Պէյրութ, Լիբանան
Երկուշաբթի՝ 16 Յունիս 2008ին, Տանն Կիլիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, ստացաւ շնորհակալական գրաւոր նամակ մը Լիբանանի նորընտիր նախագահ՝ զօր. Միշէլ Սուլէյմանէն, որուն մէջ նախագահը Հոգեւոր Տիրոջ կը յայտնէ իր ջերմ մաղթանքները, ինչպէս նաեւ յուսալով որ իր նախագահական նստաշրջանին ան պիտի կարենայ յաջողիլ Լիբանանցիներուն ապահովել կայունութիւն եւ յառաջդիմութիւն յառաջիկայ շրջանին: