոր արժէքներուն նուիրուած այս սեմինարին աւարտին, իր եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց վարժարանի տնօրէն  Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց թէ հայ ըլլալը ինքնին հպարտութիւն է եւ երանութիւն, քանի որ հայը արժէքաւոր պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ է։  Գալուստ հաստատեց, որ սեմինարին տարբեր վարժարաններէ հաւաքուած աշակերտներուն հաւաքական աշխատանքը դրական ու առողջ երեւոյթ է, եւ սեմինարը այստեղ կանգ պէտք չէ առնէ, այլ պէտք է շարունակուի՝ գիտելիքներն ու տեսակէտները փոխանցելով ուրիշներուն։

 

 

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ