Երկուշաբթի, 19 Մարտ 2012 - Յայտարարութիւն Սուրիոյ իրավիճակին մասին


Պէյրութ

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի կայքէջը կը տեղեկացնէ թէ սուրիոյ մէջ Դամասկոսի եւ Հալէպի պայթումներուն հետեւանքով մեր եկեղեցիները ոչ մէկ նիւթական վնաս ունեցած են: Անոնք հեռաձայնային կապով ապահովցուցին թէ առաջնորդներն ու քահանաները բոլորն ալ լաւ են: Միայն Դամասկոսի մէջ մի քանի հայ կաթողիկէ հաւատացեալներու տուներուն նիւթական վնաս հասած է:   Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը անցեալ շաբաթ հրապարակեց աղօթք մը յատուկ, վասն խաղաղութեան Սուրիոյ: Կապը կու տանք ստորեւ: Բոլորս կը միանանք Սուրիոյ ժողովուրդին համար աղօթելու, յիշելով նաեւ Միջին արեւելքի քրիստոնեաները, եւ աղօթելով նոր վախճանեալ ղպտի պատրիարք Շնուտա Գ. պապին հոգւոյն համար:

Սուրիոյ ժողովուրդին համար Աղօթքին կապը՝
http://armeniancatholic.org/inside.php?lang=am&page_id=14&newsID=1396  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ