Շաբաթ, 5 Ապրիլ 2014 - Վատիկանեան Բ. ժողովին ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՎՃԻՌը հայերէնով

Պէյրութ

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կայքէջը
www.armeniancatholic.org մեծ ուրախութեամբ եւ առաջին անգամ ըլլալով կը հրատարակէ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովին վճիռը:

Այս հրատարակութիւնը կը զուգադիպի նաեւ այս վճիռին հրապարակուելուն 50 ամեակին հետ:
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի բոլոր հաղորդամիջոցներու մեծ ընտանիքին անդամները թող ողջունեն այս հայերէն թարգմանութեան հրատարակութիւնը, որ կատարուեցաւ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին վերակացութեամբ: Թարգմանութեան աշխատանքը կատարեց գերյարգելի հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան, հրատարակութեան համար պատրաստեցին Արհի. հայր Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեան եւ հայր Վարդան վրդ Գազանճեան:

ՊՕՂՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԾԱՌԱՅ ԾԱՌԱՅԻՑ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

ԵՒ ՀԱՐՔ ՍՈՒՐԲ ԺՈՂՈՎՈՅՆ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ

ՎՃԻՌ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

ՆԱԽԱԲԱՆ
1.- Արարչութեան ծոցէն մարդկային հանճարին Աստուծոյ օգնութեամբ քաղած թեքնիք հրաշալի գիւտերուն մէջէն, յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, Եկեղեցին կ'ողջունէ եւ մայրական յատուկ հոգածութեամբ կը հետեւի ա՛յն գիւտերուն, որոնք աւելի ուղղակիօրէն կը հային մարդուն հոգեկան կարողութիւններուն եւ աւելի լայն կարելիութիւններ կ'ընծայեն հաղորդելու ամէն տեսակ լուրեր, գաղափարներ, ցուցմունքներ։ Արդ, այս գիւտերուն մէջէն` պէտք է իւրայատուկ տեղ վերապահել ա՛յն հաղորդամիջոցներուն, որոնք ըստ իրենց էութեան` ատակ են հասնելու եւ տպաւորելու ո՛չ միայն անհատները, այլ նաեւ զանգուածները եւ համա՛յն մարդկութիւնը։ Անոնցմէ են` մամուլը, շարժանկարը, ռատիոհաղորդումը, հեռատեսիլը եւ ուրիշ նման թեքնիքները, որոնք կրնան արդարացիօրէն ընկերային հաղորդամիջոցներ կոչուիլ։

2.- Անշուշտ մեր Մայրը` Եկեղեցին գիտակից է թէ այս միջոցները, երբ ուղիղ ձեւով կը գործածուին, մեծ ծառայութիւններ կը մատուցանեն մարդկային ցեղին, ազդու կերպով նպաստելու ժամանցի եւ մտքի մշակումին, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ արքայութեան տարածումին եւ ամրացումին։ Սակայն Եկեղեցին գիտէ նաեւ թէ մարդիկ կարող են զանոնք Արարիչին ծրագիրներուն դէմ օգտագործել եւ իրենց վնասակար դարձնել։ Եկեղեցւոյ մայրական սիրտը կ'ընճուի ի տես այն վնասներուն, զորս անոնց յաճախ վատ գործածութիւնը արդէն պատճառած է մարդկութեան։
Այս պատճառաւ` Տիեզերաժողովս ի՛նք կը ստանձնէ այս խիստ կարեւոր հարցին նկատմամբ մշտարթուն հոգը Սրբազան Քահանայապետներուն եւ եպիսկոպոսներուն ու իր պարտականութիւնը կը համարի ուսումնասիրել ընկերային հաղորդամիջոցներու հայող գլխաւոր հարցերը, վստահ ըլլալով թէ այս էջերուն մէջ իր առաջարկած վարդապետութիւնն ու կարգապահութիւնը օգտակար պիտի հանդիսանան ո՛չ միայն քրիստոնեաներուն փրկութեան, այլ նաեւ համայն մարդկութեան յառաջդիմութեան։

 

ԳԼՈՒԽ Ա.
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ

3.- Եկեղեցին հիմնուեցաւ Քրիստոսի մեր Տիրոջ կողմէ, որպէսզի համայն մարդոց փրկութիւնը ընծայէ, հետեւաբար ան ինքզինք պարտաւոր կը զգայ Աւետարանը քարոզելու։ Եկեղեցին նմանապէս իր պարտականութիւնը կը համարի, թէ՛ ընկերային հաղորդամիջոցները օգտագործել` աւետելու համար փրկութեան պատգամը, թէ՛ ալ մարդոց այս միջոցներուն բարւօք գործածութիւնը սորվեցնել։ Հետեւաբար Եկեղեցւոյ ինքնատուր իրաւունքն է այս բոլոր միջոցները առանց բացառութեան ունենալ եւ օգտագործել, որքանով որ անոնք անհրաժեշտ կամ օգտակար կը հանդիսանան քրիստոնեային կազմաւորումին եւ հովուական որեւէ այլ գործունէութեան համար։ Հոգեւոր հովիւներուն պարտականութիւնն է հաւատացեալները կրթել եւ ուղղել այս միջոցներուն օգտագործումին մէջ, որպէսզի անոնք ապահովեն ո՛չ միայն իրենց անձերուն, այլ նաեւ համայն մարդկութեան փրկութիւնն ու պաշտպանութիւնը։
Վերջապէս` մասնայատուկ կերպով աշխարհականներուն կը վերաբերի այս միջոցները թրծել քրիստոնէական եւ մարդկային արժէքներով, որպէսզի անոնք լիուլի ընդառաջեն մարդկութեան մեծ սպասումին եւ Աստուծոյ ծրագրին։

4.- Այս հաղորդամիջոցները ուղիղ գործածելու համար` խիստ անհրաժեշտ է, որ բոլո՛ր զանոնք գործածողները տեղեակ ըլլան բարոյականի սկզբունքներուն եւ զանոնք հաւատարմօրէն գործադրեն։ Հետեւաբար` բնական է, որ անոնք նախ եւ առաջ ուշադիր ըլլան հաղորդումին նիւթին կամ բովանդակութեան, սփռուած` ըստ իւրաքանչիւր գործիքին էութեան, ինչպէս նաեւ այն պայմաններուն, որոնց մէջ հաղորդասփռումը կը կատարուի, օրինակ` անոր նպատակին, հանդիսատեսին, վայրին, ժամանակին, եւայլն, որովհետեւ այս պայմանները կրնան բոլորովին այլափոխել հաղորդասփռումին բարոյական արժէքը։ Առ այս` շեշտը դնենք հաղորդամիջոցներուն իւրաքանչիւրին յատուկ տարողութեան վրայ, այսինքն` անոնց ազդելու ուժին, որ յաճախ ա՛յնպիսին է որ մարդիկ, յատկապէս երբ անբաւարար կերպով պատրաստուած են, կրնան դժուարաւ հաղորդումը հասկնալ, զայն իւրացնել, ապա նաեւ զայն մերժել։

5.- Խիստ անհրաժեշտ է որ հաղորդամիջոցներով շահագրգռուած բոլոր անձերը ճիշդ հասկացում մը ունենան յատկապէս այն բազմատեսակ հարցերու մասին, որոք ներկայիս բուռն վիճաբանութեան առարկայ են։
Առաջին հարցը կը վերաբերի լրատուութեան, այսինքն` լուրեր քաղելու եւ սփռելու արարքին։ Լրատուութիւնը` մեծապէս օգտակար ու յաճախ նաեւ անհրաժեշտութիւնը կը դառնայ` շնորհիւ արդի ընկերութեան նուաճած յառաջդիմութեան եւ հաղորդատու անձերուն միջեւ հետզհետէ սերտ կապակցութեան։ Հասարակութեան սահմանուած եւ անկէ սպասուած պահուն դէպքերուն եւ պատահարներուն սփռումը` բոլորին կարելիութիւնը կ'ընծայէ անոնց մասին ամբողջական եւ այժմէական տեղեկութիւն ունենալ ու այպէս` իւրաքանչիւր անձ կարող կը դառնայ իր գործնական մասնակցութիւնը բերելու հասարակաց բարիքին եւ միատեղ աւելի հեշտօրէն նպաստելու համայն ընկերութեան բարգաւաճումին եւ յառաջդիմութեան։ Սակայն այս արդար իրաւունքին գործադրումը իր հերթին կը պահանջէ որ հաղորդումը ըլլայ ըստ իր առարկային միշտ ճիշդ ու ամբողջական, յարգելով հանդերձ արդարութիւնն ու եղբայրսիրութիւնը։ Մատուցանելու ձեւն եւս ըլլալու է պարկեշտ ու դիպուկ, այսինքն` անպայման յարգէ բարոյական օրէնքները եւ մարդուն արդար իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը, ըլլա՛յ լուրերը քաղելու, ըլլա՛յ նաեւ զանոնք սփռելու մէջ։ Որովհետեւ ամէն ճանաչում միշտ օգտաւէտ չէ, մինչդեռ «սէր շինէ» (1 Կոր 8, 1 )։

6.- Երկրորդ հարցը կը հայի այպէս ըսուած` արուեստի իրաւունքներուն եւ բարոյական օրէնքներու միջեւ խաչաձեւումին։ Այս հարցին շուրջ բազմապատկուող վիճաբանութիւններուն արմատը յաճախ կը գտնուի գեղեցիկին ու բարոյականին հայող շեղած վարդապետութիւններուն մէջ։ Այս պատճառով` Տիեզերաժողովս կը յայտարարէ թէ բարոյական կարգին գերակայութիւնը բացարձակապէս կ'իշխէ բոլորին վրայ։ Այս կարգը միա՛կն է որ կը գերազանցէ ու կը ներդաշնակէ մարդկային գործունէութեանց զանազան ձեւերը, - ներառեալ` արուե՛ստ-, որքան ալ անոնք ինքնին վսեմ ըլլան։ Ան միա՛կն է որ մարդուս վրայ ամբողջապէս կ՛իշխէ, որպէս Աստուծոյ կողմէ բանականութեամբ օժտուած եւ գերբնական ճակատագրի կանչուած արարած։ Այս բարոյական կարգը իր ամբողջութեամբ եւ հաւատարմութեամբ պահպանելով է որ մարդս պիտի հասնի կատարելութեան եւ երջանկութեան ամբողջական տիրացումին։

7.- Երրորդ, ընկերային հաղորդամիջոցներով բարոյական չարին մասին զրուզելը, զայն նկարագրելը կամ ներկայացնելը` անշուշտ թէ կարող են մարդ արարածը աւելի խորապէս ճանչցնել ու վերլուծել , ինչպէս նաեւ ճիշդն ու բարին իրենց ամբողջական գեղեցկութեամբ ներկայացնել եւ պանծացնել, մանաւանդ երբ առ այս տրամադիկ միջոցներ ալ օգտագործուին։ Սակայն որպէսզի ասիկա հոգիներուն համար աւելի օգտաւէ՛տ ըլլայ քան թէ վնասաբեր, հարկ է մօտէն հետեւիլ բարոյական օրէնքին, յատկապէս երբ նիւթը որոշ վերապահութիւններու առարկայ է եւ կամ սկբզնական մեղքով խոցուած մարդուն մէջ` դիւրաւ գէշ իղձեր կ'արթնցնէ։

8.- Հանրային կարծիքը մեր օրերուն` հսկա՛յ ազդեցութիւն կը գործէ քաղաքացիներուն անհատական թէ հրապարակային կեանքին վրայ, ո՛ր միջավայրին ալ պատկանին անոնք։ Ուստի անհրաժեշտ է որ հասարակութեան բոլոր անդամները այս մարզին մէջ եւս գործադրեն արդարասիրութեան եւ ճշմարտասիրութեան իրենց պարտականութիւնները։ Անոնք ընկերային այս հաղորդամիջոցները օգտագործելու են, հանրային առողջ գաղափարներու կազմաւորումին եւ սփռումին իրենց մասնակցութիւնը բերելով։

9.- Քանի որ ընկերային հաղորդամիջոցները օգտագործողները, այսինքն` ընթերցողները, դիտողներն ու ունկնդրողները, անոնց սփռած պատգամները կ՛ընդունին իրենց ազատ ընտրութեամբ, ուստի իրենց վրայ յատուկ պարտաւորութիւններ կը ծանրանան։ Իրենց կատարած ընտրութեան միջոցով, անոնք քաջալերելու են յատկապէս ինչ որ բարոյական, մշակութային եւ գեղարուեստական արժէք կը ներկայացնէ եւ զգուշանալու են այն ամէն ինչէն որ կրնայ թէ՛ հոգեւոր վնասի պատճառ կամ առիթ ըլլալ իրենց համար, թէ՛ ուրիշը գայթակղեցնել իրենց տուած գէշ օրինակով, թէ՛ ալ լաւին արգելք ու գէշին քաջալեր հանդիսանալ` սոյն հաղորդասփռումներուն միջոցաւ։ Այս վերջին պարագան յատկապէս կը պատահի երբ մարդիկ իրենց դրամով կ՛օժանդակեն ա՛յն մարդոց, որոնք հաղորդամիջոցները կը շահագործեն միմիայն շահադիտական չափանիշներով։ Հաղորդամիջոցները օգտագործողները, որպէսզի բարոյական օրէնքին հետեւին, պէտք չէ անտեսեն իրենց պարտաւորութիւնները օրինաւոր իշխանութեան կողմէ այս հարցին շուրջ որդեգրած դիրքորոշումին մասին տեղեակ մնալու եւ անոր ենթարկուելու, առողջ խղճին ցուցմունքներուն համեմատ։ Առաւել` անոնք կազմելու են ուղիղ եւ լուսամիտ խիղճ մը` դիմելով դիպուկ միջոցներու, որպէսզի աւելի դիւրաւ դէմ կենան նուազ պարկեշտ ազդեցութիւններուն, այլ հետեւին իրաւ լաւերուն։

10.- Այս հաղորդամիջոցները գործածող անձերն ու յատկապէս երիտասարդները թող իրենք զիրենք կրթեն անոնց չափաւոր եւ կարգապահ գործածութեան մէջ, ջանան իրենց դիտածը, լսածը ու կարդացածը աւելի լաւ ըմբռնել եւ այս մասին վիճաբանին ըլլա՛յ իրենց դաստիարակներուն, ըլլա՛յ այս նիւթերուն մասնագէտներուն հետ եւ այսպէս` սորվին ուղիղ դատում կազմել։ Իսկ ծնողները վերյիշելու են թէ իրենց պարտականութիւնն է զգուշութեամբ հսկել որ հաւատքի եւ բարոյականի դէմ յայտագիրներ, հրատարակութիւններ, եւայլն, մուտք չգործեն իրենց ընտանիքէն ներս ու իրենց զաւակները անոնցմէ հեռու մնան նաեւ այլ տեղեր։

11.- Հաղորդամիջոցները բարւօք օգտագործելու յատուկ պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ նաեւ լրագրողներուն, գրագէտներուն, դերասաններուն, բեմադրիչներուն, գրամագլուխ հայթհայթողներուն, յայտագրողներուն, զանոնք բաշխողներուն, արտադրողներուն, վաճառողներուն, գրաքննադատներուն, մէկ խօսքով` բոլո՛ր անոնց որ այս կամ այն կերպով` կը մասնակցին հաղորդումներուն իրագործումին եւ սփռումին։ Բացայայտ է թէ ծանր պատասխանատուութիւն դրուելու է յատկապէս ներկայ աշխարհին այս դասակարգի բոլո՛ր մարդոց վրայ, քանի որ անոնք կրնան, իրենց սփռած լուրերով եւ ունեցած ազդեցութիւններով, մարդկութիւնը տանիլ թէ՛ լաւ եւ թէ՛ գէշ ճանապարհով։
Ուստի անոնց կը վերաբերի այս տնտեսական, քաղաքական կամ գեղարուեստական ազդակները համադրել ա՛յնպիսի ձեւով, որ անոնք երբե՛ք դէմ չգործեն հասարակաց բարիքին։ Այս արդիւնքին աւելի դիւրաւ յանգելու համար` լաւ պիտի ըլլայ որ անոնք մուտք գործեն արհեստավարժ ա՛յն կազմակերպութիւններու մէջ, իրենց անդամներուն յարգանք պարտադրել բարոյականին հանդէպ, ի պահանջել հարկին` բարոյական դաշինք մը յարգելու պաշտօնական յանձնառութեամբ։
Անոնք միշտ մտաբերելու են թէ իրենց ընթերցողներուն եւ հանդիսատեսներուն մէկ մեծ մասը բաղկացած է երիտասարդներէ, որոնք կարիքն ունին այն մամուլին եւ հանդէսներուն, որոնք մարդու հոգին ազնիւ գաղափարախօսութիւններու կը բարձրացնեն ու պարկեշտ ժամանցներ կ՛ապահովեն։ Պիտի հսկեն նաեւ որ կրօնական նիւթերը յանձնուին լուրջ ու հմուտ աշխատակիցներու, որպէսզի անոնց մօտենան պահանջուած ամբողջական յարգանքով։

12.- Այս մարզին մէջ` հանրային իշխանութիւնները յատուկ պարտականութիւններ ունին հասարակաց բարիքին նկատմամբ, որուն սահմանուած են այս հաղորդամիջոցները։ Յատկապէս մամուլի մարզէն ներս` իշխանութիւնները պարտաւոր են պահել ու պահպանել լրատուութեան ճիշդ ըմբռնուած եւ արդար ազատութիւնը, որուն ներկայ ընկերութիւնը բացարձակ կարիքն ունի` յառաջդիմելու համար։ Թող թիկունք կանգնին կրօնական, մշակութային եւ գեղարուեստական արժէքներուն, զանոնք գործածողներուն երաշխաւորելով ազատ վայելումի իրենց արդար իրաւունքները։ Նոյն իշխանութեանց կը վերաբերի նաեւ պաշտպանել այն նախաձեռնութիւնները, որոնք յատկապէս երիտասարդութեան մեծապէս օգտաւէտ ըլլալնէն բացի, անիրագործելի պիտի մնային առանց իրենց օժանդակութեան։ Վերջապէս` իշխանութիւնները որ քաղաքացիներուն բարօրութեան արդար հոգն ունին, պարտաւոր են նաեւ ճիշդ ու իմաստուն կերպով հոգ տանիլ - եւ առ այս` նաեւ օրէնքներ հրապարակելու եւ անոնց դրական գործադրումին հսկելու-, որ հաղորդամիջոցներուն թիւր գործածութիւնը լուրջ վտանգներ չստեղծէ հանրային բարոյականին եւ ընկերութեան յառաջդիմութեան դէմ։ Անոնց այս միջամտութիւնը բնաւ դէմ չէ անհատներուն եւ խմբաւորումներուն ազատութեան, յատկապէս երբ լուրջ երաշխաւորութիւններ չեն գտնուիր այն մարդոց մօտ, որոնք հաղորդամիջոցները ի պաշտօնէ կը գործածեն։
Յատուկ կարգադրութիւններ պիտի առնուին պատանիները պաշտպանելու համար` իրենց տարիքին վնասաբեր եղող մամուլի եւ ներկայացումներու դէմ։

ԳԼՈՒԽ Բ.
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸ

13.- Եկեղեցւոյ բոլոր անդամները իրենց ջանքերը իրարու սիրայօժար միացնելու են, ընկերային հաղորդամիջոցները արդիւնաւորապէս, անյապաղ ու մեծագոյն եռանդով տրամադրելու համար ի սպաս առաքելական բազմապիսի գործունէութեանց, նկատի առնելով նաեւ ժամանակի եւ տեղի յատուկ պահանջները։ Անոնք հոգը պիտի ունենան առաջքն առնելու գէշ նախաձեռնութիւններուն, յատկապէս հոն ուր բարոյական ու կրօնական յեղաշրջումը անոնց միջամտութիւնը ընդփոյթ կը պահանջէ։
Այս մարզին մէջ եւս` Հովուապետները եռանդով կատարելու են իրենց պարտականութիւնը, որ մաս կը կազմէ Աւետարանը քարոզելու իրենց առօրեայ պաշտօնին։
Այն աշխարհականները, որ արհեստով հաղորդամիջոցներուն մէջ կը գործեն, ձգտելու են վկայելու Յիսուսին, նախ իրենց արհեստը գործադրելով հմտօրէն ու առաքելական ոգիով, ապա ուղղակի աջակցելով Եկեղեցւոյ հովուական առաքելութեան, իրենց թեքնիք, տնտեսական, մշակութային կամ գեղարուեստական մասնակցութիւնը բերելով, իւրաքանչիւրը ըստ իր կարելիութիւններուն։

14.- Հարկ է սկսիլ նեցուկ կանգնելով պարկեշտ մամուլին։ Իսկ եթէ կ'ուզուի ընթերցողները իսկապէս թրծել քրիստոնէական ոգիով, հարկ է նաեւ քաջալերել եւ տարածել կաթողիկէ հարազատ մամուլ մը, որ բացայայտօրէն հրատարակուի հանրային կարծիքներ ստեղծելու, զանոնք ամրապնդելու եւ հրահրելու նպատակով, համերաշխաբար բնական իրաւունքին ու կաթողիկէ վարդապետութեան եւ կարգապահութեան հետ, ապա նաեւ Եկեղեցւոյ կեանքին հայող լուրերը սփռելու եւ զանոնք հարազատօրէն բացատրելու համար ո՛վքեր ալ ըլլան այս նախաձեռնութիւնը եւ ուղղութիւնը ստանձնողները, եկեղեցական իշխանութի՞ւնը թէ աշխարհականներ։ Հաւատացեալները գիտնալու են թէ զանազան եղելութիւններուն մասին քրիստոնեայ դատում մը կազմելու համար` անհրաժեշտ է կաթողիկէ մամուլը կարդալ եւ տարածել։
Հարկ է թիկունք կանգնիլ եւ բոլոր միջոցներով զօրացնել արտադրութիւնն ու սփռումը ա՛յն ‎ժապաւէններուն, յատկապէս երիտասարդութեան յատուկ եղող ժապաւէններուն, որոնք կ'օժանդակեն մտքի բարոյապէս առողջ ժամանցին, մշակոյթին ու արուեստին։ Այս աջակցութիւնը կատարուելու է` յատկապէս թիկունք կանգնելով ու համակարգելով պարկեշտ ‎ֆիլմարտադրիչներուն եւ ցրուիչներուն իրագործումներն ու նախաձեռնութիւնները, զարկ տալով արժէքաւոր ժապաւէններուն հրապարակ իջնելուն, զանոնք դրապէս քննարկելով եւ անոնց մրցանակ յատկացնելով, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ ու պարկեշտ սրահատէրերուն սրահները իրարու համադրելով։ Թիկունք կանգնելու է նաեւ ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի ա՛յն հաղորդումներուն, որոնք բարոյապէս առողջ են եւ յատկապէս ընտանեկան բնոյթ ունին։ Ուժգնօրէն քաջալերելու է կաթողիկէ սփռումները, որովհետեւ անոնք իրենց ունկնդիրներն ու դիտողները կը յորդորեն մասնակցելու Եկեղեցւոյ կեանքին, ինչպէս նաեւ զանոնք կ'ընտելացնեն կրօնական ճշմարտութիւններուն հետ։ Ստեղծելու է կաթողիկէ սփռումի կայաններ հոն ուր յարմար է, միանգամայն հսկելով որ սփռումները իրենք զիրենք պարտադրեն իրենց որակով եւ ազդեցութեամբ։ Եւ վերջապէս` ջանալու է ա՛յնպէս ընել, որ թատրոնի հնամենի ու ազնիւ արուեստը, որ շնորհիւ ընկերային ներկայ հաղորդամիջոցներուն` այլեւս լայն սփռում կը վայելէ, նպաստէ հանդիսատեսներուն մարդկային եւ բարոյական կազմաւորումին։

15.- Վերեւ նշուած կարիքներուն գոհացում տալու համար` հարկ է անյապաղ կազմել քահանաներ, կրօնաւորներ, նաեւ աշխարհականներ, որոնք իսկական հմտութիւն ձեռք ձգեն սոյն միջոցները առաքելական նպատակներու օգտագործելու համար։ Առաջնահերթ է` թեքնիք, դաւանական եւ բարոյական պատշաճ պատրաստութիւնը տալ աշխարհականներուն եւ ապա` առ այս բազմացնել դպրոցներն ու կրթական հաստատութիւնները, ուր լրագրողներ, ժապաւէնի հեղինակներ, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի հաղորդումներ պատրաստողներ, ինչպէս նաեւ որեւէ ուրիշ ատակ մարդիկ ստանան քրիստոնէական շունչով թրծուած լրիւ կազմաւորում մը, որ կը վերաբերի յատկապէս Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան։ Կազմելու եւ քաջալերելու է նաեւ դերասաններ, որպէսզի անոնք իրենց ձեւով մարդկային ընկերութեա ծառայեն, իրենց արուեստին ճամբով։ Վերջապէս խնամքով հետեւելու է գիրքի, ձայնասփիւռի, հեռատեսիլի, եւն. քննադատներու պատրաստութեան, որպէսզի անոնք իրենց մարզին մէջ իսկական մասնագէտներ դառնան, զանոնք նաեւ պատրաստելու եւ ոգեւորելու է, որպէսզի իրենց դատումներուն մէջ` բարոյական տեսակէտներուն իրենց պատշաճ տեղը յատկացնեն։

16.- Տարիքով ու զարգացումով իրարմէ տարբեր մարդոց յանձնուած ընկերային հաղորդամիջոցներուն բարւօք գործածութիւնը` անոնցմէ կը պահանջէ տեսական եւ գործնական կազմաւորում` գործիքներուն եւ զանոնք գործածողներուն համեմատ։ Ուստի քաջալերելու եւ բազմացուելու են այն իրագործումները, որոնք կը հային կաթողիկէ դպրոցներուն, դպրեվանքերուն եւ աշխարհական առաքեալութեան խումբերուն մէջ կատարուող կազմաւորումին ու յատուկ կերպով` երիտասարդութեան։ Անոնք ուղղուելու են քրիստոնեայ բարոյականի սկզբունքներուն լոյսով ու այս արդիւնքին աւելի կանուխ յանգելու համար` քրիստոնէականի դասաւանդումը բովանդակելու է այս հարցին շուրջ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ կանոնագրին ծանօթացումն ու բացատրութիւնը։

17.- Եկեղեցւոյ զաւակներուն համար անպատուաբեր պիտի ըլլար եթէ անոնք անտարբերութեամբ ընդունէին որ Աստուծոյ խօսքը կաշկանդուի կամ արգելքներու ենթարկուի` իբր հետեւանք թեքնիք պատճառներու կամ առ այս պահանջուած դրամագլուխի պակասին։ Այս պատճառով Տիեզերաժողովս կը յիշեցնէ անոնց թէ պարտաւոր են թիկունք կանգնիլ եւ օժանդակել կաթողիկէ օրաթերթերուն, պարբերաթերթերուն, շարժանկարի մարզէն ներս իրագործումներուն, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի սփռումներուն, քանի այս բոլոր նախաձեռնութիւններուն գլխաւոր նպատակն է ճշմարտութիւնը սփռել ու պաշտպանել, իսկ մարդկային ընկերութեան մէջ` քրիստոնեայ ոգին վառ պահել։ Տիեզերաժողովս միաժամանակ ջերմօրէն կը հրաւիրէ տնտեսական եւ թեքնիք մարզերուն մէջ բանալի դիրք գրաւող մարդիկը, որպէսզի իրենց հասոյթներով ու ցուցմունքներով` սիրայօժար ու առատաձեռնօրէն թիկունք կանգնին այս միջոցներուն, այնքանով որ ասոնք կը նպաստեն հարազատ մշակոյթին եւ առաքելական գործին։

18.-  Ընկերային հաղորդամիջոցներուն մարզէն ներս Եկեղեցւոյ բազմապիսի առաքելութիւնը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար, Վիճակաւորին հաւանութեամբ` թեմերուն մէջ ամէն տարի կազմակերպելու է Օր մը, ուր հաւատացեալները տեղեկանան այս մարզէն ներս իրենց ունեցած պարտաւորութիւններուն մասին, հրաւիրուին առ այս աղօթելու եւ իրենց լուման նուիրելու։ Այս նուիրատուութիւնները խղճմտօրէն պիտի ծառայեն Եկեղեցւոյ նախաձեռնած գործերուն նեցուկ կանգնելու եւ զանոնք զարգացնելու, նկատի առնելով համա՛կ կաթողիկէութեան կարիքները։

19.- Ընկերային հաղորդասփռումներու մարզէն ներս, Սրբազան Քահանայապետը որպէս Գերագոյն Հովիւ` իր տրամադրութեան տակ ունի Սուրբ Աթոռին յատուկ յանձնախումբ մը։

20.- Եպիսկոպոսներուն պարտականութիւնն է իրենց թեմերէն ներս արթուն հսկել այս կարգի գործերուն եւ նախաձեռնութիւններուն վրայ եւ զանոնք հրահրել ու համադրել` որքանով որ անոնք առնչուած են հանրային առաքելագործութեան, ներառեալ թեմէն անկախ կրօնաւորները։

21.- Սակայն ազգային մակարդակով կատարուող առաքելական արդիւնաբեր նման գործ մը միասնականութիւն կը պահանջէ իր նպատակներուն եւ կատարուող աշխատանքներուն միջեւ։ Ուստի Տիեզերաժողովս կ'որոշէ ու կը հրահանգէ որ ամէն տեղ մամուլի, շարժանկարի, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի ազգային գրասենեակներ կազմուին եւ անոնց արդիւնապէս օժանդակուին, իբր յատուկ դեր ունենալով լաւապէս կազմաւորել հաւատացեալներուն խիղճը` ընկերային հաղորդասփռումներու օգտագործումին նկատմամբ, ապա նաեւ քաջալերել ու համադրել ամէն ինչ որ այս մարզէն ներս կաթողիկէներուն կողմէ կը նախաձեռնուի։
Այս գրասենեակներուն ղեկը յանձնուելու է իւրաքանչիւր երկրի եպիսկոպոսական յանձնախումբի մը կամ ներկայացուցիչ եպիսկոպոսի մը։ Այս գրասենեակներուն մաս կազմելու են նաեւ թեքնիքով օժտուած որակաւոր աշխարհականներ։

22.- Ընկերային հաղորդամիջոցները իրենց ազդեցութիւնը կը գործեն երկրին մը սահմաններէն անդին եւ այսպէս` ամէն մէկ անհատը աշխարհաքաղաքացի կը դարձնեն։ Ուստի հարկ է որ այս ազգային նախաձեռնութիւնները իրարու միջեւ գործակցին միջազգային մակարդակի վրայ։ Մեր նախորդ 21-րդ համարին մէջ նշուած ազգային գրասենեակները իրենց գործակցութիւնը բերելու են իրենց համապատասխանող Կաթողիկէ Միջազգային Կազմակերպութեան (ԿՄԿ), վաւերացուած` նոյնինքն Սուրբ Աթոռին կողմէ եւ անոր ենթակայ։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

23.- Ընկերային հաղորդամիջոցներու մասին Տիեզերաժողովիս սկզբունքներն ու կանոնները որպէսզի լրիւ գործադրուին, մեր 19-րդ համարով նշուած Սուրբ Աթոռին Յանձնախումբը, Տիեզերաժողովիս յատուկ հրահանգով` հովուական ուղեցոյց մը պիտի հրատարակէ, իսկ անոր պատրաստութեան համար` պիտի դիմէ զանազան երկիրներու մասնագէտներուն աջակցութեան։

24.- Տիեզերաժողովը վստահ է թէ Եկեղեցւոյ զաւակները սրտանց պիտի ընդունին ու հաւատարմօրէն գործադրեն այս Սահմանադրութեան ներփակած սկզբունքներն ու կանոնները եւ թէ անոնք այս միջոցները օգտագործելով` վնաս պիտի չկրեն, այլ ընդհակառակն` որպէս աղ ու լոյս պիտի համեմեն երկիրը եւ լուսաւորեն աշխարհը։ Տիեզերաժողովս կը դիմէ նաեւ բոլո՛ր բարեացակամ մարդոց եւ յատուկէն անոնց` որոնց ձեռքն են այս հաղորդամիջոցները։ Եւ կը հրաւիրէ զանոնք` որ այս միջոցները գործածեն մի՛միայն ի սպաս մարդկութեան բարիքին, որուն ճակատագիրը օրէ օր կախում կ'ունենայ այդ հաղորդամիջոցներուն բարիօք գործածութենէն։ Թող այսպէս` Տիրոջ անունը փառաւորուի այս արդի գիւտերուն ընդմէջէն, ինչպէս անցեալին կատարուած էր արուեստի գլուխ գործոցներուն միջոցով, ըստ առաքեալին հետեւեալ խօսքին. «Յիսուս Քրիստոս` երէկ եւ այսօր, նո՛յն եւ յաւիտեա՛նս» (Եբ 13,8)։

Այս Սահմանադրութեան դիտարկած մէն մի եւ բոլոր կէտերը հաճոյ եղան Խորհրդաժողովին Հայրերուն։ Իսկ Մենք, Քրիստոսէ ընդունած Մեր առաքելական իշխանութեան զօրութեամբ եւ միասնաբար մեծայարգ Հայրերուն հետ, Սուրբ Հոգիով կը հաստատենք զանոնք, կը վճռենք, կը յայտարարենք եւ կը հրահանգենք, որ ինչ որ այս Խորհրդաժողովով հաստատուեցաւ` լոյս ընծայուի ի փա՛ռս Աստուծոյ։

Հռոմ, Սուրբ Պետրոսի մօտ, 4 Դեկտեմբեր 1963

Ես` ՊՕՂՈՍ
Եպիսկոպոս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ