Երեքշաբթի, 17 Մայիս 2011 - Հայ կաթողիկէ դպրոցներու մանկապարտէզի ուսուցիչներու սեմինար - Պէյրութ


Հաղորդագրութիւն

Կազմակերպութեամբ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնին

ԿԱՅԱՑԱՒ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆԱՐԸ` ՀԱՅԵՐԷԻ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆԻ ՄԵԹՈՏԻ
ԵՒ ՄԱՆԿԱՐԺԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

Ղեկավարութեամբ` Դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեանի


Արդիւնաւետ աշխատանքի եւ մասնագիտական ու բազմակողմանի քննարկումներով  յագեցած մթնոլորտի մը մէջ, Լիբանանի Հայ կաթողիկէ 4 վարժարաններու մանկապարտէզի 25 ուսուցչուհիներ 14-15 Մայիս շաբաթավերջին մասնակցեցան մանկապարտէզի մէջ հայերէնի դասաւանդման մեթոտի իւրացման եւ մանկավարժական կազմաւորումի սեմինարի մը` ղեկավարութեամբ ` Խ. Աբովեանի անուան Երեւանի մանկավարժական պետական համալսարանի դասախօս Դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեանի:
Սեմինարը հրաւիրուած էր Սուրբ Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին կողմէ` գործակցութեամբ Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս, Սրբոց Հռիփսիմեանց, Գէորգ Հարպոյեան եւ Մեսրոպեան վարժարաններուն:
Գէորգ Հարպոյեան  վարժարանի հիւրընկալութեամբ` Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ “Պետողլեան” սրահին մէջ կայացած սեմինարի առաջին օրը, փրոֆ. Կիւլամիրեան մանկապարտէզի հայերէնի ուսուցիչներուն հետ աշխատեցաւ հայերէնի գրաճանաչութեան գործընթացի կազմակերպման մեթոտաբանութեան վրայ: Ան ներածութիւն մը կատարեց տառաճանաչութեան ձեռքբերման հանգրուաններուն եւ գրելու կարողութեան ձեւաւորման գործընթացին մասին, ապա անցաւ գործնական աշխատանքներու` տեսութեան իւրաքանչիւր բաղադրամասի գործադրութեան վերաբերեալ օրինակներ ներկայացնելով : Այստեղ իրենց մասնակցութիւնը բերին սեմինարին ներկայ ուսուցչուհիները` ներկայացնելով նախապէս պատրաստած իրենց նիւթերը` համապատասխան դասարաններու մէջ լեզուի ուսուցման վերաբերեալ:
Սեմինարի երկրորդ օրը, փրոֆ. Կիւլամիրեան աշխատանքը կազմակերպեց հիմնական երկու նիւթերու առանցքին շուրջ. առաջին` մանկապարտէզի տարիքի մանուկներուն պահանջմունքները եւ զանոնք նկատի առնելու կարեւորութիւնը` կրթադաստիարակչական գործընթացին մէջ, երկրորդ` մարդու խառնուածքի դրսեւորումները մանկապարտէզի տարիքի մանուկներուն քով եւ զանոնք նկատի առնելու կարեւորութիւնը` ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւններուն մէջ: Ինչպէս առաջին` նոյնպէս երկրորդ օրուան աշխատանքը յատկանշուեցաւ դասախօսին կողմէ արդիւնաւետօրէն կիրարկուած  փոխգործուն մեթոտներով` մանկավարժական խաղերու եւ ներկաներու մասնակացութեամբ ընթացած փորձարկումներու զուգորդութեամբ:
Աշխատանքներու արդիւնաւետութեան նպաստեց այն հանգամանքը, որ փրոֆ. Կիւլամիրեան սեմինարի նախորդող օրերուն` Մայիսի 3-էն 13 այս ծրագրին մասնակից չորս դպրոցներու մանկապարտէզներուն մէջ կատարեց դասալսումներ, առանձին հանդիպումներ ունեցաւ դպրոցներու տնօրէններուն եւ մանկապարտէզի պատասխանատուներուն հետ, ապա` ուսուցչուհիներուն հետ ունեցաւ դասալսումներէն բխած նախնական գնահատականներու վերաբերեալ աշխատանքային նիստեր` դպրոցական օրուան աւարտին:
Յայտնենք, որ Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին կողմէ իրականացուող մանկավարժական կազմաւորումի միամսեակը կը շարունակուի: Դասալսումներու հանգրուանին աւարտին` յառաջիկայ շաբաթավերջին` 21-22 Մայիսին տեղի պիտի ունենայ նախակրթարանի տարրական դասարաններուն մէջ հայերէնի ուսուցման մեթոտի եւ ընդհանուր մանկավարժական կազմաւորումի վերաբերեալ սեմինար մը, մինչ այդ` նաեւ դասախօսութիւններ` ծնողներու համար: Նշեալ աշխատանքներուն վերաբերեալ որեւէ տեղեկութիւն ստանալու համար կարելի է կապուիլ  Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակ, հեռաձայն` 01 570 559, ել.հասցէ` [email protected]

Սուրբ Նարեկացի կեդրոնի
Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակ
Պէյրութ, 16 Մայիս, 2011


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ